Ակնարկ. Փոփոխութեան Զուգահեռ` Հակառակ Ուղղութեամբ

Agnarg1_80416Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգով կ՛առաջարկուի նախագահական կառավարման ձեւ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին կից սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ 30 յուլիսին հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը բաղկացած է նախաբանէ, մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, կառավարման համակարգը, դատական իշխանութիւնը, տեղական ինքնակառավարումը եւ հանրաքուէ բաժիններէ: Հաշուի առնելով հանրային հետաքրքրութիւնը ներկայացուած հայեցակարգի, մասնաւորապէս կառավարման համակարգի տարբերակին նկատմամբ, կը տեղեկացնենք, որ մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ առաջարկուած է նախագահական կառավարման ձեւ: Հայեցակարգը հանրապետութեան նախագահին կողմէ հաւանութեան արժանանալու պարագային մասնագիտական յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքները` սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծին վրայ:

Լրատուութիւնը մեկնաբանական չէ եւ պարզապէս կը վերաբերի Սահմանադրական փոփոխութեան ընթացակարգի լուսաբանման: Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը տակաւին չէ հրապարակուած, հետեւաբար իրաւաբանական քննարկումները առայժմ կը մնան փակ, եւ Արցախի հանրութիւնը պէտք է սպասէ իմանալու համար նոր առաջարկներու առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները` կարենալ դիրքորոշուելու համար:

Միայն հաստատումը, թէ Արցախի Հանրապետութեան կառավարումը կիսանախագահականէն պիտի անցնի նախագահական, տեղի կու տայ մեկնաբանութիւններու, հարցադրումներու եւ որոշակի առումով նաեւ մտահոգութիւններու:

Պէտք է անմիջապէս յիշել, որ Արցախի կառավարման դրութիւնը խորհրդարանականէն անցած է կիսանախագահականի եւ այժմ կայ առաջադրանք անցնելու նախագահական: Եթէ զուգահեռ փորձենք գծել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ապա գերագոյն խորհուրդ, որ խորհրդարանական համակարգի համազօր էր, ապա նախագահական, ապա կիսանախագահական եւ այժմ խորհրդարանական:

Համեմատած Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ուրեմն Արցախը փոխան նախագահականէն կիսանախագահականի անցնելու, սահմանադրականօրէն կ՛ընտրէ հակառակ ուղղութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու քննարկումներուն տեսակէտ հնչած էր, որ Հայաստանի նման կիսապատերազմական վիճակով երկրի մը պարագային աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնը կեդրոնացած պահել նախագահին մօտ, որ ի պահանջել հարկին պիտի շարժէր արագ, որոշում կայացնէր եւ զինուորական ոլորտի համարժէք կշռոյթով գործողութիւնները ղեկավարելու հրամանները տար: Մինչ, խորհրդարանական համակարգի պարագային վարչապետը պատերազմ յայտարարելու տարողութեամբ որոշումները անհրաժեշտ էր, որ արժանացնէր խորհրդարանի վաւերացումին:

Հակափաստարկը անմիջապէս այն էր, որ ռազմական գործողութիւնները Արցախի մէջ կը կազմակերպուէին եւ փայլուն կատարողականութիւն կ՛ունենային, երբ Արցախը խորհրդարանական համակարգով կը ղեկավարուէր, եւ միանձնեայ որոշումի կեդրոն չկար այդ օրերուն: Ուրեմն կիսապատերազմական կամ պատերազմական իրավիճակները այդ տրամաբանութեամբ չեն կրնար ազդել բանակի ազդեցիկութեան, մարտունակութեան եւ արագակշռոյթ աշխատելուն վրայ:

Եթէ ընդունինք Արցախի օրինակին տրուած այս տրամաբանութիւնը, ուրեմն պատերազմական գործողութիւններու լոյսին տակ չենք ընկալեր երկրի կառավարման համակարգի մը որդեգրման դիտանկիւնները: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ գուցէ այլ շարժառիթներ գոյութիւն ունին սահմանադրական փոփոխութիւններու երթալու անհրաժեշտութիւնը որդեգրելու որոշումին մէջ: Ի վերջոյ քառօրեայ պատերազմին կիսանախագահական դրութեամբ ըլլար Արցախի կառավարման համակարգը թէ նախագահական, գործնապէս ի՛նչ տեսակի տարբերութիւններ` երանգային թէ ակներեւ, նկատուած պիտի ըլլային:

Ռազմականէն փորձենք տեղափոխուիլ քաղաքական դաշտ եւ նկատել, որ եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրինակին զուգահեռումն է տեղի ունեցածը` Սահմանադրութեան փոփոխութեան առումով, ապա հետեւիլը միայն փոփոխութեան վրայ կը կեդրոնանայ եւ կ՛ընտրէ տրամագծօրէն ճիշդ հակառակ ուղղութիւնը: Չմոռնանք, որ հայաստանեան տարբերակի հիմնաւորումներուն կարեւոր մէկ մասը կը վերաբերէր միանձնեայ որոշումի կեդրոնը հաւաքականացնելու եւ երկիրը առաջնորդելու դէպի յաւելեալ ժողովրդավար կարգեր: Եւ այս պարագային ամէնէն կարեւորը` վերպետական որեւէ միութեան մասնակցելու որոշումը նոյնիսկ խորհրդարանը չէր կրնար կայացնել, այլ պէտք էր կազմակերպել հանրաքուէ:

Կը մօտենանք բուն խնդիրին. հանրային մտահոգութիւն է այսօր արցախեան բանակցութիւններու գերաշխուժ վիճակը, ռուսական միջնորդութեան տեսանելիութիւնը, քառօրեայէն ետք քազանեան փաստաթուղթի կամ լաւրովեան ծրագիրի հոլովումը: Այս մտահոգութիւնները փարատելու համար էր, որ նախագահը իր վերջին ուղերձին մէջ երեք անգամ բառացի շեշտեց Արցախի վերադարձը Ազրպէյճանի կազմին բացառելը: Իրաւամբ նաեւ հայկական կողմը անվերջ կը շեշտէ, որ չի կրնար գոյանալ որեւէ համաձայնութիւն, առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութեան եւ համամտութեան:

Փոխզիջումնային լուծման Արցախի համաձայնութիւն տալը նոր Սահմանադրութեամբ կրնա՞յ տեղաւորուիլ գերնախագահական լիազօրութիւններով ղեկավարուող հանրապետութեան թիւ մէկ ղեկավարի իրաւասութիւններուն մէջ: Թէ՞ ոչ նման համաձայնութիւն մը տալու համար նախագահը պարտաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպելու ժողովրդային հանրաքուէ:

Այս հարցումին պատասխանը, որ միանշանակ եւ արագ ըլլալու հաւանականութիւնը չունի, թէականօրէն կրնայ լոյս սփռել ներկայ ժամանակահատուածին Արցախի կառավարման համակարգը կիսանախագահականէն նախագահական անցընելու պետական որոշումին վրայ: Բայց ասիկա տակաւին իր եզրակացութիւնը չունեցող ենթադրութիւն է:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել