Մարիա Զախարովա (Օրինակի Համար) Եւ Հայաստանի Ազգային Ապահովութիւնը

FotorCreatedԱնցեալ շաբթուան մեր սիւնակին խորագիրն էր «Սխալ է հակաթուրք, կամ հակաազերի մտածողութիւնը»: Փորձ կատարուած էր բացատրելու հարցը ըստ էութեան, միաժամանակ ընդգծելով Հայաստանակեդրոն եւ Հայակեդրոն մտածողութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ընկերային ցանցերուն վրայ, յարգելի ընթերցող մը մեր նկատողութեան յանձնեց, որ այդ յօդուածին մէջ կը բացակայի Հայաստանի ազգային ապահովութեան գաղափարը: Անկախ այն իրողութենէն, որ մեր նշեալ յօդուածին ամբողջ ներքին տրամաբանութիւնը կառուցուած էր Հայաստանի ազգային ապահովութեան գաղափարին վրայ, եւ ակնարկելով Հայաստանեդրոն եւ Հայակեդրոն մօտեցումին, նշած էինք հետեւեալը. «Այս տրամաբանութիւնն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել մեր երկրի ու ժողովուրդին ազգային ապահովութիւնը: Այս տրամաբանութեան վրայ յենած քաղաքական մտածողութիւնն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել Հայաստանի ու հայութեան ապագայ բարգաւաճումը»:

Վաչե Բրուտեան

Վաչե Բրուտեան

Այս ըսելով, յստակացուցած կ՛ըլլանք, թէ մեր ազգային ապահովութիւնը կարմիր գիծ է (կամ պէտք է ըլլայ), մտածողութեան խարիսխ է (կամ պէտք է ըլլայ) հայկական ճամբարէն ներս գործող որեւէ միաւորի համար:

Իսկ ի՞նչ ըսել կ՛ուզենք «հայկական ճամբարէն ներս գործող որեւէ միաւոր» ըսելով:

Առաջին հերթին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ վարչամեքենայ, իր համապատասխան կառոյցներով: Այսինքն, գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններ, բանակ եւ պաշտպանութեան համապատասխան մարմիններ: Մէկ խօսքով, այս վարչական մեծ կառոյցը:

Երկրորդ, այն իշխանութիւնը, որ կը կառավարէ այս մեծ մեքենան: Այսինքն կառավարութիւնը, գործադիր իշխանութիւնը:

Երրորդ, երկրէն ներս թէ Սփիւռքի մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւնները եւ քաղաքացիական հոսանքները:

Չորրորդ, մամուլը (իր տպագիր, սփռուող եւ ելեկտրոնիկ տարբերակներով), ընկերային ցանցերը եւ մտաւորականութիւնը:

Վերջապէս հինգերորդ, այլ կառոյցներ՝ կրօնական, գիտական, մարզական, մշակութային ու ընկերային:

Նախապէս անդրադարձած էինք հայկական ներքին ճակատը ամուր պահելու անհրաժեշտութեան: Ներքին ճակատի ամրութիւնը ունի բազմաթիւ բաղադրամասեր՝ քաղաքական, մշակութային, ընկերային-տնտեսական (առողջ համակարգի իմաստով), եւ այլն: Ըստ մեզի, այս ներքին ճակատը ամուր պահելու պարտականութիւնը կ՛իյնայ վերոնշեալ բոլոր միաւորներուն ուսերուն, անխտիր:

Ոչ ոք ունի իրաւունքը ըսելու, որ «Հայաստանի ու հայութեան ազգային ապահովութիւնը կառավարութեան գործն է, թող անիկա զբաղի»: Ճիշդ է, որ իշխանութիւններուն հիմնական պարտականութիւնն է այս մէկը, սակայն «մնացեալ» բոլորն ալ պարտաւոր են գործելու նոյն առաջնահերթութեամբ:

Այս առաջնահերթութեան կապակցութեամբ, մեզի համար շատ ալ կարեւոր չէ, թէ եւրոպական կառոյցները, ամերիկեան Պետական բաժանմունքը, կամ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ի՞նչ կը մտածեն, համամի՞տ են, թէ ոչ:

Զախարովան յիշեցինք, որովհետեւ քանի մը շաբաթ առաջ, երբ Գարեգին Նժդեհի արձանը պաշտօնական շուքով տեղադրուեցաւ Երեւանի մէջ, ան բացայայտ դժգոհութեամբ «անհասկնալի» նկատած էր հայկական կողմի այս քայլը, այն պատճառաբանութեամբ, որ Նժդեհ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն, գործակցած էր Նացի Գերմանիոյ հետ:

Դասախօսութիւն տալ չըլլայ «ամմա», Զախարովային (ու իր նման մտածողներուն) յիշեցնենք, որ Գարեգին Նժդեհի, Դրոյի ու իրենց համախոհ ու գաղափարակիցներուն համար, առաջնահերթութիւնը նոյնն էր այդ օրերուն եւս՝ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ապահովութիւնը, մանաւանդ պատերազմի այդ թոհուբոհին մէջ, ուր «շունը տէրը չէր ճանչնար»:

Հայաստան միշտ գտնուած է միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ ու միշտ ալ եղած է օտար ուժերու հետաքրքրութեան առարկայ (չըլլար բարով…): Այսօր, Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ՝ նոր փուլ թեւակոխած ռազմաքաղաքական հակամարտութեան մէջ, մեր երկիրը եւս հետաքրքրութեան առարկայ է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս էր Պարթեւաստանի ու Հռոմի հակամարտութեան օրերուն, 1500-2000 տարի առաջ:

Այս օտար ուժերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր հեղինակութեան ու ազդեցութեան գօտիէն ներս պահել մեզ: Կողմերը կը փորձեն երբեմն տնտեսական ներդրումները իբրեւ լծակ գործածել ու մեր վրայ ճնշել: Անոնք կը փորձեն ազդել մեր օրէնսդրական գործընթացներուն վրայ: Անոնք կը փորձեն տեղական համախոհներ փնտռել ու գտնել (դրամը ամենազօր է…) ու անոնց միջոցով իրենց ազդեցութեան ու մտածողութեան ծիրը ուժեղացնել երկրէն ներս: Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած տագնապալի կացութեան օրերուն (աւելի քան 2 տարի առաջ), պետական քարտուղարի օգնական Վիքթորիա Նիւլընտ բացայայտօրէն յայտարարեց, թէ ամերիկեան իշխանութիւնները վերջին տասնամեակին Ուքրանիոյ մէջ ծախսած են 5 միլիառ տոլար, որպէսզի այդ երկրէն ներս «քաջալերեն արեւմտամէտ ու եւրոպամէտ ձգտումները»:

Հետեւաբար, այս բոլոր ուժերուն նկատմամբ մեր վերաբերումը պիտի բխի միայն ու միայն մէկ նկատառումէ, որ միմիայն մէկ բան է՝ դարձեալ ու դարձեալ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ապահովութիւնը: Մենք հակադրուելու ոչ մէկ պատճառ ունինք կողմերէն որեւէ մէկուն հետ, պայմանով որ յարգուին մեր ազգային ապահովութիւնը եւ գերիշխանութիւնը:

Պիտի կարենա՞նք այս դժուարին առաքելութեան մէջ: Անկասկա՛ծ, եթէ յաջողինք ամուր պահել, անթափանց պարիսպի վերածել մեր ներքին ճակատը: Անցնող Ապրիլին, հարուածը եկաւ արտաքին ճակատէն, բառացիօրէն: Յաջորդ հարուածը կրնայ ուրիշ տեղէ գալ:

Յիշելով ՀՄԸՄական ընկերներս՝ հո՛ս է որ կ՛իմաստաւորուի հայ սկաուտին նշանաբանը՝ «Միշտ պատրաստ»:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել