Ակնարկ. Ընդգծել Բանակցային Ռազմավարութեան Առանցքային Կէտերը

FotorCreatedԱրցախեան հակամարտութեան բանակցային փուլերու թեւակոխումը զգալիօրէն արագակշռոյթ ընթացքի մէջ է: Շատ կարճ ժամանակներ իրարմէ կը բաժնեն Վիեննան ու Ս. Փեթերսպուրկը եւ հիմա ալ ըստ երեւոյթին շուտով Փեթերսպուրկն ու Փարիզը: Վերլուծաբանական գրականութիւնը անընդհատ կը խօսի փոխզիջումներու տարբերակներու, անժամկէտ հանրաքուէներ կազմակերպելու, ուժերու հեռացման, տարածքներու կարգավիճակի, խաղաղապահ ուժերու տեղակայման եւ լուծման հնարաւոր տարբերակներու մասին:

Անհասկնալիօրէն հայկական մեկնաբանական դաշտը շատ յղում չի կատարեր պաշտօնական Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, ուր հիմնական առանցքային բաժին կայ, որ կը բնութագրէ նաեւ ընդհանրապէս հայկական կողմին բանակցային փիլիսոփայութիւնը:

Այո, փոխզիջումով կը պայմանաւորուի որեւէ հակամարտութեան լուծման հնարաւորութեան իրականալիութիւնը: Մինչ այդ սակայն, յատկապէս ապրիլեան քառօրեայէն ետք խիստ անհրաժեշտութիւնը կայ հետաքննական մշտադիտարկումներով երաշխաւորելու 1994-ի հրադադարի պահպանումը: Ամբողջական հրադադարն է, որ մղիչ ուժ եւ բովանդակութիւն կրնայ ապահովել բանակցելու եւ քաղաքական կամք` դէպի լուծում առաջնորդուելու: Եթէ այս մէկը անմիջական եւ նախապայմանային հանգրուան է հանդիպումներուն, ապա բանակցութիւններուն լիցք եւ բովանդակութիւն տալու, մանաւանդ խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ առաջնորդուելու համար աւելի քան անհրաժեշտ է ու պայմանական Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցային սեղան: Թէ՛ հրադադարը եւ թէ՛ քաղաքական մեծ համաձայնութեան նշումը միջազգայնօրէն ունին 1994-ի եւ 1995-ի իրար ամբողջացնող-լրացնող փաստաթուղթերու մէկ ամբողջութիւնը, որոնց տակ Երեւանի եւ Պաքուի առընթեր կայ Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը:

Պարզ է բանակցային ռազմավարութեան տրամաբանութիւնը: Նախ երաշխիքներ ապահովել` գործադրելու համար Երեւան-Պաքու-Ստեփանակերտով որոշուած զինադադարը, ապա ձգտիլ քաղաքական մեծ համաձայնութեան, ճիշդ պահուն Ստեփանակերտը վերադարձնելով բանակցային սեղան եւ զայն մասնակից դարձնելով համաձայնագիրի կնքումին:

Այս երկու անշրջացնելի հանգրուաններուն վրայէն թռչելով, հայկական լրագրական-վերլուծական դաշտը փութկոտութիւն ցոյց կու տայ զիջումներու տարբերակներ հրապարակայնացնելով` ձեւով մը համոզելու ընթերցող լսարանը, թէ ապրիլեան քառօրեայէն ետք հայկական կողմին պիտի պարտադրուին միակողմանի զիջումներ:

Ստեփանակերտի իրաւական մասնակցութեան ռազմավարական այս մօտեցումին իրողականութիւնը սկսած է շօշափել Պաքուն, որ Ստեփանակերտ հասկացողութեան կը փորձէ իւրայատուկ ընկալում ապահովել տալ միջազգային հանրութեան:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը խոստացած է աջակցիլ «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ի նախաձեռնութեան` հանդիպումներ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան հետ:

Հանդիպումներ կազմակերպելու առաջարկը տուած է «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ի ղեկավար, պատգամաւոր Ռովշան Ռզաեւինը:

Գործակալութիւնը յայտնած է, որ Շթայնմայերը Պաքուի Ռամանի աւանին մէջ հանդիպումներ ունեցած է Շուշիէն Ազրպէյճան հեռացածներու հետ:

Շթայնմայերը յայտնած է, որ այդ առնչութեամբ կը փորձէ ճշդել հայ համայնքին կարծիքը:

«Մենք կը ձգտինք կազմակերպել նման հանդիպում», ըսած է ան:

Դժուար թէ համոզիչ ըլլար այն վարկածը, որ այս մէկը «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ի ղեկավարին նախաձեռնութիւնն է, որովհետեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւը յայտարարած է, թէ Շթայնմայեր-Սահակեան հանդիպումը կրած է «Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի հայ համայնքի հետ հանդիպման բնոյթ»:

Հաճիեւը յայտարարած է, թէ Պաքու այցելութեան շրջագիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը պիտի հանդիպի «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ի ներկայացուցիչներուն հետ:

Շթայնմայերի այցելութեան ծրագիրին մէջ ներառուած է նաեւ ծանօթութիւն հարկադիր վերաբնակներու համար կառուցուած բնակատեղիներու հետ:

1994-ի բանակցութիւններուն, ըստ որոշ տեղեկութիւններու ներկայ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչը, որուն սակայն չէ տրուած փաստաթուղթը ստորագրելու իրաւունք:

Կը թուի, թէ Պաքուն ըմբռնած է միջազգային ընտանիքին կողմէ Ստեփանակերտը իբրեւ իրաւական միաւոր բանակցութիւններուն ներառելու ուղղուածութիւնը: Յաւելեալ պատճառ մը, որ հայկական վերլուծական միտքը միակողմանի զիջումներէն առաջ աշխատի միջազգային ընտանիքին եւ հայկական պաշտօնական կողմին մօտեցումներու համատեղման վրայ եւ մնայունօրէն ընդգծուած պահէ մեր բանակցային ռազմավարութեան առանցքային կէտերը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել