Բացուած Է Վարագոյրը Հայկական Ցեղասպանութեան Առնչուող ՀՅԴ-ի Արխիւներուն Վրայ

«Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» ԺԲ. Հատորի Հրատարակութեան Առիթով

------12---

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ա. «Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Հատորներու Շարքը

Քանի մը տասնամեակներէ ի վեր ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով կը հրատարակուի «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորներու շարքը, որ արխիւային նիւթերով կը ներկայացնէ կուսակցութեան անցած ճանապարհը 1890-ական թուականներէն սկսեալ:

Այս նիւթերը այնքան առնչուած են հայոց պատմութեան վերջին հարիւրամեակի անցուդարձերուն հետ, որ կարելի չէ զատորոշել բաժանման գիծը` կուսակցութեան պատմութեան եւ հայոց պատմութեան միջեւ: Ճիշդ այս պատճառով այս հրատարակութիւնը դարձած է ո՛չ միայն կարեւոր եւ օգտակար ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար, այլ մանաւանդ խիստ այժմէական` մեր պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանի դէպքերը յստակացնելու համար:

Առաջին հատորները լոյս տեսած են խմբագրութեամբ ծանօթ կրթական մշակ,մտաւորական,ազգային-կուսակցական գործիչ եւ երկար տարիներու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Հրաչ Տասնապետեանի:

Տասնապետեանի մահէն ետք այս դժուար եւ պատասխանատու աշխատանքը կը տանի Հրաչ Տասնապետեանի գործընկեր` կրթական մշակ,պատմաբան,ազգային-կուսակցական գործիչ եւ դարձեալ երկար տարիներու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Երուանդ Փամպուքեանը:

Ընկ. Երուանդ Փամպուքեան

Ընկ. Երուանդ Փամպուքեան

Բ. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» ԺԲ. Հատորը

Ամէնէն առաջ, երբ նոր լոյս տեսած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքին ԺԲ. հատորը կը թերթատենք (464 էջ), կը զարմանանք ոչ միայն անոր ծաւալին, ներկայացուած աշխատանքի բծախնդրութեան, ընդգրկուն նիւթերուն, այլ եւ մանաւանդ մէկ խմբագիրով իրականացուած աշխատութիւն մը ըլլալու իրողութեամբ, երբ ընդհանրապէս նման հատորներ լոյս կը տեսնեն գիտական կաճառներու կողմէ, ուր սովորաբար կ՛աշխատին աւելի քան տասնեակ մը գիտաշխատողներ:

Մե՜ծ, շա՛տ մեծ բծախնդրութեամբ տարուած է այս գիտական աշխատասիրութիւնը, որուն համար մեծապէս շնորհակալ պէտք է ըլլալ խմբագիր Երուանդ Փամպուքեանին: Միակ օգնականը Թամար Սնապեան-Սուրճեանն է, որ կատարած է համակարգչային շարւածքն ու էջադրումը:

Բնականաբար, ինչպէս նախկին բոլոր հատորներու պարագային, այս հատորն ալ լոյս կը տեսնէ ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով. անիկա կը հրապարակուի լիբանանահայ հաւատաւոր ընկերոջ մը նուիրատուութեամբ:

Նոր լոյս տեսած ԺԲ. հատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայոց մեծ եղեռնին:

Գ. Խմբագիր Երուանդ Փամպուքեանի Կարեւոր Նշումները

Նախքան հատորի ներկայացումը` կարեւոր է անդրադառնալ յառաջաբանին մէջ տեղ գտած խմբագիր Երուանդ Փամպուքեանին կարգ մը նշումներուն, որոնք խիստ կարեւոր են:

Յառաջաբանին մէջ խմբագիրը կը հաստատէ.

«1915 թ. ապրիլ 24-ը նախորդող ժամանակաշրջանին եւ յատկապէս Ա. Աշխարհամարտի շղթայազերծումով սկիզբ առած հալածանքներու, հակահայ բռնարարքներու մասին առատ նիւթ տրուած է արդէն նախորդ` ԺԱ. հատորի տարբեր գլուխներուն տակ (տեսնել էջ 198-245, 286 -309): Վկայակոչուած վաւերաթուղթերուն մէջ բացայայտ կը դառնայ, որ Իթթիհատի ղեկավարութեան կողմէ հայերը բնաջնջելու կանխորոշուած ծրագիրը գործադրութեան կը սկսի դրուիլ համաշխարհային պատերազմի առաջին օրերէն, նախքան Թուրքիոյ պաշտօնական մասնակցութիւնը այդ պատերազմին: Սկզբնական գործողութիւնները կը կեդրոնանան առաւելաբար հայկական նահանգներու եւ Կիլիկիոյ մէջ, ուր համախումբ կ՛ապրէր Օսմանեան կայսրութեան աւելի քան երկու միլիոն հաշուող հայութեան ստուար մեծամասնութիւնը:

Աշխարհամարտը ծայր տուած էր 1914 թ. յուլիսի վերջերուն, իսկ Թուրքիա պատերազմ մուտք գործեց հոկտեմբեր 29-ին»:

Այս հաստատումէն ետք խմբագիրը կը ներկայացնէ միջանկեալ երեք ամիսներու ընթացքին թրքական իշխանութեանց վարած հայահալած քաղաքականութիւնը յատկանշող «կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ եւ իրողութիւններ,որոնք կը միտէին գրգռել հանրային կարծիքն ու թուրք խուժանը հայութեան դէմ` վերջինս ներկայացը-նելով իբրեւ անվստահելի ու վտանգաւոր տարր»:

Յիշուած են վեց երեւոյթներ` բանակի եւ պատերազմական կարիքներու պատրուակով կատարուող լայնածաւալ բռնագրաւումները, յայտարարուած զօրակոչը եւ հայ զօրակոչիկներու զինաթափումն ու խումբ-խումբ գնդակահարութիւնը, մարդոց տեղափոխութեան արգելքն ու գրաքննութիւնը, չեթէական յատուկ գունդերու կազմութիւնն ու անոնց ոճրային գործունէութիւնը, զէնք փնտռելու եւ զինապահեստ երեւան հանելու անունով ձեռնարկուած խուզարկութիւններն ու բռնութիւնները եւ թէ՛ յարձակման եւ թէ՛ նահանջի ժամանակ թրքական բանակի, քրտական համիտիէ զօրքերու եւ չեթէական գունդերու կատարած թալանն ու աւերը հայկական նահանգներուն մէջ:

Ներկայացուած արխիւային նիւթերով կը հաստատուին այս երեւոյթներու ժամանակագրութիւնը եւ պատմական վաւերականութիւնը: Վերջնականապէս կը ջրուին Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող թրքական պետական քաղաքականութիւնը եւ թուրք պատմաբաններու այն պնդումները, թէ օսմանեան պետութեան հայ քաղաքացիները վտանգ կը ներկայացնէին, եւ պետութիւնը ստիպուած էր իր անվտանգութեան համար հայ քաղաքացիները հեռացնելու…

Յառաջաբանին մէջ խմբագիրը կ՛արձանագրէ նաեւ` «Իթթիհատի եւ օսմանեան կառավարութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան մասին գոյութիւն ունին հայալեզու եւ օտար մեծածաւալ գրականութիւն: Ներկայ հատորի հարիւրաւոր էջերը փաստացի յաւելեալ վկայութիւններ կը հայթայթեն` արձանագրուած օրին հայ եւ օտարազգի ժամանակակիցներու, ապա նաեւ` վերապրողներու արժանահաւատ պատումներով»:

«Ներկայ հատորը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ըլլալով` կը տրուի ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւներուն մէջ պահւած նիւթերուն ամբողջութիւնը»:

Ահաւասիկ, ուրեմն, վարագոյրը բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան արխիւներուն վրայ. բան մը, որ իբր թէ Դաշնակցութեան կողմէ գաղտնի կը պահուէր թուրք պատմաբաններէն: Իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակը կը հաստատեն բոլոր անաչառ հայ թէ օտար ուսումնասիրողներն ու պատմաբանները` Ցեղասպանութեան առընչուող թրքական արխիւներուն մասին…

Իր յառաջաբանի աւարտին խմբագիրը կը հաստատէ նաեւ. «Քանի մը տասնեակ պետութիւններ եւ միջազգային ատեաններ ճանաչում տուած ու դատապարտած են արդէն Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու ընթացքին հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, եւ եթէ այսօրուան Թուրքիոյ ղեկավար դասը կը մերժէ իր նախնիներուն գործած ոճրագործութիւնը իր իսկական անունով կոչել, այդ մէկը կը նշանակէ ոչ միայն հրաժարում պատասխանատուութենէ, այլ նաեւ` խուսափում հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդար հատուցում կատարելու իր պարտաւորութենէն»:

Դ. Հատորի Բովանդակութեան Մասին

XII-nkar

Ինչպէս ըսինք, «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքին նոր լոյս տեսած ԺԲ. հատորը ամբողջութեամբ նուիրւած է Հայոց եղեռնին: Հինգ բաժիններով ներկայացուած են ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւներուն մէջ պահուած նիւթերու ամբողջութիւնը:

Ա. բաժինը (էջ 7- 228) կը ներկայացնէ Մեծ եղեռնի անմիջական վկայութիւններ: Կան 127 արխիւային փաստաթուղթեր, որոնք կը ներկայացնեն, թէ ինչպէ՛ս գործադրուած են հայկական կոտորածները տարբեր շրջաններու մէջ: Ներկայացուած արխիւներուն մէջ կան նամակներ, տեղեկագիրներ, ականատեսներու վկայութիւններ, մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններ եւ բազմաթիւ այլ փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր փուլերը, գործադրուած սարսափելի միջոցները եւ ժողովուրդին կրած անասելի տառապանքը:

Այս բաժինը կը կազմէ հատորին կէս ծաւալը:Այս բաժնին մէջ կայ «Հայասպանութեան մասին օրը օրին կատարուած տեղեկատութիւն»: Այս բաժնի բացատրական մուտքով խմբագիրը կու տայ անհը-րաժեշտ լուսաբանութիւններ, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ պայմաններու տակ կարելի եղած է կատարել այս տեղեկատուութիւնը: Հոս կան հարիւրաւոր ծանօթագրութիւններ, որոնք կը յստակացնեն ծածկագիր անուններն ու տեղանունները: «Պոլսէն առաքուած ու Սոֆիա ստացուած թղթակցութեան ամբողջութիւնը պահպանուած է Պոլսոյ թղթածըրարներուն մէջ: Անոր բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրին արձանագրուած եւ տարբեր թղթածըրարներու մէջ գտնուած փաստաթուղթերու ամբողջութիւնը կը տրուի» այս բաժնով:

Բ. բաժինը (էջ 234- 262) կը կրէ «Մուսալեռցիները Եգիպտոսի մէջ» վերնագիրը: 18 փաստաթուղթեր ներկայացուած են` ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ժողովներու ատենագրութիւններ, անդամացուցակ, տարբեր մարմիններու առաքուած նամակներ եւ տեղեկագիրներ:

Յատկապէս պատմական մեծ նշանակութիւն ունի արեւելեան բիւրոյին ուղարկուած «Տեղեկագիր Սուէտիոյ հայոց ապստամբութեան մասին» փաստաթուղթը, որ կը յստակացնէ Դաշնակցութեան դերը ապստամբութեան մէջ: Ամփոփ վեց էջերով ներկայացուած է պատմական հերոսամարտը` յստակացնելով շատ մը անորոշ մնացած դէպքեր:

Բոլորովին նորութիւն է նաեւ Սերոբ Շերպեթճեանի, Նարեկ Աբրահամեանի եւ Յ. Ապաճեանի նամակը,որ կը խօսի 1916-ի աշնան ֆրանսական մարտանաւով մը 4 երիտասարդներու Մուսա Լեռ կատարած այցելութեան մը մասին…

Այս բաժնին մէջ կան հետաքրքրական նորութիւններ` մանաւանդ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուսումնասիրեն Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը:

Գ. բաժինը (էջ 234- 262) ունի «Ռոստոմ եւ 1917 թ. Ընկերվար միջազգայնականի խորհրդաժողովը Սթոքհոլմի մէջ» վերնագիրը: Ներկայացուած են 7 փաստաթուղթեր, որոնցմէ յիշենք Միքայէլ Վարանդեանի հեռագիրը Սթոքհոլմի համագումարին, Ռոստոմի ելոյթը, ՀՅ Դաշնակցութեան միջազգայնականի խորհրդաժողովին ներկայացուցած ծաւալուն (35 էջ) յուշագիրը եւ այլ նամակներ: Փաստաթուղթերը ներկայացուած են իրենց բնագիր օտար լեզուներով, որոնց կողքին ներկայացուած են թարգմանութիւնները: Մեծարժէք է մանաւանդ ՀՅ Դաշնակցութեան յուշագիրը, որ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին կրած կոտորածները եւ Հայ դատի լուծման կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը` մանրամասն վերլուծումներով:

Դ. բաժինը ունի «Յետեղեռնեան վկայութիւններ (էջ 309-405) վերնագիրը: Այս բաժինը շուրջ 100 էջերով կը ներկայացնէ «Թուրքիոյ տարածքին գործուած չարագործութեանց, ջարդերու, կրօնափոխութեանց, հայապատկան հարստութեանց իւրացման մասին փաստացի տուեալներ` հարիւրաւոր վկայութիւններով»:

«Ներկայացուած նիւթերը կը վերաբերին 1915-1918 տարիներու հայկական կոտորածներուն եւ տարագրութեան: Անոնք կազմուած են ընդհ. պատերազմի աւարտին, զինադադարի առաջին ամիսներուն,երբ Դաշնակից յաղթական զօրքերը մուտք գործած էին Կ. Պոլիս եւ Մեծն Բրիտանիոյ Բարձր կոմիսարութիւնը դարձած էր ձեւով մը պարտեալ Թուրքիոյ հոգատար վերին իշխանութիւնը: Այս վերջինը ձեռնարկած էր փաստահաւաքի գործին, որպէսզի թրքական ռազմական ատեանի միջոցով դատուին ու պատժուին պատերազմական ոճրագործները»:

Այս վկայութիւնները գրուած են ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Բնագիրներու կողքին ներկայացուած են թարգմանութիւնները:

Այս բաժնին մէջ ներկայացուած են ընդհանուր վկայութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ հայկական տարբեր շրջաններուն մէջ (Մուշ, Կարին, Տրապիզոն, Սեբաստիա, Խարբերդ, Տիգրանակերտ, Անգարա, Կեսարիա, Գոնիա, Կիլիկիա, Պրուսա, Ուրֆա…) գործադրուած կոտորածները:

Ե. բաժինը կը կրէ «Վկայութիւններ Հալէպ հաւաքուած վերապրողներու (էջ 406 -434): Հոս ներկայացուած են 11 փաստաթուղթեր:

«Հոս կը ներկայացուին իւրաքանչիւր նահանգի մէջ թուրքերու եւ քիւրտերու գործած զանգուածային ջարդերը, տեղահանութեանց ու տարագրութեան ընթացքին հայերու վրայ ի գործ դրուած զանազան բռնութիւնները, առեւանգումները, բռնի կրօնափոխութիւնը եւ այլն: Կը տրուին նոյնպէս հայրենի երկրին մէջ հայոց կրած մարդկային եւ նիւթական կորուստները: Յատկանշական եւ պատմական արժէք կը ներկայացնեն մասնաւորաբար Էրզրումի, Սեբաստիոյ եւ կարգ մը այլ շրջաններու վերաբերող զեկուցագրերը, որոնք ազգագրական եւ տնտեսական բնոյթի կարեւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն»:

Հոս նաեւ կարգ մը փաստաթուղթեր ներկայացուած են իրենց օտար լեզուի բնագիրներով, որոնց կողքին թարգմանութիւնը:

Ահաւասիկ ԺԲ. հատորի բովանդակութիւնը իր հինգ բաժիններով:

Հատորի աւարտին (էջ 436- 452) ներկայացուած են անձնանուններու եւ տեղանուններու ամբողջական ցանկեր, որոնք մեծապէս կը դիւրացնեն ուսումնասիրողներու աշխատանքը: Յայտնենք նաեւ, թէ իւրաքանչիւր բաժնի սկիզբը տրուած են բացատրական խօսքեր, որոնք կը յստակացնեն ներկայացուած նիւթերու բնոյթն ու կարեւորութիւնը:

Արժէ յիշել նաեւ, որ մեծ ու բծախնդիր աշխատանք տարուած է յստակացնելու համար շատ մը գրութիւններու հեղինակները, շրջաններու ճշգրիտ անունները եւ շատ մը անորոշութիւններ:

Ե. Հատորի Հրատարակութենէն Ետք

«Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» ԺԲ. հատորը արդէն կը գտնուի ընթերցողին տրամադրութեան տակ: Ան լոյս տեսած է Համազգայինի« Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն` որակաւոր տպագրութեամբ եւ լաթակազմ:

Այս հրատարակութեամբ վարագոյրը բացուած է ՀՅԴ արխիւներուն մէջ գտնուող եւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող բոլոր փաստաթուղթերուն վրայ:

Իւրաքանչիւր հայորդի, որ հետաքրքրուած է Հայ դատով, անպայման պէտք է կարդայ այս խիստ արժէքաւոր հրատարակութիւնը:

Ակնկալելի է նաեւ, որ այս հատորը թարգմանուի օտար քանի մը լեզուներու, որպէսզի մատչելի դառնայ օտար ուսումնասիրողներուն` որպէս սկզբնաղբիւր Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Օգոստոս, 2016
Մուսա Լեռ, Այնճար

 

«ԱԶԴԱԿ»

 

Տպել Տպել