Հաղորդագրութիւն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի 78-րդ շրջանային ժողովի

logoՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 78-րդ Շրջանային Ժողովը կայացաւ Փարիզի մէջ 10-11-12 Յունիս 2016-ին: Արեւմտեան Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ եւ Ֆրանսայի շրջաններէն ժամանած պատգամաւորներու մասնակցութեամբ ժողովը քննարկեց Եւրոպայի մակարդակին, ինչպէս նաեւ ներկազմակերպական աշխատանքներու գծով կուսակցութեան որդեգրելիք ռազմավարութեան հետ առնչուող հիմնական հարցեր: Պատգամաւորները ի մասնաւորի քննարկեցին Եւրոպայի երկիրներու քաղաքական իրավիճակը, Հ.Յ.Դ.-ի յարաբերութիւնները զանազան կուսակցութիւններու հետ, Հայաստանի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական իրավիճակը` նկատի ունենալով Հ.Յ.Դ.-ի մասնակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հայ համայնքներու կազմակերպումը, եւ ի մասնաւորի երիտասարդութեան դերը: Շրջանային Ժողովը քննարկեց թէ՛ հայ ժողովուրդի կենսական շահերուն եւ թէ՛ Եւրոպայի դէմ ուղղուած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը: Ժողովը միաժամանակ շեշտը դրաւ կուսակցութեան կառոյցներու եւ աշխատելաոճի արդիականացման, ինչպէս նաեւ հանդիպումներու եւ նախագիծերու մշակման ճամբով` համայնքի անդամներուն հետ Հ.Յ.Դ.-ի կապերու ամրապնդման վրայ:

Այս վերլուծումներու լոյսին տակ, Շրջանային Ժողովը կուսակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի կառոյցներուն պարտականութիւն տուաւ շարունակելու զօրակցական աշխատանքները յօգուտ Ղարաբաղի ժողովուրդին ու բանակին, Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման, սուրիահայութեան օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ շարունակելու Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան ու մենաշնորհի դէմ պայքարը, հետեւելով Հ.Յ.Դ.-ի առաջարկած բարենորոգումներու ծրագրին: Ան միաժամանակ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Ջաւախքին ու ջաւախքհայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ Եւրոմիութիւն մուտքի բանակցութիւններու շարունակութեան` այնքան ատեն որ ան չի յարգեր փոքրամասնութիններու իրաւունքները, այնքան ատեն որ ան չի ճանչնար ու չի փոխհատուցեր հայ ժողովուրդի դէմ իր գործադրած ցեղասպանութեան ոճիրը, ու չի դադրեցներ հարեւան երկիրներու դէմ իր թշնամական քաղաքականութիւնը:

Շրջանային Ժողովը ի մասնաւորի վերլուծեց եւ որոշումներ կայացուց` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Ֆրանսայի յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով Ֆրանսայի դիրքորոշումին, իշխանութիւններու հետ Հ.Յ.Դ.-ի յարաբերութեանց, Թուրք պետութեան ուրացման քաղաքականութեան եւ Ֆրանսայի կողմէ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման (ինչպէս յանձնառու եղած էր հանրապետութեան նախագահը), Ֆրանսայի յառաջիկայ եւ ի մասնաւորի նախագահական ընտրութիւններուն գծով: Նկատի ունենալով Եւոպայի մէջ հետզհետէ շօշափելի դարձող թուրքեւազերիական յարձակողական քաղաքականութեան առկայութիւնը, Ժողովը կարեւորեց հայկական բոլոր ուժերու ռազմավարական համախմբումը, որ միակ միջոցն է Անգարայի եւ Բաքուի կողմէ յայտարարուած պատերազմը յաղթահարելու:

Շրջանային Ժողովը ընտրեց Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի յառաջիկայ երկու տարիներու նոր կազմը, որուն անդամներն են` Թալին Թաշճեան-Ցուգունեան, Մուրատ Արսլանեան, Տիգրան Շահմիրեան, Միքաէլ Ղազարեան, Յովսէփ Տէր Գէորգեան, Ժորժ Իսասեան, Վարդան Գաբրիէլեան, Շարլ Փափազեան, Հրաչ Վարժապետեան:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Տպել Տպել