Յանուն (Ընկերային) Արդարութեան Ֆրանսիս Ա.ի Պատգամը

FotorCreatedՀռոմի քահանայապետներէն Ֆրանսիս Ա. ամէնէն յանդուգնն է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրապարակային ձեւով դատապարտելու եւ անոր յիշողութեան կարեւորութիւնը շեշտադրելու իմաստով: Թէկուզ եւ վարկածային կարգով կատարուած այս հաստատումը ժխտելի է միայն, եթէ գիտա-ուսումնասիրական վերլուծում մը գայ ցոյց տալու, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերջին հարիւրամեակի միջազգային դիւանագիտական աշխուժացման ծիրին մէջ, Պետրոս առաքեալի գահին նստած եպիսկոպոսապետնէրէն ոեւէ մէկը աւելի յանձնառու եղած է Միջին Արեւելքի, քրիստոնէութեան ծննդավայրի, իրենց կրօնակից հալածեալ ժողովուրդներու տառապանքը ի լուր աշխարհին լսելի դարձնելու նախանձախնդրութեան մէջ: Մեծ Եղեռնի հարիւրերորդ տարելիցին առիթով Վատիկանի մէջ մէկուկէս միլիոն նահատակաց պատմական պատարագին ու հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին Ֆրանսիս Ա.ի քարոզը յստակօրէն կապ հաստատեց հարիւրամեակ մը առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մերօրեայ աննախանձելի իրավիճակին միջեւ: Մինչ այդ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իսլամականներու բարբարոսութիւնները «ցեղասպանութիւն» որակող ձայները շատ սակաւաթիւ էին. պապին յայտարարութենէն ետք, թէեւ ոչ այնպայմանօրէն միայն անոր հետեւանքով, անցնող տարիներուն ընթացքին նման որակաւորում լսուեցաւ բազմաթիւ պետական, միջպետական եւ նոյնիսկ ՄԱԿի բեմահարթակներէն:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Հայութեան հետ պապի յարաբերութեան պատմականը հաւանաբար ծանօթ է այլեւս: Սկսաւ, երբ ան Պուէնոս Այրեսի Մարիօ Պերկոկլիօ կարտինալն էր եւ որպէս այդպիսին սերտ կապեր հաստատեց Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանին հետ: Պուէնոս Այրեսի Կաթողիկէ Մայր տաճարին մէջն էր որ ան հոգեհանգստեան պատարագ կատարեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս սովորութիւն էր արդէն ւսկ իր պաշտօնի գալէն առաջ, ամէն Ապրիլ 24ին: Մարտ 13, 2013ին, Հռոմի պապ ընտրուելէն եւ Ֆրանսիս Ա. կոչուելէն անմիջապէս ետք, հայ մամլոյ գրեթէ բոլոր գործակալութիւնները հարց տուին, թէ որքանով ան հաւատարիմ պիտի մնար իր յանձնառութեան: Քիչ չեղան անոնք, որոնք մտաբերելով բոլոր պետական կարեւոր անձնաւորութիւններուն վարքագիծը, զգոյշ էին մեծ ակնկալիքներ ունենալէ, որքան ալ Հռոմի քահանայապետը յարաբերաբար նուազ կաշկանդուած ըլլար նոյնիսկ աշխարհի հզօրագոյն պետութեան ղեկավարէն եւ, գէթ ենթադրաբար, աւելի կառչած սկզբունքային արժեչափերու: Միայն իրեն կեանքին, կենսաոճին ու գործին քաջածանօթները ունէին այն խոր համոզումը, որ Ֆրանսիս Ա. ոչ միայն Մարիօ Պերկոկլիոյի յանձնառութեան հաւատարիմ պիտի մնար, այլ այդ յաձնառութեան պիտի տար նոր, միջազգային մասշտապ:

Եւ իրաւմամբ, անցնող երեք տարիներուն, Ֆրանսիս Ա. եկաւ ցոյց տալու, որ պատմութեան պիտի անցնի ոչ միայն որպէս Լատինական Ամերիկայէն ընտրուած առաջին քահանայապետը, այլ՝ որպէս յեղափոխական պապը: Անոնք, որոնք վստահ էին, որ Պուէնոս Այրեսէն Հռոմ ան նոյն ուժգնութեամբ պիտի արտայայտուէր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, իրենց համոզումը չէին հիմնաւորեր արժանթինահայ համայնքին հետ իր ունեցած սերտ յարաբերութիւններով: Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու դատին Ֆրանսիս Ա.ի յանձնառութիւնը պէտք է հասկնալ իր դաւանած ժողովուրդի ազատագրութեան աստուածաբանութեան շատ աւելի լայն ու աշխոյժ յանձնառութեան ծիրին մէջ: Իր այնքան սպասուած՝ Հայաստան առաջին այցելութեան առիթով լաւ կ՛ըլլայ մէջբերել եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հաւատարիմ Ֆրանսիս Ա.ի հրապարակային բազմաթիւ ելոյթներէն քանի մը օրինակ, որպէսզի յստակ դառնայ հայ ժողովուրդին եւ անոր դատին հանդէպ պապին յանձնառութեան համամարդկային տարողութիւնը:

Արժանթինցի աստուածաբան Emilce Cuda իր նոր հրատարակած «Para leer a Francisco» («Ֆրանսիսը Հասկնալու Համար») ուսումնասիրութեան մէջ կը հաստատէ, թէ պապին աշխարհահայեացքը արմատացած է Լատինական Ամերիկայի յատուկ աստուածաբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ քաղաքականութեան մէջ, ուրկէ եւ կը ծնի իր դաւանած «ժողովուրդ»ի հասկացողութիւնը ե՛ւ որպէս ընկերաքաղաքական հաւաքականութիւն, ե՛ւ որպէս աստուածաբանական իմաստով՝ Աստծոյ ժողովուրդ: «Ժողովուրդ»ը Ֆրանսիսի համար առնչակից է «աշխատաւոր»ին եւ անոր ազատագրութեան պատմական պայքարին: Այս աշխարհահայեացքը շատ աւելի արմատականօրէն բանաձեւուած է 1960ական թուականներուն Երրորդ աշխարհի տարածքին ծնունդ առած յեղափոխական շարժումներուն համահունչ Ազատագրութեան աստուածաբանութեան, որուն դէմ պայքարեցաւ Հռոմի պապերէն թերեւս ամէնէն պահպանողականը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.: Ֆրանսիս Ա. պապը երբեք այնքան արմատական չէ եղած, ինչպէս եղան Արժանթինէն մինչեւ Չիլի, Պրազիլ, Նիքարակուա եւ Էլ Սալվատոր ապստամբներուն հետ զէնք վերցուցած Երրորդ աշխարհի հոգեւորականներ, անունով ծանօթ կաթողիկէ վարդապետներ, ո-րոնցմէ շատեր մարտիրոսացան այդ պայքարներուն ժամանակ: Բայց Ֆրանսիս Ա.ի դաւանած «Ժողովրդային աստուածաբանութիւն»ը նուազ հաստատակամ չէ շահագործումի դէմ ձայն բարձրացնելու եւ ընկերային արդարութիւն պահանջելու իր յանձնառութեան մէջ եւ ամէնուրեք կը հնչէ՝ ի խնդիր իրաւազրկուածներու կեանքի բարօրութեան երաշխաւորման:

Դեռեւս 1998ին, Քուպա այցելութեան իր նախօրեակին, Պերկոկլիօ գրաւոր կը հաստատէր. «Ոչ ոք կրնայ լաւ քրիստոնեայ ըլլալ եւ ընդունիլ նէօլիպերալիզմը»: Դրամատիրական համակարգը, այլ առիթով մը արտայայտուած է ան, ի գին ամէն ինչի, շահի տրամաբանութիւն մըն է. «Այս համակարգը անտանելի է գիւղացիներուն, աշխատաւորներուն, ժողովուրդներուն համար»: Նոյնիսկ որպէս Պուէնոս Այրեսի կարտինալ, Պերկոկլիօ օրինակելի կերպով համեստ եղած է: Կարելի էր իրեն հանդիպիլ ամէն օր ժողովրդային փոխադրամիջոցներուն մէջ, որովհետեւ կը մերժէր վարորդ ունեցող ինքնաշարժով մը տեղափոխուիլ: Ժողովուրդին հետ հաղորդուիլը կեանքի ձեւ եւ իմաստ է անոր համար, եւ որպէս այդպիսին կը խօսէր մասնաւորաբար ամէնէն համեստ դասակարգին հետ, որուն կը վստահէր ոչ պակաս, քան մարդկութեան ապագան: Ֆրանսիս Ա.ի համար ազատ շուկայական տեսութիւնները, որոնք կը վերաբերին ստեղծուելիք հարստութեան «յորդում»ին, պարզապէս անհեթեթ են: Անհրաժեշտ է պայքարիլ, «առանց վախի ըսել՝ փոփոխութիւն կ՛ուզենք, իսկական փոփոխութիւն, համակարգի՛ փոփոխութիւն»:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել