Ակնարկ. Միջազգային Ընտանիք + Հայկական Կողմ` Ընդդէմ Անգարայի Առաջադրած Եռանկիւնին

(Ըստ Անգարայի Առաջադրանքին)

Agnarg_81116-1Փութին- Ռուհանի, Փութին- Ալիեւ, Փութին- Էրտողան, Փութին- Սարգսեան անմիջական ժամանակի միջեւ իրար յաջորդող հանդիպումներուն ընդհանուր անունը ինչպէս կը նկատուի Փութինն է: Ասիկա անշուշտ պարզացուած տեսողականութեան արագ նկատումի խաղ չէ եւ կը յուշէ, որ գլխաւոր խաղացողը, հարցերը համադրողը, հրաւիրուող – հրաւիրողը Ռուսիան է, որ յստակ ճիգի մէջ է տարածաշրջանին մէջ իր անշրջանցելիութիւնը վերընդգծելու, գլխաւոր առանցքը իր շուրջ գոյացնելու եւ գործընթացներուն էփիկեդրոնը նկատուելու հանգամանքը ամրակայելու:

Այս ճիգը ինքնին կը յուշէ, որ ռուսական գործօնի չէզոքացման ուղղութեամբ որոշ ալիքաւորումներու դիմաց է, որ պաշտօնական Մոսկուան վերահաշուարկումներու կը դիմէ նախ յատկապէս Անգարայի նկատմամբ ըսուած – չըսուած ներողութիւնը ընդունելով շատ արագ վերաբնականոնացման յարաբերութիւններու ձեռնարկելու: Նոյն արագութեամբ շրջադարձ կատարելու պատրաստ Անգարան եւս, որ Մոսկուայի նման շօշափելիօրէն կը զգայ Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացման ենթարկուած ըլլալու հետեւանքները, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ներողութենէն աւելին ալ յայտարարելու:

Ո՛չ սուրիական պատերազմին մէջ ցարդ երեւցած եւ ո՛չ ալ Խրիմի թաթարներուն ուղղութեամբ կայացած Անգարա-Մոսկուա հակասութիւններուն մէջ հիմնական որեւէ փոփոխութիւն եղած է: Նախադրեալներն ալ այնպէս մտածել կու տան, որ դժուար կը համատեղուին մերձեցման գործընթացի մէջ եղող երկու երկիրներու շահերը: Քաղաքագիտական վերլուծաբանութիւնը այսօր բեկումնային հիմնական փոփոխութիւն չ՛ակնկալեր աշխարհաքաղաքական օրակարգերու մէջ` նկատելով, որ ճգնաժամային բնոյթի հարցերուն մէջ դժուար տեսանելի են երկու երկիրներու շահերու համատեղելիութիւնը: Ակնկալուած արդիւնքները կը կեդրոնանան տնտեսական ապաշրջափակումներու եւ աւելի երկարաժամկէտ կտրուածքով ուժանիւթային ծրագիրներու վրայ:

Հիմա անցում կատարենք հայկական հարցերուն եւ այնտեղ եւս նկատենք, որ այս հանդիպումներուն յաջորդած յայտարարութիւներուն մէջ բեկումնային նոր պահ ստեղծուած ըլլալու որեւէ հիմնական նորութիւն չկայ: Այս չի նշանակեր, որ ամէն ինչ իր ընթացիկ եւ դասական եղանակով եւ կշռոյթով կ՛ընթանայ եւ որ Մոսկուան չէ շահագրգռուած արցախեան հակամարտութեան իր ուրույն ծրագիրը գործնականացնելու գաղափարով:

Առ այս պահը տակաւին համոզիչ չէ այն, որ Մոսկուան, որ արդէն իսկ հիմնական դերակատարութիւն ունէր հակամարտութեան միջնորդական առաքելութեան իրականացման մէջ, լուրջ շարժառիթներ ունի սթաթիւս քոն փոխելու: Պարզ է, որ ռուսական պարտադրանքով կասեցուած քառօրեայ պատերազմին պիտի յաջորդէին ռուսական գերմիջնորդութեամբ բանակցութիւններ: Այդ բանակցութիւններու կարեւոր հանգրուաններ են Վիեննան եւ Փեթերսպուրկը. ո՛չ աւելին:

Սթաթիւս քոյի փոփոխութեան համար, թուրքեւազրպէյճանական պատկերացումներով նախ պէտք է փոխել միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափը: Այստեղ միջազգային ընտանիքի որոշումներուն համահունչ կեցուածք ունի Երեւանը: Նախագահ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ վերայայտարարեց, որ ձեռք ձգուած պայմանաւորուածութիւնները յարգելու դիրքին վրայ է հայկական կողմը. այլ խօսքով` քառօրեայ պատերազմին յաջորդած Վիեննայով եւ Փեթերսպուրկով որոշուած երկկողմանի յանձնառութիւններուն: Այդ յանձնառութիւններու ստանձնումը արձանագրուած է ռուսական գերմիջնորդական ներկայութեան եւ անոր համաձայնութեամբ:

Մինչ, այս մագոգային հանդիպումներէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Ս. Փետերսպուրկէն Թուրքիա վերադառնալէ ետք յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ կայ որոշակի տեղաշարժ, գրած է թրքական «Աքշամ» թերթը:

Անոր խօսքով` եթէ «նախ եւ առաջ Ազրպէյճանի 5 շրջանները ազատագրուին հայկական բռնագրաւումէն», ապա տարածաշրջանին մէջ կրնայ սկսիլ կարգաւորման գործընթաց:

«Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ ազրպէյճանական տարածքները գրաւուած են Հայաստանի կողմէ: Եթէ բոլորը ատիկա կ՛ընդունին, ապա ինչո՞ւ վերջ չտալ այդ գրաւումին», ըսած է Էրտողան:

Անոր խօսքով` Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան աւելի քան 23 տարի է, որ չեն կրնար կարգաւորել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:

«Ներկայիս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կ՛աշխատի այդ հարցին վրայ», ըսած է Էրտողան:

Խօսելով Ազրպէյճան-Թուրքիա-Ռուսիա եռակողմանի ձեւաչափին մասին` Էրտողան նշած է, որ Ազրպէյճանը, ինչպէս նաեւ Թուրքիան եւ Ռուսիան, դրական կը վերաբերին այդ ձեւաչափին:

Անոր խօսքով` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Ազրպէյճան-Թուրքիա-Ռուսիա եռակողմանի ձեւաչափի ստեղծման հարցը:

«Նման ձեւաչափի ստեղծման հիմնական նպատակը տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն հետեւիլը եւ անոնց վերահսկելն է», ըսած է Էրտողան:

Հիմա կ՛ունենանք այն, որ հայկական կողմը կ’երթայ ընդառաջ միջազգային ընտանիքի ճշդած ձեւաչափին եւ միջնորդներու ներկայութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւններուն յանձնառու կը մնայ, մինչ Անգարան, ուղղակի ստանձնելով Պաքուի բանբերի պաշտօնը այս հարցին մէջ, պարզ կը դարձնէ միջնորդական ձեւաչափի, ուրեմն միջազգային ընտանիքի յառաջացուցած խումբերու աշխատանքը մերժող ըլլալը:

Այստեղ խնդիրը ռուսական կողմի երկու ձեւաչափերուն մէջ յայտնուիլն է: Առաջինը արդէն իրաւական հիմք ունեցող եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ որոշուած, երկրորդը Անգարայի կողմէ առաջարկուած, որ խորքին մէջ եթէ մէկ կողմէ Անգարայի ներգրաւումն է հակամարտութեան լուծման, միւս կողմէ Արեւմուտքին` Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպային դուրս մղումն է արցախեան հիմնախնդիրին հանգուցալուծման ընթացակարգէն:

Էրտողանը իր այս յայտարարութիւններով կամայ -ակամայ քաղաքական խաղասեղանին վրայ կը ճշդէ դիրքեր. միջազգային ընտանիք + հայկական կողմ ընդդէմ իր կողմէ առաջադրուող Անգարա-Պաքու-Մոսկուա եռանկիւնին:

Անգարայի կողմէ թելադրուող խաղի այս կանոնը արդէն կը յուշէ, որ արցախեան սթաթիւս քոն փոխելու պահը անմիջականութենէ հեռու է:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել