Ակնարկ. Եւրոպական Միութեան Առջեւ Ծառացող Սուր Մարտահրաւէրները

FotorCreatedՄեծն Բրիտանիոյ մէջ կայացած հանրաքուէի արդիւնքները մէկ կողմէ ցնցիչ են հետագայ իրադարձութիւններու եւ հետեւանքներու տարբեր վարկածներու առաջ քշումով, միւս կողմէ բոլորովին յանկարծակիութեան գործօնով չեն մեկնաբանուիր, շեշտելու համար Մեծն Բրիտանիոյ արդէն իսկ տարիներու վրայ երկարող վերապահութիւնը` համաեւրոպական համաձայնութիւններու եւ կառոյցներու մաս կազմելու առումով:

Մեծն Բրիտանիան այսպիսով, որ արդէն մաս չէր կազմեր Եւրոյի գօտիին եւ շենկենեան համաձայնութեան, դուրս կու գայ նաեւ Եւրոպական Միութենէն: Չմոռնանք սակայն, որ Մեծն Բրիտանիան ի՛նք եւս տնտեսական-քաղաքական միաւոր է, որուն անդամ երկիրները, իրենց հերթին կրնան մտածել նոր հանրաքուէներու մասին` մնալու Մեծն Բրիտանիոյ տնտեսաքաղաքական միաւոր ընդհանուր պետութեան մէ՞ջ, թէ ՞ դուրս գալու միացեալ թագաւորութենէն, իրենց հերթին վերաքննարկելու համար, թէ Եւրոպական Միութեան վերամիացման առաջադրանքը որքանո՞վ կը համապատասխանէ իրենց երկրի քաղաքացիներուն կամքին: Ի վերջոյ համաբրիտանական հանրաքուէի մասնակցութեան համեմատութիւնը բաւական բարձր էր` աւելի քան 70 առ հարիւր եւ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու քուէներու տոկոսը կ՛անդրանցնէր 52 առ հարիւրը:

Խնդիրը անշուշտ միայն Բրիտանիոյ այս դիրքորոշումով չ՛աւարտիր: Եւրոպական Միութիւնը բաղկացնող պետութիւններուն ներկայացուցիչները ամբողջ կառոյցի վերաքննարկման անհրաժեշտութեան առջեւ են, ինչպէս նաեւ` գլխաւոր ուժի մը դուրս գալուն հետեւանքով ստեղծուած կացութեան վերահաշուարկումներով համաեւրոպական քաղաքականութիւնն ու համապատասխան կառոյցները վերակարգելու խիստ հրամայականին:

Արագ մտածումները կը կեդրոնանան այն ուղղութիւններուն վրայ, որոնց դիտարկումը ընդգծել կու տայ ,որ Յունաստանի նման տնտեսական խոր ճգնաժամ ապրող երկիրներուն նկատմամբ կը շարունակուի Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ պահելու քաղաքականութիւնը, մինչ եւրոպական գերուժ պետութիւնը ինքնակամ դուրս կու գայ Եւրոպական Միութենէն:

Բրիտանիան երկար ատենէ ի վեր քաղաքականօրէն կը դիտարկուէր նաեւ Միացեալ Նահանգներու նահանգը Եւրոպայի մէջ: Յատկապէս միջինարեւելեան պատերազմներուն ընթացքին Լոնտոնը ոչ միայն կը վերարտասանէր Ուաշինկթընէն կատարուած յայտարարութիւնները, այլ երբեմն նաեւ անկէ առաջ կը հնչեցնէր այն, ինչ որ Ուաշինկթընը պիտի ուզէր հրապարակել: Աշխարհի բազմաբեւեռայնացման գործընթացին մէջ Եւրոպական Միութիւնը սկսեր էր ներկայութիւն փաստել, եւ Եւրոպական Միութիւնը հետեւող դարձնելու աշխատանքին մէջ Լոնտոնը կարեւոր դեր ունէր կատարելիք թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ քաղաքական` ամերիկեան ծրագիրներու իրականացման ընթացքին մէջ: Եւ եթէ մէկ կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ դուրս գալը Եւրոպական Միութենէն Ուաշինկթընը կը զրկէ Եւրոպական Միութեան մէջ հզօր գործօն ունենալու կարելիութենէն, միւս կողմէ սակայն ամբողջ Եւրոպական Միութեան հաւանական կազմաքանդումին մասին վարկածներ առաջ կը քշէ:

Կանխատեսական այս վերլուծումները կրնան շարունակուիլ եւ տարբեր հաւանականութիւններու դիմագրաւման մասին տեսանելի բեմագրութիւններ պարզել իրադարձութիւններու հետեւողներուն առջեւ:

Փորձ կատարենք համաշխարհային այս գործընթացը նաեւ հայկական ոսպնեակով դիտարկելու: Տեղ մը նկատելու համար, որ համաեւրոպական ճգնաժամի մասին է խօսքը առաւելաբար, որ թէ՛ տնտեսական է, թէ՛ ապահովական, թէ՛ գաղթականական եւ մարդասիրական: Այս ճգնաժամերու կուտակումը կը վերաշեշտէ մէկ գերտէրութեան, հետեւաբար մէկ բեւեռի կայացումը, որ եթէ ոչ ուղղակի, այլ անուղղակի բազմաթիւ ձեւերով կ՛առաջադրէ այս ճգնաժամերուն ահագնացումը:

Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման փորձերը սկսած են հարուածել եւրոպական ցամաքամասը, հետզհետէ սուր ձեւերով: Վերջին ճգնաժամի ալիքը մարդկային աղէտն էր, որ յատկանշուեցաւ գաղթականական ալիքներու աննախադէպ մակընթացութիւններով: Այդ ալիքներէն առաջ եւ անոնց առընթեր Եւրոպայի կեդրոնները կը հարուածուէին ահաբեկչական նոյնպէս աննախընթաց դրսեւորումներով: Ժողովրդագրականէն մինչեւ տնտեսական, ապահովականէն մինչեւ մարդկային համաեւրոպական ճգնաժամերու աղէտային այս կուտակումները Եւրոպական Միութեան վերաձեւաւորման բազմաթիւ հրամայականներ կը յուշէին:

Մեծն Բրիտանիոյ հեռացումը Եւրոպական Միութենէն այս բոլորին դիմաց առաջին հայեացքով նման բեռնաւորուածութենէն փախուստ տալ է եւ հեռանալ է կուտակուող ճգնաժամերը դիմակայելու իրականութենէն: Չէ բացառուած սակայն, որ Եւրոպական Միութեան ըստ էութեան կազմաքանդումի գործընթացի մը մեկնարկն է, որ կը տրուի այս ձեւով:

Համաեւրոպական կառոյցներու ղեկավարները վերահաշուարկներու ընթացքին պէտք է նկատի ունենան նաեւ, թէ ո՞ր երկիրներն էին գաղթականներու հսկայական ալիքներու յառաջացման նպաստողները, տարանցիկ ճանապարհ տրամադրողները. Ո՞ր կեդրոններէն անցած էին եւ աջակցութիւն ստացած եւրոպական քաղաքներու մէջ ահաբեկչական արարքներ իրականացնողները:

Ճիշդ է, որ Բրիտանիան յատկապէս Գերմանիոյ եւ նաեւ Ֆրանսայի նման Եւրոպական Միութեան ընդհանուր կառավարման մէջ ազդեցիկ գործօններ բանեցնելու եւ որոշման գործընթացներու ղեկը իր բացարձակ վերահսկողութեան տակ պահելու առաջնային խնդիր չունէր: Իր դուրս գալը սակայն միեւնոյն երկրորդական դերը կրնայ չունենալ: Բայց հարցը երկսայրի է եւ տեղ մը կրնայ վերաբերիլ ուղղակի Մեծն Բրիտանիոյ կազմաքանդումին: Յատկապէս իրլանտական եւ սկովտիական կողմերէն կը փչեն Մեծն Բրիտանիայէն դուրս գալու հովեր:

Եւրոպան կ՛ապրի ժողովրդագրական, տնտեսական, ապահովական, գաղթականական եւ առ այդ մարդկային լուրջ ճգնաժամեր: Այդ բոլորի պատճառահետեւանքային երեւոյթներու խոր ուսումնասիրութեան եւ լուրջ վերահաշուարկներուն անհրաժեշտութեան առջեւ են եւրոպական արժէքներու պահապանները:

Ընդհանուր այս ուղղուածութեան մէջ հայկական դիտակէտը իր տեսադաշտին մէջ սուր կերպով պէտք է նկատէ Եւրոպական Միութիւն – Անգարա լարուած յարաբերութիւնները եւ Եւրոպական Միութիւն Երեւան նոր ձեւաչափով համաձայնագիր կնքելու ուղղութեամբ տարուող նախապատրաստական աշխատանքները:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել