Ո՞վ Եւ Ի՞նչն Է Վնասուողը

FotorCreatedԱմիսներ առաջ, Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացի օրերուն, երբ Երեւան ապրող ընկերոջս Գէորգին հետ հեռաձայնով կը քննարկէինք օրուան խնդիրը, մտահոգիչ հարցում մը ծագեցաւ մեր միտքերուն մէջ:

Անկեղծօրէն, օրին այս յօդուածագիրին համար քիչ մը անհաւատալի, կամ առնուազն՝ ոչ ընկալելի էր այդ հարցադրումը («կ՛ըլլա՞յ մը…»), որ հետեւեալն էր. արտաքին ուժերը պիտի ուզե՞ն այս բարեփոխուած սահմանադրութեան վրայ կառուցուելիք նոր տեսակի Հայաստանը:

Վաչե Բրուտեան

Վաչե Բրուտեան

Կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի ներկայ քաղաքական կառավարման համակարգը ինքզինք սպառած է ու անհրաժեշտ է բարեկարգել զայն: Այս ախտաճանաչումը յանգեցաւ լուծումի մը՝ բարեփոխել երկրի սահմանադրութիւնը այն ներքին տրամաբանութեամբ, որ կարելի ըլլայ ամբողջ հայութեան եւ Հայաստանի ներուժը, կարելիութիւնները օգտագործել երկրի ուժեղացման համար: Ստեղծել այնպիսի համակարգ մը, որ խմբային կառավարումով (կառավարութեամբ) ղեկավարուի, եւ ոչ թէ այնպիսի դրուածքով մը, ուր անհատը (այս պարագային նախագահ մը, ոեւէ նախագահ) ըլլայ վերջին խօսքը ըսողը: Համակարգ մը, ուր ընդդիմութիւնը ե՛ւս ունենայ լծակներ, ազդելու համար գործադիր իշխանութեան առնելիք քայլերուն վրայ: Համակարգ մը, ուր յստակացուած է իշխանութիւններու (գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական) տարանջատման սկզբունքը:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէով, մեր երկիրը մտաւ այս գործընթացին մէջ: Այս գործընթացը պիտի տեւէ մօտաւորապէս երկու տարի: Յարաբերաբար երկարաշունչ գործընթաց է այս մէկը. երկարաշունչ, սակայն հաստատուն: Մովսէսի գաւազանը հոս չի գործեր: Այդ գաւազանը միայն հեքիաթային պատումներուն մէջ ի զօրու է:

Սահմանադրական հանրաքուէէն (այսինքն այս գործընթացի սկսելէն) երեքուկէս ամիս ետք, հասաւ առաջին հարուածը՝ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին տեսքով: Պաքու-Անգարա առանցքը փորձեց խորտակել ոչ թէ այս գործընթացը, այլ՝ Հայաստա՛նը ամբողջ (այս վերլուծումը կատարած ենք մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ, մէկէ աւելի անգամներ. այնպէս որ, չենք ուզեր կրկնել):

Թուրք-ատրպեճանական այս փորձը խորտակուեցաւ, ինչպէս գիտենք:

Միւս կողմէ սակայն, այս պատերազմը

Ա. Ամբողջութեամբ երեւան հանեց Հայաստանի քաղաքական կառավարման թէ՛ թերութիւնները եւ թէ թերացումները, որոնց մեծ մասը բացայայտ էր բոլորիս. արտաքին քաղաքականութեան, ներքին ընկերային-տնտեսական, պաշտպանութեան եւ այլ բնագաւառներէ ներս:

Բ. Ստեղծեց ժողովրդային միասնութեան օրինակելի մթնոլորտ մը, ու այս իմաստով, յառաջ բերաւ նոր տեսակի Հայաստան մը:

«Ասպարէզ»ի 9 Ապրիլ 2016ի համարին մէջ լոյս տեսած մեր յօդուածին մէջ («Նոր Որակի Հայաստանի Մը Ծնունդը») նաեւ կը հաստատէինք. «…Հայրենի ժողովուրդը ցուցաբերեց միասնակամութեան ու մարտունակութեան նախանձելի որակ մը: Այն աստիճան, որ երեւան եկաւ նոր տեսակի ուժ մը (ցարդ անթեղուած), որ Հայաստանի քաղաքական ու զինուորական ղեկավարութեան համար հաշուի առնուելիք ազդակ է: Այս ուժը… «ուժ կու տայ» նոյն այս ղեկավարութեան:

Ժողովրդային հայրենասիրութեան այն աստիճանի անբիծ ու զուլալ ուժ մը, զոր ղեկավարելու ու գլխաւորելու համար, այլեւս նոր որակի, նոյնքան անբիծ ու զուլալ մտածողութիւն մը անհրաժեշտ է:

Այս ուժը կը պարտադրէ երկրի ղեկավարութեան, որ համապատասխան ձեւով, ու նոր որակի պատասխանատուութեամբ վարէ մեր «փոքր ածու»ին գործերը, զինուորական, քաղաքական, կամ ներքին ընկերային-տնտեսական բնագաւառներէն ներս»:

Մեր երկրի ղեկավարութիւնը մեր մատնանշած «նոր որակի պատասխանատուութիւն» ցուցաբերե՞ց յետ պատերազմեան ամիսներուն: Ասոր պատասխանը գաղտնիք չէ՝ էապէս ոչ: Եղածները, տնօրինումներ կամ դրսեւորուած քայլեր, շատ քիչ անգամ անցան գեղագիտականի սահմանէն անդին: Առնուազն՝ շատ հեռու էին թերացումներու եւ թերիներու իսկական տարողութիւնը սրբագրելէ, յատկապէս ներքին ընկերային-տնտեսական բնագաւառէն ներս:

Գալով «հողային զիջումներու» մասին խօսակցութիւններուն, իմ գաղափարակից ընկերներէն Սարգիս Տաղտեւիրեանի յօդուածը (««Ոչ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին»ը Միայն Լոզունգ Չէ» խորագիրով, վերջերս լոյս տեսած «Հայրենիք»ի, «Ասպարէզ»ի, «Ազդակ»ի մէջ) լայնօրէն կը լուսաբանէ այս խնդիրին էութիւնը՝ խորագիրին համահունչ: «Հողային զիջումի» մասին պաշտօնական Երեւանի վերաբերումը (կամ այդ ուղղութեամբ եղած վերագրումները) իր մէջ այնքան մարտավարական բաղադրամասեր ունի, որ ճիշդ չէ հրապարակային քննարկումներ կատարելը այդ մասին՝ բացի սկզբունքային հարցէն: Ու այդ սկզբունքայի՛ն հարցն է, որ սքանչելիօրէն կը լուսաբանէր յօդուածագիր ընկերս:

Գալով նոյն այս «զիջումներու» հարցով հրապարակային քննարկումներուն, ատոնք միայն քիչ բացառութեամբ անցան «ըսի-ըսաւ»ի սահմանը, խորապէս հարուածելով հարցի լրջութեան:

Երբեմն նոյնիսկ պետական շրջանակներէ լսուեցան ձայներ, որոնք երբեք չանցան պարզունակութեան ու անմտութեան սահմանը:

Այս մեծ ու ընդհանուր խորապատկերի լոյսին տակ պէտք է դիտել անցեալ Կիրակի օր Երեւանի Էրեբունի շրջանէն ներս տեղի ունեցած զինեալ անընդունելի գործողութիւնը, ատոր հետեւանքով ստեղծուած լարուած կացութիւնը, Թուրքիոյ պետական հարուածի փորձէն երկու օր ետք: Կան պատանդներ, որոնց շարքին՝ ոստիկանական բարձրաստիճան սպաներ: Պատանդ բռնողները կոչ ուղղեցին ժողովուրդին որ փողոց իջնէ: Ստեղծուած է անել կացութիւն թէ՛ ապահովական եւ թէ մանաւանդ քաղաքական իմաստով:

Գաղտնիք չէ, որ բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, տպագիր կամ եթերային, «լուր հաղորդելու» պատրուակով, կը հրահէրին այս անել կացութիւնը, շահագործելով երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող կառավարման թերացումներուն նկատմամբ ժողովրդային դժգոհութիւնը: Այս «լրատու» աղբիւրները, նոյնիսկ վերջին պատերազմական պայմաններուն ընթացքին, չխորշեցան որդեգրելէ այնպիսի ոճ ու ներքին տրամաբանութիւն, որ ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէր Ապրիլին ստեղծուած ժողովրդային միասնութեան ու մարտունակութեան: Առնենք նոյն այդ ապրիլեան օրերուն «Սիվիլնե»չի հարցազրոյցը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանի հետ, ուր եղածը ոչ թէ հարցազրոյց, այլ կարծէք… հարցաքննութիւնն էր սեփական երկրի պաշտպանութեան բնագաւառի պաշտօնատարին:

Բացայայտ օրինակներէն մէկն է նաեւ «Ազատութիւն» կայանը, որ կը ֆինանսաւորուի Մ. Նահանգներու կողմէ: Օտար պետութեան մը կողմէ ֆինանսաւորուող հաստատութիւն մը պիտի ծառայէ նոյն այդ օտար ուժի շահերուն (եւ ոչ թէ Հայաստանի), չէ՞: Այսքանը հասկնալու համար հրթիռային գիտնական ըլլալու կարիքը չկայ:

Հիմա նոյն այս կայանները (եւ ուրիշներ, ինչպէս Galatv, 1in.am), հրապարակը եւ յատկապէս ընկերային ցանցերը ողողած են իրենց տեսանիւթերով, ուր ոստիկանութիւնը կը պատկերացուի իբրեւ «բիրտ», իսկ ցուցարարները՝ անմեղ գառնուկներ: Գաղտնիք չէ, որ ոստիկանութեան վերաբերումը, յատկապէս Էրեբունիի դէպքին յաջորդած առաջին ժամերուն, եղաւ անհարկիօրէն բիրտ: Բայց նոյն այս կայանները չհաղորդեցին անշուշտ, որ Սարի թաղի բախումներուն վիրաւորուած են… 25 ոստիկաններ եւ 18 քաղաքայիններ, իբրեւ արդիւնք քաղաքայիններու շարքերուն մէջ սպրդած գրգռիչ տարրերու, ինչպէս վկայեց նոյնինքն ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան: Ինչպէս արեւմտեան երկիրներու մէջ, Հայաստանի մէջ եւս կարելի չէ ոստիկանը անարգել, գրգռիչ կեցուածք որդեգրել անոր նկատմամբ, կամ սպառնալ անոր:

«Ազատութիւն»ն ու իր գործակից կայանները հանրութենէն խնամքով ծածկած էին այս անարգական ու սպառնալից կեցուածքները, ու կը ցուցադրէին միայն… ոստիկանական հակազդեցութիւնը: Անոնք այս ձեւով, միայն կը ջատագովեն «կա՛մ մեզի հետ, կամ մեր դէմ» բոլշեւիկեան մտածողութիւնը, «կա՛մ սեւ, կա՛մ ճերմակ» մտայնութիւնը, որ հանրութիւնը կը վերածէ… խելագարած ամբոխի: Տարբեր խօսքով, կ՛ուզեն ամբոխի վերածել մեր սքանչելի ժողովուրդը, որ անցնող Ապրիլին աշխարհը ամբողջ ապշեցուց իր մարտունակ ոգիով, դիմադրականութեամբ ու մանաւանդ՝ միասնակամութեամբ:

Փորձեցէք գրգռել ու անարգել ամերիկացի (կամ ֆրանսացի) ոստիկանը, կամ սպառնալ անոր. կը կարծէք որ փոխարէնը ձեզի պաղպաղա՞կ պիտի հրամցնէ ամառուան այս տաք օրերուն: Տակաւին չենք խօսիր այն մասին, թէ ինչ կրնայ պատահիլ, եթէ խումբ մը զինեալներ փորձեն գրաւել Լոս Անճելըսի ոստիկանատուներէն մէկն ու մէկը…

Բոլորս ալ մօտէն հետեւեցանք Ուքրանիոյ 2014ի դէպքերուն, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ նախապէս կատարուած «ծաղկաւոր» յեղաշրջումներուն եւ քաջածանօթ ենք քարոզչական այս նոյն ձեռագիրին…։ Ճորճ Սորոսի «Բաց հասարակութիւն»ը, ամերիկեան կառավարութեան հաստատած National Endowment for Democracy-ն, եւ USAID-ն (չհաշուած Եւրոպական Միութեան նմանօրինակ հիմնադրամները) միլիառաւոր տոլարներ կը տրամադրեն աշխարհի այս կամ այն ակիւնը իշխանափոխութիւն կատարելու, կամ «Ուաշինկթընի բարեկամ» վարչակարգեր հաստատելու համար:

Անհաւանական չէ, որ այս անելէն անպայման պիտի փորձեն օգտուիլ արտաքին ուժեր, որոնց նպատակն է ոչ թէ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին վիճակին բարելաւումը, այլ Հայաստանը թուլացնելն ու տկարացնելը: Թուլացնել ու տկարացնել՝ ի հարկին խափանելով քաղաքական բարեկարգումներու այն քաղաքական գործընթացը, որ սկսած էր անցնող Դեկտեմբերին, խորտակելով Ապրիլին ստեղծուած ազգային միասնակամութիւնը եւ մարտունակ ոգին՝ ընդդէմ արտաքին թշնամիին: Սա չի նշանակեր, որ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը ընդզվելու, դժգոհելու լուրջ պատճառներ չունի: Անշո՛ւշտ որ ունի: Միաժամանակ սակայն, անթոյլատրելի պէտք է համարել, որ արտաքին ուժերը շահագործեն նոյն այդ արդարացի դժգոհութիւններուն ալիքը:

Այս մեծ պատկերին մէջ, միջամտող արտաքին ուժերուն համար այլեւս աննշան մանրամասնութիւններ են հոլովուող դերակատար անունները՝ անհատներու կամ նորաստեղծ խմբաւորումներու:

Դժբախտաբար, կը յամենայ Գէորգին եւ այս յօդուածագիրին մտավախութիւնը, թէ արդեօք արտաքին ուժերը պիտի ուզե՞ն բարեփոխուած սահմանադրութեան մը հիման վրայ կառուցուելիք նոր Հայաստան մը:

Կ՛ուզենք ճիշդ հասկցուիլ: Հայաստան կը դիմագրաւէ կառավարման ներքին (ընկերային-տնտեսական), արտաքին քաղաքական, պաշտպանական, նաե՛ւ արտաքին միջամտութիւններէ եկած գոյութենական խնդիրներ: Ներքին թերացումներուն մէջ ակնբախ է Հայաստանի իշխանութիւններուն յանցանքը: Այս խնդիրները կրնան լուծուիլ բացառապէս եւ միա՛յն հայկական արեւելումի վրայ հիմնուած գործելակերպով: Հայ քաղաքական միտքի այս խելամիտ մօտեցումին դրսեւորումն է օրինական (սահմանադրական) բարեկարգումի գործընթացը եւ անհրաժեշտ է ոչ թէ խափանել, այլ‘ դիւրացնել զայն: Ա՛յս տեսանկիւնէն պէտք է մօտենալ Երեւանի մէջ անցեալ Կիրակի սկսած դէպքերուն, որպէսզի վերջին հաշուով, այս տագնապէս կարենան յաղթական դուրս գալ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել