«Ազդակ»ի Խմբագրական. Բացառե՜լ Անհասկնալի Միտումները

(Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 98-Ամեակին Առիթով)

FotorCreatedՀայաստանի Ա. Հանրապետութեան 98-ամեակը, զոր կը փորձենք լոյսին բերել, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յաջորդող տարուան կը զուգադիպի, նաեւ` մեր երկու հանրապետութիւններուն հիմնադրութեան 25-ամեակին: Երկու տարի ալ մեզ կը բաժնէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակէն:

Տարելիցի եւ յոբելենական տարեթիւերու առանցքին վրայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմակերտ հանգամանքը անպայման համազգային մակարդակի վրայ գիտական, քաղաքական եւ իրաւական միտքերու գնահատականներուն կ՛արժանանայ` իբրեւ մեր լինելութեան շարունակականութիւնը ապահոված հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենաանկիւնադարձային իրադրութիւն:

Թուականներով յատկանշուող խորհուրդներու միջեւ ագուցումներու արագ փորձը Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ընդհանուր քաղաքականութեան կասեցում կ՛ենթադրէ եւ իբրեւ այդպիսին` հայ ժողովուրդի գոյատեւման իրական երաշխիք կը հանդիսանայ, բայց նաեւ` հարիւրաւոր տարիներու պետականազուրկ վիճակէ հայ ժողովուրդը դուրս բերող եւ պետականութիւն կերտող հսկայկական խորհուրդ: Եւ այնուհետեւ` պետականաշինութենէ մինչեւ դիւանագիտական համակարգի հաստատում, անձեւ քաոսէն երկրի գոյառում, մինչեւ Զանգեզուր, մինչեւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը կազմակերպողներուն հաշուեյարդարի որոշում:

Պատմականօրէն առարկայական պիտի չըլլար, սակայն, այս բոլորին առանցքային ուժը ուղղակի անուղղակի չտեսնելը եւ իրադարձութիւններու շղթան ներկայացնել այնպէս, որ հերոսներ, պատմական դէմքեր յաջողած են համախմբել եւ կերտել Սարդարապատը, հանրապետութիւնը, փրկել Զանգեզուրը: Այս միտումը կը նկատուի ամէն անգամ, երբ հայրենիքի մէջ կը խօսուի Երեւանը չդատարկելու Արամի վճռակամութեան, Զանգեզուրը փրկած Նժդեհին, «Նեմեսիս»-ի նախապատրաստական աշխատանք ղեկավարած Թալէաթը զգետնած Թեհլիրեանի մասին:

Տուինք օրինակներուն ամենացայտունը: Դաշնակցութիւնը ի՛նք յայտարարած է, որ մայիս 28-ը համայն հայութեան սխրագործութիւնն է եւ ամենահամազգային խորհրդանիշն է մեր ժամանակակից պատմութեան: Առանց համաժողովրդային այդ ծառացումին` չէին ըլլար Սարդարապատն ու միւս ճակատամարտերը, չէր ըլլար ընդհանրապէս հանրապետութիւնը:

Սակայն միաժամանակ նաեւ կար, կաղնիացած էր որոշում տուող, համախմբող, մագնիսացնող, կամաւորներ հաւաքագրող, կառավարութիւն ղեկավարող, բանակ կերտող ուժը` Դաշնակցութիւնը, որ իր ողջ կարողականութիւնը ներդրած էր այս լինել-չլինելու գոյապայքարին մէջ:

Հայրենի լուրջ պատմագիտութիւնը չի շրջանցեր այս փաստը. խօսքը քարոզչաքաղաքական նպատակներով տարուող Նժդեհի, Արամի, եւ շատ ուրիշներու ապադաշնակցականացման անտեղի փորձերուն մասին է:

Սեւացրէքեան եւ պատմութենէն էջեր ջնջելու, լռութիւն պահելու եւ պատմութիւն նենգափոխելու ժամանակները վաղուց անցած են: Պատմագիտութիւնը փաստերու վրայ հիմնուած է, եւ որքան փաստացի, այնքան գիտական, ուրեմն նաեւ այնքան հաւաստի կը նկատուի վարկածը, տեսութիւնը:

Այս մտածումները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նախօրեակին հրապարակելը օգտակար կրնայ դառնալ: Կուսակցութեան մը քարոզչական առաւելներուն մասին չէ խօսքը: Բայց նաեւ չընդունիլը նոյն այդ կուսակցութիւնը միտումնաւոր ձեւով շուքի մէջ ձգելն ու խնամքով անուշադրութեան մատնելը: Այդ բոլորը հասկնալի էին խորհրդային տարիներուն: Հասկնալի չէին, բայց հասկնալի դարձան վերանկախացած Հայաստանի առաջին վարչակարգի օրերուն: Այսօր հասկնալի չեն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել