Գերմանիոյ Խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող բանաձև

Հաղորդագրութիւն

FotorCreated02.06.2016-ին Գերմանիոյ Խորհրդարանը 1 դէմ, 1 ձեռնպահ և 629 ձայնով ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող բանաձեւ:

Թուրքիոյ կողմէ բանեցուած բազմապիսի ճնշումներն ու սպառնալիքները՝ ըլլան անոնք դիւանագիտական, քարոզչական թէ հասարակական բնոյթի, չկարողացան ձախողեցնել բանաձևի ընդունումը:

Բանաձևը կը կրէ հետեւեալ խորգիրը՝
Յիշողութիւն և նշում 1915 – 1916 տարիներուն հայոց և այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան,

և կը բաղկանայ հետեւեալ երեք բաժիններէ՝

1-Հաստատումներ
2-Կոչ՝ Գերմանիոյ կարավարութեան ուղղուած
3-Հիմնաւորումներ

1- Հաստատումներու բաժնին մէջ տեղ գտած կարեւորագոյն կէտերն են՝
Ծրագրուած տարագրութիւն և բնաջնջում մէկ միլիոնէ աւելի բնիկ հայերու, որոնց ճակատագիրը կը մնայ որպէս օրինակելի ցեղասպանութիւն:

Խորհրդարանը ցաւով կը հաստատէ կայսերական Գերմանիոյ վատահամբաւ դերը՝ որպէս զինուորական գլխաւոր դաշնակից Օսմանական կայսրութեան, որ քաջ իմանալով հանդերձ կազմակերպուած տարագրութիւններու և բնաջնջման մասին՝ չփորձեց կասեցնել մարդկութեան դէմ այդ ոճիռը: Գերմանական կայսրութիւնը յանցակից է:

Խորհրդարանը կը գիտակցի Գերմանիոյ պատմական իւրայատուկ պատասխանատուութեան. այդ կարգին նաև թուրքերուն և հայերուն խթան հանդիսանալ՝ հաշտութեան և հասկացողութեան եզրեր որոնելու նպատակով:
Պարտք կը դրուի Գերմանիոյ դպրոցական, համալսարանական և քաղաքական կրթութեան համակարգին վրայ, հայերու տարագրութիւնն ու բնաջնջումը դասագրքերուն մէջ որպէս նիւթ ներառելու:

Խորհրդարանը կը քաջալերէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը 1915-ի հայոց տարագրութիւններու և ջարդերու նշումն ու հրապարակային քննարկումը յատուկ ուշադրութեան առառկայ դարձնելու:

2-Խորհրդարանը կոչ կ՚ուղղէ Գերմանիոյ կառավարութեան, որ՝
– Հայերու տարագրութիւնն ու բնաջնջումը ինչպէս նաև կայսերական Գերմանիոյ դերը՝ 2015-ի Ապրիլ 24ին խորհրդարանի մէջ կատարուած քննարկումներու ոգիով, հրապարակային քննարկման նիւթ դարձնէ, միաժամանակ խթանելով թրքական կողմին իր պատմութիւնը անկաշկանդ կերպով հրապարակային քննարկման և վերամշակման առարկայ դարձնէ, այդպիսով հայ ժողովուրդին հետ հաշտեցման գործընթացին հիմնաքարը դնելով:
– Ազդու կերպով խթանէ Թուրքիա-Հայաստան հաշտութեան և հայ-թրքական յարաբերութիւններու ուշացած բարելաւման, պատմական եղելութիւններու վերագնահատումը նկատելով որպէս առաջին քայլ:
– Նախաձեռնէ 2009 թուականի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացին՝ Հայաստանի և Թուրքիոյ կառավարութիւններուն կողմէ:

3- Հիմնաւորումներու բաժնին մէջ, կը նշուի թէ բազմաթիւ անկախ պատմագէտներ, խորհրդարաններ և միջազգային կազմակերպութիւններ հայոց տարագրութիւններն ու բնաջնջումը կը կոչեն ցեղասպանութիւն. անոր նշումը, կրօնքի և լեզուի կողքին հայ ժողովուրդի ինքնութեան մէջ կեդրոնական նշանակութիւն ունի:

Թուրքիան մինչև օրս կը հերքէ կանխամտածուածութեան մը գոյութիւնը, հակառակ փաստերու գոյութեան:
Հայերու և Թուրքերու միջև հաշտութիւնը հնարաւոր է միայն այն պարագային երբ 100 տարի առաջ պատահածները հիմնովին պարզաբանուին և գոյութիւն ունեցող փաստերը չհերքուին: Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիոյ մէջ նման քննարկում տեղի ունենայ ազատ և անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ:

Վերջապէս կը շեշտուի թէ Գերմանական Արտգործնախարարութեան Արխիւները նաև կը փաստագրեն տարագրութիւններու և ջարդերու ծրագրուած բնոյթը և որ Հայաստանն ու Թուրքիան իրենց կարգին ստացած են այդ փաստաթուղթերու պատճէնները:

Բանաձևին մէջ ակնարկուած է, որ 2015-ին հանրապետութեան նախագահ՝ Եօախիմ Կաուքը և կուսակցութիւններու խօսնակներն դատապարտած են Ցեղասպանութիւնը. Սակայն, բանաձևը էութեամբ հաշտարար և հաւասարակշրուած ոգիով պատրաստուած է:

Բանաձևին մէջ ակնբախօրէն բացակայ է Հայ ժողովուրդի ուղղուած ներողութեան միանշանակ արտայայտութիւն: Հակառակ ասոր՝ պէտք է կարեւորել բանաձևի քաղաքական տարողութիւնը, իսկ համեմատած 2005 թուականին որդեգրուած բանաձևին հետ, ան շատ աւելի ուժական է և յստակ: Ցեղասպանութիւն յղացքը բանաձևի խորագրին էութիւնը կը մարմնաւորէ, իսկ այլ բաժիններու մէջ՝ ան թէև ներիմաստօրէն (implicitly), բայց տրամաբանօրէն միանշանակ կերպով պարզաբանուած է:

Անդօ Ազնաւուրեան
Գերմանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
03.06.2016

Տպել Տպել