«Նոր»ի Մը Ծնունդի Երկունքին Մէջ Ենք (Ազգովին)

FotorCreatedՄարդիկ շատ շատ պատճառներ ունին Թովմաս առաքեալի նման վերաբերելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին ելոյթին: Ներառեալ այս յօդուածագիրը: Պարոն նախագահը ինք եւս պէտք է լիովին ու ճշգրիտ ձեւով ըմբռնէ այս թերահաւատութեան պատճառները եւ գործէ ըստ այնմ: Խօսքերով բաւարարուելու ժամանակը շատոնց անցած է:

Երկար գրուած է Հայաստանի ներկայ քաղաքական կառավարման համակարգի թերութիւններուն մասին: Զայն սրբագրելու օրինական ենթահողը ստեղծուած է արդէն՝ սահմանադրական բարեփոխումներով: Բայց այդ մէկը բաւարար չէ, յատկապէս ներկայ «անցումային» փուլին եւ տագնապալի օրերուն:

Ապրիլեան պատերազմը ճակատագրական «լիթմըս» (կամ՝ «լակմուս», ինչպէս կ՛ըսեն Հայաստանի մէջ) ստուգումը հանդիսացաւ թէ՛ մեր ժողովուրդին եւ թէ այս համակարգին համար:

Ժողովրդային մակարդակի վրայ, հայութիւնը յաջողութեամբ անցուց այս քննութիւնը՝ փայլուն գնահատականներով. ստանալով A+, կամ 5: Ան ցուցաբերեց միասնակամութեան եւ մարտունակութեան այնպիսի զուլալ մակարդակ մը, որուն կրնար նախանձիլ որեւէ այլ ժողովուրդ կամ պետութիւն: Այս մասին մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ ըսած էինք, որ ՀՀ ղեկավարութիւնը ի՛նք պէտք է արժանի բարձրութեան վրայ գտնուի այս ժողովուրդը կառավարելու համար. իսկ Սփիւռքը, իր կարգին, պարտի պատասխանատուութեան իր բաժինը վերցնելու:

Գալով համակարգին, արդարօրէն ունէինք այն յոյսը, որ այլեւս հասած է խորքային բարեկարգումներու պահը, որ պիտի առնուին լուրջ քայլեր՝ չարաշահումներու առաջքը առնելու, ատոնց հեղինակները պատասխանատուութեան կանչելու, տնտեսութեան բնագաւառէն ներս մենաշնորհային բռնատիրութեան վերջ տալով արդար համակարգ մը ստեղծելու ուղղութեամբ: Կ՛ակնկալէինք մանաւանդ, որ երկրի ապահովութեան բնագաւառէն ներս կ՛առնուին այնպիսի քայլեր, որոնք լիովին համահունչ կ՛ըլլան բանակի՛ տրամաբանութեան, պատասխանատուութիւնները ըստ այնմ «արժեւորելու» իմաստով…: Գիտէք, քաղաքային ու քաղաքական կեանքը ունի իր տրամաբանութիւնը եւ կանոնները, իսկ բանակը՝ ի՛րը: Այս յօդուածագիրին համոզումով, յետ «լիթմըսեան» ստուգումին, համակարգին ստացած գնահատականը մնաց F-ի մակարդակին վրայ (Failed, ձախողած, կամ՝ 2…) ու այդպէս ալ մնաց… պատերազմին յաջորդած ամիսներուն, որովհետեւ պաշտպանական համակարգէն ներս կատարուած անձնակազմային փոփոխութիւնները, անհրաժեշտ ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէին: Իսկ ահագնացող չափերու հասած չարաշահումներու պարագային, հարցերու լուծումը ընթացիկի սահմանէն անդին չանցաւ՝ լաւագոյն պարագային:

Միւս կողմէ, գաղտնիք չէ նաեւ արտաքին գործօնի պարագան: Այսինքն, ժողովրդային արդար դժգոհութեան այս պարարտ հողին վրայ, բնականաբար արտաքին ուժեր պիտի փորձէին իրենց համար նպաստաւոր կացութիւններ ստեղծել Հայաստանի մէջ: Եւ այդ փորձը եղաւ: Ոչ ոք թող չփորձէ հակառակը պնդել: Այնպէս որ, ջայլամի քաղաքականութիւնը երբեք օգտակար չէ, ըլլա՛յ ներքին դժգոհութիւններու խորքային պատճառները սրբագրելու, ըլլա՛յ արտաքին միջամտութիւններու վտանգին առաջքը առնելու զոյգ իմաստներով:

Այնպէս որ, ներկայ դրութեամբ, ազգովին կը գտնուինք հիմնական քայլեր առնելու անհրաժեշտութեան դիմաց: Այս քայլերը երբեմն կրնան «ցաւագին» ըլլալ տիրող բազմիշխանութեան (Oligarchy) համար, այն իմաստով, որ այդ խաւը կրնայ զրկուիլ իր տնտեսական մենաշնորհներուշահագործումով երկրի քաղաքական կեանքին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու փորձութենէն: Եթէ Մ. Նահանգներու մէջ նոյն այս խաւը (այսինքն ամերիկեան «օլիկարքին») կրնայ սանձարձակ շարունակել իր ընթացքը, Հայաստանի մէջ այդ օրերը ժամ առաջ պէտք է վերջ գտնեն: Ամերիկան թերեւս կրնայ դիմանալ. Հայաստանը՝ ոչ:

Բայց կ՛ուզենք ճիշդ հասկցուիլ: «Ազգովին»ը չենք կրնար իր վերացական իմաստով առնել, որովհետեւ ատոր մէջ կը մտնէ իւրաքանչիւր հայ անհատ, նախագահէն մինչեւ ամէնէն համեստ բանուորը: Առաջին հերթին, հոս կայ յստակ դերակատար, որ կը գտնուի այս պարտադրանքին դիմաց: Այդ դերակատարը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն է, որ ներկայ դրուածքով, ունի իրաւասութիւններու լայն ծիր: Ան կրնայ եւ պէ՛տք է անկիւնադարձ մը ստեղծէ երկրի կառավարման բոլոր բնագաւառներէն ներս: Այն աստիճան, որ սովորական քաղաքացին իր մորթին վրայ զգայ այդ դրական անկիւնադարձը:

Այդ անկիւնադարձը կարելի է ստեղծել ցարդ կատարուած թերացումներուն հեղինակները պատասխանատուութեան կանչելով, այդ թերացումները սրբագրելու գործնական ընթացք ստեղծելով, օրէնքի գերիշխանութիւնը համատարած դարձնելով եւ մանաւանդ՝ մեր ժողովուրդին մէջ կուտակուած դրականօրէն ահռելի ներուժը օգտագործելով: Այնպէս որ, նախագահին վերջին ելոյթը պէտք է համարել պարտադրանք՝ առաջին հերթին իր ուսերուն:

Դարձեալ կ՛ուզենք ճիշդ հասկցուիլ: Այս վերլուծումներու փորձին մէջ, այս յօդուածագիրին համակրանքը (մանաւանդ իբրեւ դաշնակցականի) միմիայն մէկ հասցէ ունի՝ Հայաստանն ու հայութիւնը:

Կ՛ուզենք տեսնել «Ճամբու քարտէս» մը, որ մեզ առաջնորդէ դէպի նոր հանրապետութեան մը ծնունդը: «Հինը» կոտրեցաւ: Հիմա այդ «նորին» ծնունդին երկունքի ցաւերուն մէջն ենք: Եւ այս երկունքին մէջ դերակատարութիւն կը սպասուի նաեւ քաղաքական ուժերէն, մեծ կամ փոքր, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, գործադիր իշխանութենէն ներս, կամ անկէ դուրս: Եթէ չունին, հիմա պահն է, որ ունենան: Իսկ եթէ ունին, պահն է որ այդ դերակատարութեան մակարդակը բարձրանայ, միշտ համահունչ պահի լրջութեան:

Չկարծենք, որ ոստիկանական կեդրոնը գրաւած զինեալներու յանձնուելով հարցերը լուծուեցան: Այդ ձեւով պարզապէս առաջքը առնուեցաւ յաւելեալ արիւնահեղութեան: Եւ ասոր մէջ դրական պէտք է համարել երկուստեք ցուցաբերուած առողջ բնազդն ու բանականութիւնը:

Նոյն այս բանականութիւնը եւ ժողովրդային առողջ բնազդն են միայն, որ կրնան մշակել վերը նշուած «Ճամբու քարտէս»ը: Տարբեր խօսքով, բուն աշխատանքը, այդ «նորը» կերտելու իմաստով, հիմա է որ կը սկսի:

Պատասխանատուութեան եւ ոչ թէ շատախօսութեան պահն է հիմա:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել