Ակնարկ. Որեւէ

FotorCreated

Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման Թուրքիոյ կամ որեւէ այլ պետութեան միանալը կախուած է բանակցային գործընթացին մէջ այդ երկրի կառուցողական ներդրումէն: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

Նախ յայտարարութիւնը` իր բնագրային մէջբերումով:

«Ինչ կը վերաբերի արցախեան հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կամ բանակցային գործընթացին, ապա խօսքը կրնայ վերաբերիլ ոչ միայն Թուրքիոյ միանալուն: Որեւէ (ընդգծումները` մեզմէ) կառուցողական աջակցութիւն կարելի է դիտարկել նոյնինքն այդ տեսանկիւնէն` իբրեւ կառուցողական համագործակցութիւն: Եթէ պետութիւնը դրական առումով աւելցնելու բան ունի, ինծի կը թուի, որ այստեղ ոչ մէկ խնդիր կրնայ ըլլալ: Բայց անգամ մը եւս կը հաստատեմ, որ խօսքը կառուցողական աւանդի մասին է»:

Բնականաբար նման յայտարարութիւն կը դիտարկուի վերջին շրջանին արձանագրուած ռուս-թրքական փոխմերձեցման ուղղութեամբ դրսեւորուած միտումներու ընդհանուր պարունակին մէջ: Եւ իրաւամբ, սկսող գործընթացին առումով հայկական կողմին մօտ կար մտահոգութիւն, որ նախ եւ առաջ արցախեան հարցի կարգաւորման վրայ ինչպէ՞ս կրնայ ազդեցութիւն ունենալ երկկողմանիօրէն շրջադարձ կատարելու ուղղութեամբ մտածել տուող երեւոյթներու շարանը:

Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացման ենթարկուող երկու պետութիւնները մղուած են մերձենալու եւ համագործակցելու: Քաղաքական ներկայ պահու իրականութիւն է ասիկա. Թուրքիոյ մէջ կատարուած զինուորական յեղաշրջումին դիմաց երեւութապէս վերապահ, զգուշաւոր եւ ընդհանրութիւններու սահմաններուն մէջ մնացող էին պաշտօնական Մոսկուայի յայտարարութիւնները. իսկ յեղաշրջումի կազմակերպուելուն մասին Մոսկուայէն թրքական իշխանութիւններուն իմաց տալու վարկածը, որ լայն շրջանառութիւն գտաւ միջազգային մամուլին մէջ, մերձեցումէն շատ աւելիին մասին կը խօսի: Ոչ անպայման խոր համագործակցութեան առումով, այլ պետական կառոյցներուն վրայ Անգարայի համապատասխան ծառայութիւններու անվերահսկողութեան մասին մտածելու ենթադրութիւններու տեղի տալով:

Զախարովայի յայտարարութիւնը նախ եւ առաջ բացասական տպաւորութիւն կը փոխանցէ: Բայց փորձենք օգտագործուած բառապաշարի եւ ըսելաձեւերու երանգային շեշտադրումներուն վրայ կեդրոնանալով միանշանակ հաստատումներ չնկատել այնտեղ:

Այսպէս. Զախարովան Արցախի մասին խօսելով հանդերձ փորձած է քաղաքագիտական ընդհանուր տեսութիւն առաջ քշել. ոչ միայն Արցախին, այլեւ որեւէ հակամարտութեան… ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ որեւէ պետութեան միանալուն… Տակաւի՛ն. ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուելիք կառուցողական աջակցութեան, այլեւ որեւէ այլ երկրի:

Քաղաքագիտական տեսութեան դասախօսութեան նմանող Զախարովայի այս յայտարարութեամբ կարելի է հասկնալ, որ որեւէ հակամարտութեան պարագային, որեւէ պետութիւն կրնայ միանալ եւ որեւէ երկրի կողմէ կառուցողական աջակցութիւնը կրնայ դիտարկուիլ այս տեսանկիւնէն իբրեւ կառուցողական համագործակցութիւն:

Նոյնիսկ այս որեւէները բաւարար չեն սակայն ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական բանբերին: Մասնակցութիւնը պայմանական է. այդ որեւէ երկիրը պարտի կառուցողական աջակցութիւն բերել ներգրաւուելու համար հակամարտութեան լուծման գործընթացին:

Նոյնիսկ այս անորոշութեամբ եւ այս պայմանականութիւններով դժուար թէ Մոսկուայի պաշտօնական ներկայացուցիչը տակաւին երէկ, նախքան մերձեցումը արցախեան հարցի կարգաւորման գործընթացին Անգարան ներգրաւելու ենթադրութիւններուն մասին յայտարարութիւն ընէր: Մանաւանդ որ ռուսական կողմը անվերջ շեշտած է, որ արցախեան բանակցութիւններուն համար կայ, գոյութիւն ունի եւ աշխատունակ է միջազգային ընտանիքին կողմէ ճշդուած ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափ:

Զախարովան փաստօրէն թէ՛ կը խօսի Անգարայի ներգրաւուածութեան հաւանականութեան մասին, թէ՛ այդ ներգրաւուածութիւնը կ՛անորոշացնէ ընդհանուր տեսութիւններու սահմաններուն մէջ տեղափոխելով եւ թէ՛ մանաւանդ անշրջանցելի պայմանականութիւն մը կը սահմանէ, որ այս պարագային կ՛արգելակէ Անգարայի մասնակցութիւնը:

Բայց այստեղ հետեւողը անպայման կը մտաբերէ «Իզվեսթիա»-ի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած մեկնաբանական լրատուութիւնը, որուն համաձայն Ռուսիան պիտի աշխատի երկկողմանիօրէն ապաշրջափակել Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այսինքն` արցախեան հարցի կարգաւորումով բանալ տալ Թուրքիոյ կողմէ փակուած սահմանը: Կառուցողական աջակցութիւն ըսելով գուցէ այս մէկը կ՛ընկալէ Մոսկուան: Բայց տակաւին պարզ չէ, որ այդ կառուցողական քայլը առնելու համար Անգարան ի՞նչ պատկերացումներ ունի իր նախապայմանային քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ ընկալուող արցախեան հիմնահարցին ուղղութեամբ:

Զախարովայի այս յայտարարութեան դիմաց լրագրողներու մօտ յառաջացած դժգոհութիւններուն արձագանգելով ան յայտարարած է. «Կան գործող միջազգային մեքանիզմներ, որոնք կոչուած են զբաղելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին կարգաւորմամբ, մասնաւորապէս` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքը: Ըստ որում` ոչ ոք չեղեալ յայտարարած է երկկողմանի շփումները, որոնց շրջագիծին մէջ որեւէ երկիր կրնայ քննարկել իր ներքին կամ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները: Հարցի հիմը այն է, թէ որքանո՛վ կառուցողական դեր կը կատարեն կարգաւորման գործընթացի մաս չնկատուող երկիրները, որոնք կը փորձեն սատարել կարգաւորման: Մեր խնդրանքը այն է, որ սադրանքի մի՛ ենթարկուիք, այն ալ տեղեկատուական»:

Այս ուղղումը չի փարատեր մտահոգութիւնը: Ի վերջոյ, Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան մասին թէկուզ ընդհանրացումով եւ թէկուզ պայմանականութիւն շեշտող այս յայտարարութիւնը ռուսական որեւէ յայտարարութեան չի նմանիր:

«Ա.»

Տպել Տպել