Էրեբունին Եւ Արցախեան Բանակցութիւնները

FotorCreatedԷրեբունիի գործողութիւնը կարելի է որոշ առումով աւարտած նկատել.պատանդները ազատ արձակուած են։ Հետզհետէ պարզ կը դառնայ թէ ի՞նչ երաշխիքներու հիման վրայ կայացած է ազատ արձակումը կամ բանակցութիւնները առաւելաբար ի՞նչ կէտերու վրայ կեդրոնացած են։

Հետեւեալ լրատուութիւնը իր վրայ վերլուծումներու որոշ լուսարձակներ կը բանայ.-

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

«Երեւանեան վերջին իրադաձութիւնները ՊՊԾ գունդի գրաւման համատեքստի մէջ միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի տապալման: Մինչ այս բանակցությիւններուն կողմերը արձանագրած են որոշակի արդիւնքներ»,- այս մասին Պաքուի մէջ լրագրողների հետ զրուցելու պահուն ըսած է ԱՄՆ պետքարտուղարի եւրոպական և եւրասիական գործերով նախկին օգնական Մաթյու Պրայզան: Անոր խոսքով, Փեթերզպուրկի եւ Վիեննայի հանդիպումներուն ժամանակ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերը իսկապէս արձանագրած են որոշակի արդիւնքներ. «Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարի յայտարարութիւնները Փեթերզպուրկի և Վիեննայի բանակցություններէն ետք կը վկայեն, որ քննարկումներուն մէջ որոշակի տեղաշարժեր եղած են»: Խօսելով հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ՌԴ_ի դերակատարութեան մասին, Պրայզան նշած է, որ նախագահ Փութինը իսկապէս անհանգստացած է այն հանգամանքով, որ ապրիլեան ճգնաժամը շատ լուրջ էր, և պատերազմի վերսկսման մեծ հաւանականութիւն կը պարունակէ, ինչ որ ձեռնտու չէ Ռուսիոյ: «Փութինը կրնայ խաղաղապահի դերակատարութիւն ունենալ այս հակամարտութեան մէջ»,- կարծիք յայտնած է ամերիկացի պաշտօնատարը։ Ինչ կը վերարբրերի երևանեան վերջին իրադարձութիւններուն, ապա այս պարունակին մէջ Պրայզան համաձայնած է այն քաղաքագէտներու , ովքեր կը կարծենն, թե ՊՊԾ գունդի գրաւումը միտուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի տապալման:

Մաթյու Պրայզան արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւններուն ուղղակի մասնակցած, փորձառութիւն կուտակած աշխուժ համանախագահ եղած է։ Անոր յայտարարութիւնները դիւանագիտական ըսելաձեւերու արուեստին տիրացած գործիչի տպաւորութիւն եւ համոզում կը փոխանցեն։

Վերը նշուած յայտարարութեան պարագային, առաջին բաժինը առանձնապէս նոր բովանդակութիւն չ՜ապահովեր։ Տեղաշարժ, Վիեննայի եւ Փեթերզպուրկի հանդիպումներուն ընդհանուր դրական գնահատական։ Այստեղ որոշակի տեղաշարժն ալ նախապէս բազմիցս օգտագործուած ըսելաձեւ է եւ յատուկ դէպի բեկում տանող որեւէ հունաւորում չի փոխանցեր։

Կը թուի, որ հետաքրքրականը յայտարարութեան երկրորդ եւ երրորդ կէտերն են,գրեթէ իրար ագուցուած։

Երկրորդ կէտը ՌԴի ղեկավարի կատարած ճիգերուն գնահատականն է ամերիկացի պաշտօնատարին կողմէ։ Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ Ուաշինկթընի լիարժէք համաձայն է Մոսկուայի գերմիջնորդութեան,Փութինին վերագրելով խորապէս անհանգստացած ըլլլաը քառօրեայ պատերազմէն։ Աւելին. Ռուսիոյ խաղաղապահ դերակատարութիւնը շեշտելով Պրայզան, գէթ յայտարարողականութեամբ, Մոսկուայի գերմիջնորդութեան անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ եւ կ՜արդարացնէ բանակցային գործընթացի ղեկը ստանձնելու ռուսական ճիգերը։

Իսկ առաջին եւ երկրորդ կէտերը ամփոփ բանաձեւելով, կը հասկցուի այն, որ ՌԴի գերմիջնորդութեամբ աշխուժացած բանակցութիւնները որոշակի տեղաշարժ ապահոված են եւ պատերազմի վերսկսումը նոյնինքն Մոսկուայի համար ձեռնտու է, ուրեմն համոզիչ է Ռուիսոյ կողմէ լուծումի յանգելու համար տարուող աշխատանքներու դրդապատճառները։

Հիմա գանք երրորդ կէտին. Պրայզան առնչութիւններ գծած է եւ լուսարձակի տակ առած Երեւանեան դէպքերն ու արցախեան կարգաւորման գործընթացի նորագոյն փուլը։ Այսպէս.ռուսական աշխուժութեան շեշտումով գոյացած դրական տեղաշարժը, որ նաեւ նախանշած է (ըստ Պրայզային) որոշակի արդիւնքներու հասնելու հաւանականութիւնը, ՊՊԾի գունդի տարածքի գրաւումով տապալելու վտանգին առջեւ էր։

Աւելորդ չըլլար այստեղ նշելը, որ Էրեբունիի գործողութեան արցախեան կարգաւորման հետ փոխկապակցուած ըլլլուն մասին թէկուզ ոչ նոյն շեշտադրումներով, այսուհանդերձ ակնարկ կատարած էր նաեւ ՌԴ ԱԳՆ բանբեր Զախարովան նշելով ,որ այդ իրադարձութիւնները ինչ-որ ձեւով կը խանգարեն Ղարաբաղյան բանակցութիւններուն։

Փորձենք պահել Պրայզայի ուղերձին տրամաբանութիւնը։

Էրեբունիի հանգուցալուծումը քաղաքական հարթութեան վրայ տեղափոխելն ու պատանդները ազատ արձակելով գրաւման վերջ տալը իշխանութիւններուն կողմէ տարածքներ չյայնձնելու երաշխիքներու դիմաց սկսած է ձեւ ու մարմին ստանալ եւ բնութագրել ամբողջ պատահածի բուն շարժառիթը գրաւող խումբին կենսագրութիւնը եւ յայտարարուած առաջադրանքները նկատի ունենաով։ Նաեւ երկկողմանիօրէն ընկալուած միջնորդին կենսագրութիւնը։Մինչ, Խորենացի փողոցի վրայ հաւաքուող ցուցարարներուն կամ ընդհանրապէս հրապարակային քննարկումներուն մասնակիցներուն կողմէ հնչած իշխանափոխութեան պահանջները շատ չէին արծարծեր արցախեան խնդիրը եւ կը կեդրոնանային աւելի ներհայաստանեան իրավիճակին վրայ։

Պրայզայի կողմէ ընդգծուած երեւոյթներու փոխկապակցուածութիւնը անշուշտ այլ շարժառիթներ ունի։ Կը թուի, որ այստեղ աւելի թեման օգտագործման գործիք է Պրայզայի համար, որ ի դէպ ԱՄՆ պետքարտուղարի եվրոպական և եվրասիական գործերով նախկին օգնականի պաշտօնը զբաղեցուցած է։ Իսկ գուցէ իրականութեան մէջ Պրայզան եւ Զախարովան, այստեղ մեկնելով ոչ թէ իրական վիճակէն, այլ միանգամայն իրատեսական թուացող այն հեռանկարէն, որ տարածքներու վերադարձի մասին խօսակցութիւնները որքան առարկայական բնոյթ ունենան, այնքան Հայաստանի մէջ կը մեծնայ ժողովրդային դիմակայութեան հաւանականութիւնը: Ամենայն հաւանականությամբ անոնք լաւատեղեակ են այն տրամադրութիւններէն, որոնք գոյութիւն ունին Հայաստանի մէջ։

Մենք իբրեւ հայկական կողմ գուցէ յաջողինք այս փոխկապակցուածութեան տալ դրական հունաւորում առաջին հերթին Էրեբունիի հանգուցալուծումը առանց ցնցումի եւ առանց արիւնահեղութեան աւարտած ըլլալով։

Ապա, իշխանութիւներուն եւ Սասնայ Ծռերուն միջեւ բանակցութիւններուն առանցքը կեդրոնացնելով Արցախեան հիմնախնդրին վրայ, նկատի ունենալով թէ՜ զինեալներուն կենսագրութիւնը, թէ միջնորդին արցախեան կերպարը եւ թէ՜ ստեղծուած միջազգային քաղաքական շահագրգռութեան բարձր աստիճանի իրավիճակը` արցախեան հարցին կարգաւորում ապահովելու անունին տակ։

Այս մէկը գուցէ կ՜օգնէ նաեւ հայկական կողմին բանակցութիւններուն աւելի ամուր դիրքերէ մեկնելու համար։Փոխկապակցուածութիւնը կրնայ օգտակար ըլալ.բայց ոչ` Մաթյու Պրայզայի ծխածածկութաւոր շարժառիթներէ եւ նպատակներէ մեկնած։

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Տպել Տպել