ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Ժողովը Կարեւորեց Համայնքը Համախմբելու Աշխատանքները

logoՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Անցեալ Հինգշաբթի, 16 Յունիսին սկաւ եւ Կիրակի, 19 Յունիսի ուշ գիշերին իր աշխատաքները աւարտեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութեան 51րդ Շրջանային Ժողովը:

95 պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալ ընկերներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի (ԿԿ) երկամեայ գործունէութեան, գնահատելով յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ու 101ամեակին Կեդրոնական Կոմիտէի կարեւոր դերակատարութիւնը՝ համայնքի ուժերու համախմբան եւ աշխատանքներու համակարգումին մէջ, շարքերու երիտասարդացման եւ ընդհանրապէս երիտասարդական եւ պատանեկան կառոյցներուն աշխուժացման ուղղութեամբ տարուած ջանքերը, Հայ Դատի գործունէութեան դաշտի ընդարձակումը, Արցախի դէմ սպառնացող վտանգի լոյսին տակ ձեռք առնուած քայլերը, Սուրիահայութեան օժանդակութեան համար կատարուած նախաձեռնութիւնները:

Ժողովը ապա լայնօրէն քննարկեց յառաջիկայ երկամեայի իր աշխատանքային ծրագիրները, որոնց առանցքը պիտի կազմէ համայնքի համախմբան աշխատանքներու շարունակութիւնը, յանձնառու եւ գաղափարական երիտասարդական շարքերու պատրաստութիւնը, Հայաստանին, Արցախին ու Ջավախքին նեցուկ կանգնելու նախաձեռնութիւնները:

Ժողովի վերջին օրակարգով ընտրուեցաւ Կեդրոնական Կոմիտէութեան ղեկավար նոր կազմը՝ Կեդրոնական Կոմիտէն, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն՝ իրաւաբան Վաչէ Թովմասեան, Գոգօ Թօփալեան, Աւետիք Իզմիրլեան, Կարօ Իսփէնճեան, Մարտիկ Կապուտեան, իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, Ռազմիկ Հարուն, իրաւաբան Գասպար Ճիվէլէկեան, Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Այտա Տիմէճեան, տոքթ. Քարմէն Օհանեան:

asbarez.com

Տպել Տպել