22 եւ 24 Հոկտեմբեր 1975. Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումը

Հոկտեմբերի այս օրերուն, 37 տարի առաջ, ահաբեկչական իրերայաջորդ զոյգ գործողութիւններ ցնցեցին քաղաքական աշխարհը, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ Հայրենազրկումին շուրջ հաստատուած լռութեան պատը ճեղքեցին եւ ազդանշանը տուին Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծման։

Ճշգրիտ՝ 22 եւ 24 Հոկտեմբեր 1975-ին, յաջորդաբար Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, քաղաքական ահաբեկումի ենթարկուեցան զոյգ երկիրներուն մօտ թրքական պետութիւնը ներկայացնող դեսպանները։

22 Հոկտեմբեր 1975-ի կէսօրին, երեք զինեալ երիտասարդներ ինքնաձիգ հրազէններով յարձակեցան Վիեննայի թրքական դեսպանատան շէնքին վրայ, սպաննեցին զէնքի դիմած պահակը եւ մտան դեսպան Հիւսէյին Տենիզ Թունէլճիլի գրասենեակը։ Յարձակման մանրամասնութիւնները փոխանցող մերօրեայ թրքական կայքէջերուն համաձայն՝ ահաբեկիչները թուրք դեսպանին հարցուցած են, թէ ի՞նքն է դեսպանը եւ, հաստատական պատասխան ստանալէ ետք, բրիտանական ու իսրայէլեան արտադրութեան իրենց գնդացիրներով կրակած են դեսպանին վրայ։

Թուրք դեսպանը անմիջապէս մահացաւ, իսկ ահաբեկիչները արագօրէն դուրս եկան դեսպանատունէն ու, ինքնաշարժ նստելով, անյայտացան…

Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները անմիջապէս ողողուեցան իւրօրինակ այդ ահաբեկչութեան մանրամասնութիւններով՝ գործողութեան պատասխանատուները եւ ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը բացայայտելու հետեւողական, բայց ապարդիւն ճիգ թափելով։

Մամլոյ գործակալութեանց հետ հեռաձայնային կապ պահելով՝ անանուն տարբեր խօսնակներ, մինչ այդ հանրային կարծիքին անծանօթ ու ընդյատակեայ մէկէ աւելի կազմակերպութեանց անունով, ստանձնեցին Աւստրիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանին ահաբեկման պատասխանատուութիւնը։

Քաղաքական աշխարհը դեռ չէր մարսած պատահածը, երբ օր մը ետք՝ 24 Հոկտեմբեր 1975-ին, այս անգամ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի բանուկ մէկ փողոցին վրայ, Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը՝ Իսմայիլ Էրեզ, պաշտօնական ընդունելութենէ մը իր պետական ինքնաշարժով դեսպանատուն վերադարձի պահուն, յանկարծ ինկաւ անծանօթ զինեալներու լարած ահաբեկչական թակարդին մէջ։ Թէ՛ թուրք դեսպանը եւ թէ իր վարորդը տեղւոյն վրայ սպաննուեցան փամփուշտներու տարափին տակ, իսկ ահաբեկիչները ինչպէս յայտնուած էին, այնպէս ալ կայծակնային արագութեամբ անյայտացան…

Թէեւ երկրորդ այս ահաբեկչութեան պարագային եւս միջազգային լրատուամիջոցները ի վիճակ չեղան ճշգրտելու ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը կամ յայտնագործելու անոնց հետքերը, այսուհանդերձ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ անունով մինչ այդ անյայտ եւ ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը, որուն անունով ստանձնում եղած էր նաեւ առաջին՝ Վիեննայի ահաբեկչութեան առիթով եւս, պաշտօնական եւ ծաւալուն յայտարարութիւն մը հրապարակեցին միջազգային լրատուամիջոցներով եւ ստանձնեցին զոյգ ահաբեկչութեանց պատասխանատուութիւնը։
Ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը օրին, հայերէնի թարգմանուած, լոյս ընծայուեցաւ նաեւ սփիւռքահայ մամուլի դաշնակցական թերթերուն կողմէ։
«Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ» անունը անմիջապէս լայն ու հոգեհարազատ արձագանգ գտաւ 1970-ականներու պահանջատէր հայութեան, յատկապէս հայ երիտասարդութեան աշխարհասփիւռ զանգուածներուն մօտ։

Աշխարհով մէկ լոյս տեսած «Մարտիկներ»ու յայտարարութիւնը միջազգային հանրային կարծիքին, ցեղասպան թրքական պետութեան եւ աշխարհի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն կ’ազդարարէր՝
«Մենք հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք: Կը գործենք յանուն արդարութեան: Թուրքիոյ քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած մեր քայլը աշխարհի բոլոր մեծ ու փոքր պետություններուն պիտի յիշեցնէ, թէ Հայոց մոռցուած Ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ կը մնայ»:

Արդարության Մարտիկներու կազմակերպութիւնը իր յայտարարութեամբ կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը եւ Հայկական Հարցին արդարացի լուծումը: Յայտարարութիւնը դիտել կու տար, թէ Հայ Դատի արդարացի լուծման համար խաղաղ միջոցներով մղուած պայքարը ինքզինք սպառած է եւ թէ, ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով, Լռութեան անարդար Պատը ճեղքելու ճամբուն վրայ, «Մեր արդար դատի հետապնդման միակ միջոցը զինեալ պայքարն է»:
Ահա այսպէ՛ս շղթայազերծուեցաւ Հոկտեմբերի այս օրերուն, 37 տարի առաջ, Հայ Դատի ուժական պայքարին նորօրեայ զարթօնքը։

Թէեւ աննախընթաց չէր թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը, թէեւ 1973-ին Գուրգէն Եանիքեան իրագործած էր ահաբեկչական քայլ մը Մ. Նահանգներու մէջ՝ սպաննելով թուրք հիւպատոս մը, նաեւ՝ Լիբանանի մօտ թուրք դիւանագէտ մը անյայտ պայմաններու մէջ ահաբեկուած էր, այսուհանդերձ՝ Վիեննայի եւ Փարիզի ահաբեկումները կանխած քայլերը կա՛մ վրէժխնդրական բնոյթ ունէին, կա՛մ քաղաքական հնչեղութիւն չունէին այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներու միջազգային հրապարակ մուտքով։

Մինչեւ 1980-ականներու առաջին կէսը Մարտիկները շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը՝ առաջացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման համար անհրաժեշտ ճնշումը։

Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծման յուշարարն է 1975 թուականի Հոկտեմբեր 22-ի եւ 24-ի Վիեննայի եւ Փարիզի թուրք դեսպաններուն ահաբեկումը ոգեկոչող այս անդրադարձը։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել