Ակնարկ. Վնասի Վերահսկողութիւն

FotorCreatedԷրեբունիի գործողութիւնն ու անոր հետեւած Խորենացիի եւ Սարի թաղի դէպքերը պիտի շարունակեն ունենալ իրենց իրաւական, քաղաքական, ընդհանրապէս հասարակական հետեւանքները:

Եւ ինչպէս իւրաքանչիւր ցաւոտ կամ լրջօրէն վնասուած իրականութիւն, իրավիճակի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ են վնասի վերահսկողութեան (Damage control) գործողութիւններու շարք մը: Ընդ որում ոչ միայն պետութենէն, այլ նաեւ հասարակութենէն ակնկալուած:

Իսկ այստեղ առարկայականութիւնը, որ ընդհանրապէս իրադարձութիւնները ճիշդ գնահատելու ամէնէն ազդեցիկ եղանակն է, բոլոր ժամանակներէն աւելի ինքզինք պարտադիր կը դարձնէ իբրեւ հարցերու ընկալման, բայց մանաւանդ իրավիճակ փոխելու իբրեւ մեկնակէտային, նախապայմանային մեթոտաբանութիւն:

Կիրքին, ատելութեան, արագ հակազդելու եւ մթնոլորտ շիկացնելու մօտեցումներուն շատ արագ պիտի փոխարինեն սառը դատողութիւնը, իրաւապահ մարմիններ-ժողովուրդ ստեղծուած անջրպետը նեղցնելու ձգտումները, մէկ կողմէ օրէնքի կիրարկումի հրամայականը գործադրելու գիտակցութիւնը, միւս կողմէ հաշուեյարդարները բացառելու սկզբունքայնութեամբ` բարեփոխումներուն գործնական եւ շօշափելի տեսք եւ էութիւն ապահովելու համակողմանի աշխատանքները:

Այս բոլորը տեսութիւն են եւ կրնան զուտ թելադրական հնչել: Բայց եթէ մտաբերենք, որ նոյնիսկ ստեղծուած ճգնաժամին, երկկողմանիօրէն աշխատեցաւ վնասի վերահսկողութեան գործողութիւնը, ապա աւելի պարտադրուած կը զգանք նոյն մօտեցումը որդեգրելու եւ շարունակելու` ամէնէն պատասխանատու դիրքերէ մինչեւ քաղաքացիական-հասարակական:

Նկատենք, որ մէկ կողմէ պատանդները փուլ առ փուլ ազատ արձակելը, գունդի տարածքին մէջ գտնուող ոստիկաններուն զէնք տրամադրելը եւ պատանդի կարգավիճակին մէջ գտնուող բարձրաստիճան ոստիկաններուն համազարկով նահատակուած ոստիկանին յիշատակը յարգելը, ապա բժիշկին կամ բուժքոյրերուն ազատութեան մէջ յայտնուիլը եւ վերջապէս զէնքերը վար դնելը աքթեր են, որոնք կ՛ընդգծեն բռնի եղանակով սկսած, սակայն յետոյ բռնութենէն խուսափելու գրաւման գործողութեան իւրայատուկ պարագայ մը:

Միւս կողմէ, մարդկութիւնը ամբողջ, դժուար թէ ականատես եղած ըլլայ շաբաթներու վրայ երկարող բանակցութիւնները գերադասելով պատանդներէ ազատուած եւ գրաւուած պետական հաստատութիւն մը առանց արիւնահեղութեան վերստանձնելու իրաւապահ մարմիններու արհեստավարժ հակաճգնաժամային գործողութեան: Վնասազերծման այս գործընթացին գերլարուած ուշադրութեամբ գուցէ ապարդիւն փորձէինք յիշել այլ պարագաներ, երբ գրաւուած տարածքին կատարուած են սնունդ, ջուր, բուժօգնութիւն տրամադրելու իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններ: Երկու շաբթուան այս տեւողութենէն ետք պայմանաժամ յայտարարել եւ չգործադրելը նախ եւ առաջ եւ ընդհանուր այս մթնոլորտը նկատի ունենալով պէտք է ընկալել իբրեւ բանակցութիւնները գերադասելու եւ մինչեւ վերջին ժամ արիւնահեղութեան ընտրանքէն խուսափելու վճռակամութիւն:

Տակաւին. ո՛չ երկրորդ ոստիկանի սպանութիւնը, որուն շուրջ հասարակութեան մօտ կը յամենան անպատասխան հարցականներ, ո՛չ ալ Սարի թաղին մէջ ժողովուրդին դէմ կիրարկուած անօրինական եւ անմարդկային վերաբերումները, որոնց հեղինակներու ինքնութեան շուրջ եւս կան անորոշ պատկերացումներ, յաջողեցան հարցը կտրուկ սրումի եւ զինեալ բախումներու տանիլ:

Եւ եթէ երկկողմանիօրէն իրաւամբ զգացուեցաւ այս գերզսպուածութիւնը, եթէ ճիգերու գերլարումով մեր երկիրը փրկուեցաւ դժուար եւ պահ մը անել վիճակի համոզումը փոխանցող իրավիճակէ, հիմա անհրաժեշտ է յետէրեբունիի մթնոլորտի եւ կացութեան հիմնական արմատական փոփոխութիւնը:

Չմոռնանք սակայն, որ լուռ, լուսարձակներէ հեռու միջնորդի, բանագնացի եւ հանգուցալուծման համար թէկուզ տեսախցիկներէ հեռու, բայց շատ տեսանելի աշխատանք իրականացուց Արցախի հերոս զօրավարը: Յիշենք նաեւ, որ խաղաղ հանգուցալուծման համար ներկայացուած գրաւոր պահանջներու առաջին կէտը կը վերաբերէր Արցախի կարգավիճակին: Նկատենք, որ Արցախի խորհրդարանը ներկայացնող քաղաքական բոլոր ուժերը միացեալ ստորագրութեամբ ի՛նչ պահանջ ներկայացուցած էին խաղաղ ու անցնցում աւարտելու համար Էրեբունիի գործողութիւնը:

Արցախը առանցքային թեմա էր այս բոլորին: Նկատի ունենալով թէ՛ գրաւողներուն կենսագրութիւնը, թէ՛ միջնորդին արցախեան կերպարը եւ թէ՛ հանգուցալուծման համար արծարծուած թեմաներու առաջնայնութիւնը:

Այս առումով ալ Արցախէն, պաշտօնական Ստեփանակերտէն առաջ եւ աւելի կարելի չէ արցախցի ըլլալ եւ ահազանգել միակողմանի զիջումներու, պարտուողականութեան եւ տարածքներ յանձնելու մասին. թէ՛ միջազգային հանրութեան եւ թէ՛ ներազգային առումով հայկական աշխարհը եւ յատկապէս հայ քաղաքական միտքը հետեւողականութիւն պահելու անհրաժեշտութեան առջեւ են: Շարժումը սկսաւ Ստեփանակերտէն, հայութիւնը միացաւ. բոլորս միացանք արցախահայութեան ինքնորոշուելու որոշումին, զօրակցեցանք Արցախի Հանրապետութեան կայացման գործին, նպաստեցինք եւ կը նպաստենք արցախահայութեան որոշած միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն: Կարգաւորման ի՛նչ տարբերակ ալ քննարկման սեղանի վրայ դրուի, պիտի սպասենք պաշտօնական Ստեփանակերտի համաձայնութեան:

Արցախը տարբեր առիթներով յաջողած էր միաւորել հայութիւնը: Հիմա յետէրեբունի ժամանակահատուածի վնասի վերահսկողութեան պահն է: Թէ՛ ապրիլեան քառօրեան, եւ թէ՛ յուլիսեան երկշաբաթը վնասներու վերահսկողութեան հրամայականը կը շեշտեն: Իսկ հրամայականութիւնը անյետաձգելիութիւն կ՛ընդգծէ: Խօսքը համակարգային փոփոխութեան մասին է եւ այդ փոփոխութիւնը զգալի դարձնելուն:

Արցախի խորհրդարանի կոչը կը շեշտէր ներքին կայունութեան եւ քաղաքացիական համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը: Որուն համար արմատական, արագ, բայց մանաւանդ կորսուած վստահութեան վերականգնման` վնասի վերահսկողութեան ազդեցիկ գործողութիւններու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել