Հայ Դատի յանձնախումբի հանդիպումը Պելճիքայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանին հետ

FotorCreatedՊրիւքսել, 27 յունիս, 2016.- ՀՅԴ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը բաղկացած ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեանէ, ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Լիաննա Մարգարեանէ եւ քարտուղար Աշխէն Ֆիքսովայէ, այցելեց Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան պարոն Րիւտիկեր Լիւտեքինկի հետ:

Այցի հիմնական նպատակն էր Պունտեսթակի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման առիթով՝ գնահատանքի խօսք մը փոխանցել գերման ժողովուրդին: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց այցին համար, եւ նշեց, որ այս բանաձեւը կը միտի նաեւ Գերմանիոյ մասնակի մեղսակցութիւնը ընդունիլ, եւ աշխատիլ՝ որ Թուրքիան եւս առերեսուի իր անցեալի մութ էջերուն հետ: Դեսպան Լիւտեքինկ բարձր գնահատեց ծագումով թուրք գերմանացի երեսփոխաններուն ներդրումը, որ ինքնին աւելի արժեք եւ ուժգնութիւն կու տայ որդեգրուած բանաձեւին:

Դեսպանին հետ նաեւ խօսուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ – Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը, նկատի առնելով, որ Գերմանինան ներկայիս ԵԱՀԿ նախագահող երկիրն է: Դեսպանը հաստատեց, որ Գերմանիան կառչած կը մնայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին եւ համանախագահութեան աշխատանքներուն:

Արծարծուեցան նաեւ հայութինը եւ Հայաստանը յուզող այլ հարցեր:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի
Յանձնախումբի Գրասենեակ

Տպել Տպել