Ակնարկ. Բարոյական Եւ Քաղաքական Շարժառիթներ

FotorCreatedԳերմանական Պունտեսթակի բանաձեւի քուէարկութեան շարժառիթային գործօնները լոյսին բերելու փորձը կը կեդրոնանայ տարբեր հանգամանքներու վրայ:

Նախ անշուշտ այն, որ Գերմանիա պէտք էր հետեւողականութիւն ցոյց տար սկսուած գործընթացի մը եւ անպայման նկատի ունենար Պունտեսթակի նախկին քննարկումները, երկրի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնները, որոնք քաղաքական ենթահողը պատրաստած էին նման քուէարկութիւն կայացնելու:

Երկրորդ` ուշադրութիւն կը գրաւէ այն, որ բանաձեւի խորագրային բաժինը կը խօսի հայոց եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրած քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն մասին: Շուէտէն, Յունաստանէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն ետք, Գերմանիա կը դառնար չորրորդ երկիրը, որ կը ճանչնար քրիստոնեայ միւս ազգաբնակչութիւններու բնաջնջման քաղաքականութիւնը իբրեւ ցեղասպանական արարք: Այստեղ տարբեր տեղեր երեւցան նաեւ Պունտեսթակի կրած հզօր ազդեցութիւնը տարի մը առաջ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապի կատարած յայտարարութիւններուն: Պունտեսթակի մէջ կաթողիկէ երեսփոխաններու թիւը նկատառելի է, եւ անոնց դիրքորոշումը կը մեկնաբանուի նաեւ այս հանգամանքով:

Լուսարձակը կը կեդրոնացուի նաեւ ծագումով թուրք (կամ Թուրքիայէն եկած եւ գուցէ այլ ծագում ունեցող) Գերմանիոյ քաղաքացի օրէնսդիրներու աշխուժ դիրքորոշումին վրայ` այս բանաձեւին քննարկման եւ քուէարկութեան ընթացքին:

Մեկնաբանութիւնները իրաւամբ նկատի ունեցան նաեւ սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու գերմանական աւանդական փորձառութիւնը եւ Գերմանիոյ պարագային համազգային բարդոյթը ցեղասպանութիւն գործադրած ըլլալու, ներողութիւն խնդրելու եւ հատուցելու: Փաստօրէն Պունտեսթակի նախկին բանաձեւը առանց ուղղակի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը կը խօսէր ջարդերուն եւ տեղահանութիւններուն գերմանական մասնակցութեան եւ մեղսակցութեան իրականութեան մասին:

Այս բոլորը արագ նշումներ են պարզապէս, եւ բանաձեւի ազդեցութեան հզօրութիւնը եւ Անգարայի ցուցադրած ջղաձգութիւնները կ՛ընդգծեն Պունտեսթակի առած քայլին իրադրային նշանակութիւնը: Նշուած հանգամանքները, սակայն առաւելաբար հետեւողականութեան, համագերմանական բարդոյթի, Վատիկանի ազդեցութեան տակ` կրօնական ներշնչանքի կը վերաբերին: Այդ բոլորը կան. զուտ քաղաքական տրամաբանութիւնը սակայն կը յուշէ հարցը նաեւ փորձել դիտարկել Պերլին-Անգարա լարուած յարաբերութիւններուն դիտանկիւնէն` Գերմանիան` իբրեւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարող ուժ եւ Անգարան` իբրեւ Եւրոպական Միութեան հետ շանթաժի լեզուով խօսող պետութիւն: Ահա այստեղ աւելի կ՛իմաստաւորուի թայմինկի ընտրութիւնը. անցեալ տարուան Պունտեսթակի քննարկումներն ու նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին յայտարարութիւնները Թուրքիոյ ուղղուած դեղին քարտն էին: Նախազգուշացում էին Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու ընթացքը փոխելու, յատկապէս գաղթականներու հոսքը Եւրոպա ուղարկելով պիւտճէական աստղաբաշխական հաշիւներ ներկայացնելու շանթաժային քաղաքականութեան առումով:

Այլապէս, անցեալ տարի 100-ամեակի առիթով բոլոր բարոյական նշուած պատճառները կային Պունտեսթակի որոշումին, մեղսակցութիւն ընդունելուն եւ Վատիկանի կոչին ընդառաջ շարժելուն:

Կը թուի, որ քաղաքական ա՛յս շարժառիթին լաւապէս գիտակցած է Անգարան: Եւ անշուշտ պատահական չէ, որ Գերմանիոյ որոշումին առիթով Թուրքիոյ նախագահը հաւասարապէս մեղադրանքներ կը տեղացնէ թէ՛ Պերլինին եւ թէ՛ Փարիզին: Այլ խօսքով` Եւրոպական Միութիւն-Անգարա յարաբերութիւններուն եղանակ ճշդող հիմնական ուժերուն:

Գերմանիան ու Ֆրանսան ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքով ամբաստանելու գծով Թուրքիոյ նախագահին կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը բովանդակային առումով կրնայ լուրջ չընկալուիլ:

«Ո՞վ կանգնած է Ռուանտայի կոտորածներուն ետին: Սակայն այդ մասին ընդունուած չէ խօսիլ», ըսած է Էրտողան:

Մեկնաբանելով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Գերմանիոյ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած բանաձեւը` Էրտողան յայտարարած է, որ Գերմանիան, բացի Ողջակիզումէն, մեղաւոր է նաեւ Նամիպիոյ 100 հազար բնակիչի սպանութեան մէջ:

Գերմանիոյ վարչապետը` մեկնաբանելով Պունտեսթակի որոշումն ու Էրտողանի սպառնալիքները, ընդգծած էր, որ Անգարան պէտք է ընդունի եւ կիրարկէ եւրոպական չափանիշները: Այստեղ արդէն հետզհետէ աւելի պարզ կը դառնայ, որ եւրոպական չափանիշներուն մէջ կը ներառուի նաեւ պատմութեան հետ առերեսուիլը, այլ խօսքով` Ցեղասպանութիւնը ընդունիլը:

Դէպի վիզային դրութեան վերացում եւ համարկման ուղղութեամբ նկատի առնուած այլ դիւրացումներ Անգարային առջեւ կը դրուին արգելքներ այս ձեւով: Արգելակողները Պերլինն ու Փարիզն են հիմնականին մէջ, եւ չի բացառուիր, որ Փարիզը յարմար թայմինկին օրակարգի կէտի վերածէ ժխտողականութեան քրէականացման հարցը:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ որքան լարուին Եւրոպական Միութիւն-Անգարա յարաբերութիւնները, այնքան առաւելներ կ՛ապահովէ Ցեղասպանութեան համաեւրոպական ճանաչումը: Եւրոպական Միութեան ուղղուած թրքական հերթական շանթաժին դիմաց հայկական կողմը պէտք է աշխատանք տանի, որ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած Պերլինը ա՛յս հարթութեան վրայ եւս կարեւոր քայլ առնէ Պաքու-Անգարա դաշինքին ուղղութեամբ, այս անգամ առերեսուելով ոչ թէ սեփական պատմութեան հետ, այլ ժամանակակից ռազմաքաղաքական գործընթացներու, որոնց կարգաւորման համար ընդհանուր միջնորդական պատասխանատուութիւն ստանձնած է:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել