Տարածաշրջանային Սիւննի կարգը առանց ՏԱՀԷՇ-ին, Կամ՝ թրքական «զէրօ խնդիր» դիւանագիտութեան վերադարձի խաբէութիւնը

FotorCreatedԹուրք-իսրայէլեան եւ թուրք-ռուսական (վերա)հաշտեցման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու (վերա)բնականոնացման նախաձեռնութիւնները, որոնք հաստատագրուեցան առաջինը Յունիս 27ին պաշտօնապէս հրապարակուած եւ յաջորդ օրն իսկ ստորագրուած համաձայնագրով եւ երկրորդը՝ նոյն օրերուն Էրտողանի կողմէ Փութինին ուղարկուած անձնական նամակին յաջորդած երկու նախագահներու 42 վայրկեաննոց հեռաձայնային խօսակցութեամբ, ստեղծած են այն տպաւորութիւնը, որ Անգարայի արտաքին/տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը կը վերադառնայ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան (ԱՔՓ) երբեմնի «զէրօ խնդիր դրացիներուն հետ» արեւելումին: Իսթանպուլի Աթաթուրքի անուան օդանաւակայանին մէջ ահաբեկչական արարքը Յունիս 28ին, որուն պատասխանատուութիւնը կառավարութիւնը դրաւ ՏԱՀԷՇ-ի վրայ եւ բացայայտեց քառասուն հոգիի մահուան պատճառ դարձած երեք իսլամականներուն ինքնութիւնը, որոնցմէ մէկը Տաղստանէն ռուս մըն էր, միւսը՝ քրքըզ եւ երրորդը՝ ուզպէք, բացայայտ դարձուց, որ «Խալիֆայութիւնը» պատերազմ յայտարարած է նաեւ Թուրքիոյ դէմ:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Ճիշդ է, առաջին անգամը չէ, որ Ապու Պաքըր ալ-Պաղտատիի կազմաւորումը ահաբեկչական գործողութիւն կը կատարէ թրքական հողատարածքի վրայ: Սակայն, ե՛ւ այս վերջին գործողութեան թիրախին խորհրդանշական թէ տնտեսական նշանակութիւնը, ե՛ւ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան նորագոյն շրջադարձի հետ անոր շատ հաւանաբար ոչ-պատահական զուգադիպումը կու գան յուշելու ՏԱՀԷՇ-ի խոր մտահոգութիւնը՝ թրքական հողատարածքը որպէս ռազմավարական հենարան կորսնցնելու իրողութեան մասին: Այսինքն, կը թուի, թէ Իսրայէլի թէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վերահաստատման թրքական քայլը նաեւ ազդանշան է ՏԱՀԷՇ-ը որպէս դերակատար ջնջելու Անգարայի համաձայնութեան:

Իրադարձութիւններու զուգադիպութենէն եւ անոնց ենթախորքային տրամաբանութեան կապակցութեան մեկնաբանական համոզումներէն անկախ, պարզ է, որ Իսրայէլի թէ Ռուսիոյ ուղղութեամբ Անգարայի քայլերը ունին իրենց իւրայատուկ ոլորտն ու երկկողմանի շահագրգռուածութիւնը, որոնք երեւան կը հանեն պետական քաղաքականութեան բանականութիւնը: Իսրայէլի հետ պատմական դաշինքը թէ Ռուսիոյ հետ տնտեսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ի միջ ի այլոց, ըստ երեւոյթին աւելի ծանր կշիռ ունենալու սկսած են Անգարայի համար քան Էրտողանի տարածաշրջանային հզօրութիւն դառնալու ձգտումն ու կրօնա-գաղափարախօսական համոզումներու թելադրած անզիջող եւ յաճախ ակրեսիւ քայլերը:

Բայց պէտք չէ շատ աճապարել եւ լաւատես ըլլալ երբեմնի «զէրօ խնդիր» դիւանագիտութեան անմիջական վերադարձի հեռանկարով: Եթէ երբեք նման լուրջ տրամադրուածութիւն եղած է ԱՔՓ-ի կողմէ իր իշխանութեան առաջին թերեւս վեց տարիներուն, ապա եւ կուսակցութեան Էրտողանական թեքումէն ի վեր այնքան ամրագրուած է պետական քաղաքականութեան յստակ ուղղուածութիւն մը, որ դժուար թէ այնքան հեշտօրէն ետդարձ կատարէ: Ճիշդ է, որ թրքական դիւանագիտութիւնը փաստը տուած է ե՛ւ իր խորամանկութեան, ե՛ւ առիթներէն լաւապէս օգտուելու կարողութեան, ե՛ւ անհրաժեշտ ճկունութեան ցուցաբերման: Բայց այդ բոլորը կրնան նաեւ բարացուցական ըլլալ էրտողանականութեան շարունակման՝ թէկուզ եւ այլ միջոցներով: «Էրտողանականութիւն» յղացքով պիտի հասկնանք ներքին ոլորտին մէջ իշխանութեան կեդրոնացում ընդհուպ մինչեւ սուլթաններու յատուկ մենատիրութեան սահմանադրական մեխանիզմներու ամրագրում, իսկ արտաքին/տարածաշրջանային բեմահարթկին վրայ՝ նէօ-օսմանականութիւն:

Ներքին եւ արտաքին ոլորտները իրարմէ տարանջատ չեն: Անոնց բացայայտ կապը Սիւննի իսլամի կրօնագաղափարախօսական ինքնութիւնն է: Ընդ որում, ներքին ոլորտին մէջ, Էրտողանի ղեկավարութեամբ ԱՔՓ-ն կը ձգտի ոչ միայն քեմալական աշխարհական հասարակարգին կրօնքի վրայ դրած կաշկանդումները վերցնել, այլ՝ հաստատել կրօնական, իմա՛՝ Իսլամի, արժեչափերու գերակայութիւնը: Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանին, ապա հոն ոչ միայն թրքական գործօնը բանալի դերակատարի վերածելու նպատակ դրուած է, այլ՝ Սիւննի կարգի մը հաստատումը՝ անմիջական համագործակցութեամբ առաջին հերթին Սէուտական Արաբիոյ եւ ապա, առաւել կամ նուազ տարողութեամբ, Ծոցի միւս երկիրներուն եւ Յորդանանի:

Որքան ալ որ նման հեռանկար սադրանքային թուի եւ, նէօ-օսմանականութեան նման, տարածաշրջանային Սիւննի կարգը ընդհանրական հասկացութիւն մը ըլլայ հաւաքական ինքնութեան եւ քաղաքական դաշինքներու իմաստով աւելի քան օրինականացած կառոյց, ո՛չ այդ հեռանկարին ազդանշանները, ո՛չ ալ նշեալ երկիներու շահերու համընկման փաստերը կը պակսին:

Արդարեւ, ԱՔՓ-ի իշխանութեան առաջին տարիներուն, երբ կուսակցութիւնը կը ներկայանար որպէս Թուրքիոյ ժողովրդավարացման յառաջապահ ընդդէմ ամենէն աւելի զինուորականներով ինքզինք ներկայացնող քեմալականութեան եւ որպէս այդպիսին կը յաջողէր հիմնական առաջընթաց արձանագրել Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան հոլովոյթին մէջ, Էրտողան արդէն ծանօթ եւ ժողովրդական քաղաքական անձնաւորութիւն մըն էր: Սակայն իր աստղը միջազգային բեմահարթակին վրայ փայլելու սկսաւ 2009 Յունուարին Տավոսի մէջ, ուր Համաշխարհային Տնտեսական Ֆօրումի ծրագրուած միջոցառումներու շարքին Էրտողան եւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէս միասին պիտի ըլլային հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, որ պիտի համակարգէր Ուաշինկթըն Փոսթի լրագրող Տէյվիտ Իկնատիոս: Միջոցառումը տեւեց հազիւ մէկ վայրկեան, որովհետեւ անոր սկիզբին իսկ Էրտողան իր խօսակիցը ամբաստանեց Կազայի ժողովուրդի թշուառութեան համար եւ ակնարկելով համակարգողի հայկական ծագումին՝ զայն կողմնակալ նկատեց: Ապա բարկացած բեմէն հեռացաւ:Կարելի է ըսել, որ այդ պահը թատերականացած ծնունդն էր, հրապարակային ներկայացումը Էրտողանականութեան:

Յաջորդ երկու տարիներուն ընթացքին, մինչ իրմէ առաջ տարածաշրջանին մէջ ճնշուած ժողովուրդներուն, իմա՛՝ պաղեստինցիներ եւ իսլամներ, դատի պաշտպանութեան ինքնակոչ պահապան դարձած Իրանի Ահմատինեժատի աստղը մարելու կը սկսէր, Էրտողան կը վերածուէր հերոսի: Կազայի մէջ նորածինները իր անունով կոչելու իրողութենէն մինչեւ Պէյրութի նոյնիսկ Հարաւային Արուարձաններուն մէջ թրքական դրօշակներու պարզումը, եթէ մէկ կողմէ ցոյց կու տային հերոսի եւ փրկարարի սպասող հասարակական ախտագին բարդոյթ մը, միւս կողմէ թրքական քաղաքականութեան առջեւ դռները լայն կը բանային: 2010 Մայիսին Կազայի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն տանող թրքական մէկ նաւին անձնակազմի բախումը իսրայէլեան զինուորներուն հետ ա՛լ աւելի ամրապնդեցին Էրտողանի տարածաշրջանային հմայքը: Շնորհիւ իր տնտեսական աննախընթաց աճին, Թուրքիոյ առջեւ բացուելու սկսան շուկաները: Սկսելով Սուրիայէն, որուն ղեկավարութիւնը արթուն չեղաւ տեսնելու համար դրամահոսքին քաղաքական պայմանաւորումները եւ «զէրօ խնդիր» դիւանագիտութեան թակարդը, որուն մէջ ինկաւ Ասատի վարչակարգը՝ հրաժարելով իր պատմական պահանջատիրութենէն: Այդ բոլորով հանդերձ, թերեւս ոչինչ այնքան խօսուն է Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ տարածաշրջանային Սիւննի կարգի մը մասին որքան Էրտողանի ելոյթը Իսլամական Պետութիւններու Կազմակերպութեան վերջին գագաթաժողովին, ուր առաջարկեց Արաբական Լիկան վերանուանել Իսլամական Լիկա…

Ինչ կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ թէ այլ երկիրներու շահագրգռութեան նման կարգի մը հաստատման, անոր խորքային պատճաոը պարզ եւ մէկին է. Իրանի եւ Շիականութեան ընկալուած տարածումին առնուազն զսպում եւ այն շարունակական ճնշումի տակ պահելու մտահալածանքը: Այս իմաստով, առաջին հրապարակային զգուշացումը Յորդանանի թագաւորէն եկաւ Դեկտեմբեր 2005ին, երբ Պուշի վարչակարգը կը պատրաստուէր Յունուարին Իրաքի մէջ իր կազմակերպած ժողովրդավարութեան մեծ խնճոյքին: Ապտալլահ Բ. իրաքցիներու քուէն ճիշդ կերպով հասկցաւ, որպէս յարանուանական քուէ, որուն զոհ պիտի երթար երկրի մէջ պատմականօրէն տիրապետած Սիւննի փոքրամասնութիւնը: Թագաւորը իր մտահոգութիւնը արտայայտեց զգուշացնելով Իրանէն մինչեւ Լիբանան «Շիաական կիսալուսին»ին մասին, որ Սիւննիական աշխարհը երկուքի կը բաժնէ:

Ոչ ալ-Քաի’տա, ո՛չ ՏԱՀԷՇ եւ հաւանաբար ո՛չ մէկ ճիհատական խմբաւորում ֆրանքըշթայն մըն է, զոր պետութիւնները կը ստեղծեն: Արդիւնք են անցնող երկու հարիւր տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ ընկերային եւ քաղաքական գործընթացներու: Երեւոյթներ են, որոնց ծագումն ու զարգացումը սխալ է տեղադրել բացառաբար միջ-պետական մրցակցութեան ոլորտին մէջ: Բայց աշխարհաքաղաքական իմաստով դժուար չէ տեսնել, թէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ճիհատական յառաջընթացը ընդհուպ մինչեւ Մոսուլի մէջ Խալիֆայութեան ստեղծումը նախ եւ առաջ «Շիաական կիսալուսին»ի ամրակայման ամենամեծ խոչընդոտն է: Հետեւաբար հասկնալի է, ի միջ ի այլոց նաեւ, Էրտողանի կառավարութեան շահագրգռութիւնը՝ դիւրացնելու անոնց գոյակռիւը եւ, ի հարկին, զէնքի ու կռուողներու հոսքը ապահովել: Այն թաքուն ենթադրութեամբ, որ կարելի է անոնց վրայ ինչ որ չափի վերահսկողութիւն բանեցնել: Այնպէս ինչպէս կարծած էր Ռեկընի վարչակարգը, երբ աֆղան մուճահիտուններուն արդիական զէնքեր կը տրամադրէր եւ զօրավիգ կը կանգնէր անոնց դիմադրութեան խորհրդային գրաւումին դէմ…
Իսթանպուլի օդանաւակայանին ահաբեկչական գործողութիւնը եկաւ ցոյց տալու, թէ որքա՛ն միամիտ էր այն ենթադրութիւնը, որ կարելի է ճիհատականութիւնը վերահսկողութեան տակ առնել: Թուրքիա, ըստ երեւոյթին, հասած է այն եզրակացութեան, որ տարածաշրջանային Սիւննի կարգի հաստատագրման համար անհրաժեշտ է ՏԱՀԷՇ-էն ձերբազատուիլ: Եթէ նման հեռանկար իրականութիւն դառնայ, կը մնան անշուշտ ճիհատական մնացեալ կազմակերպութիւնները: Բայց երեւի անոնց հասողութիւնը այսպէս կոչուած «իսլամական փողոցներուն» յարաբերաբար նուազ է, բաղդատած Խալիֆայութեան վայելած հմայքին:

Առանց ՏԱՀԷՇ-ի տարածաշրջանային Սիւննի կարգ մը, եթէ համոզէ միջազգային դերակատարները, կրնայ նոյնիսկ ողջունելի ըլլալ ուժային հաւասարակշռութեան մը, եւ հետեւաբար՝ որոշ կայունութիւն հաստատելու համար հակամարտ կողմին՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ իր դաշնակիցներուն հետ: Քաղաքական «կորեկտութիւն» չէ անշուշտ խօսիլ ներիսլամական քաղաքացիական պատերազմին մասին, սակայն իրողութիւն է, որ տարածաշրջանին աշխարհաքաղաքական տեղաշարժին ենթախորքին հաստատագրուած է Սիւննի-Շիա պատմական պառակտումը: Տարածաշրջանային Սիւննի կարգը նէօ-խալիֆայութիւն չէ, ընդհակառակը, կը բացառէ ճիհատական շարժումի այդ ութոփիան եւ կը հաստատագրէ հողատարածային պետութիւններու առաջնահերթային դերակատարութիւնը: Սակայն ուժերու նմանատիպ հաւասարակշռութեան հեռանկարն իսկ կրօնական գործօնը լռելեայն կը վերածէ քաղաքական ազդակի: Առանց դեռեւս անդրադառնալու, թէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ուժերու նման հաւասարակշռութեան մը աշխարհաքաղաքական բաժանումի սահմանները ինչպէ՛ս պիտի գծուին, կարելի է արդէն կանխատեսել, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, որոնք տարածաշրջանի ամենախոցելի տարրն են եւ որպէս այդպիսին՝ ցարդ բոլոր տագնապներուն առաջնային զոհերը, ա՛լ աւելի աննպաստ դիրքերու վրայ պիտի գտնուին: Եթէ չյաջողին իրենց ձայնը միասնականօրէն աշխարհին լսելի դարձնելու նպատակով անցնող երկու տարիներուն սկսած տարածաշրջանային զօրաշարժին նոր թափ եւ ընթացք տալ:

Խ. Տէր Ղուկասեան

horizonweekly.ca

05/07/2016

Տպել Տպել