«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքը 7 Տարեկան Է

Հայ-արաբական յարաբերութիւններու նոր օղակ մը հանդիսացաւ «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը` ելեկտրոնային միջոցով արաբ ընթերցողին եւ արաբախօս հայերուն մատուցելով հայկական թեմայով բազմատեսակ նիւթեր:
aztag-arabic-4_82416 (1)

Սեպտեմբեր 2009-էն ի վեր «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը կը շարունակէ հրապարակել Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին լուրեր եւ վերլուծումներ: Միւս կողմէ, արաբական երկիրներու մէջ գործող Հայաստանի դեսպանատուներու, ինչպէս նաեւ հայկական գաղութներու կազմակերպած ձեռնարկները իրենց տեղը կ՛ունենան կայքին վրայ:aztag-arabic-1_82416

Մեկնելով այն իրականութենէն, որ հայկական թեմաներով որոշ պատմական գիրքեր հասանելի չեն այլեւս, «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը վերջին շրջանին նախաձեռնեց նման գիրքերու հրապարակման` հերթաբար հատուածներու ձեւով. դրութիւն մը, որ գնահատանքի արժանացաւ արաբ հետազօտողներուն կողմէ, ինչպէս օրինակ Արամ Տէր Ղեւոնդեանի «Արաբական էմիրութիւնները Բագրատունեաց Հայաստանի մէջ» գիրքը` Ալեքսան Քեշիշեանի թարգմանութեամբ, ինչպէս նաեւ թղթակից Թաթուլ Յակոբեանի «Արցախեան օրագիր» գիրքը, եւ դեսպան փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի «Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքը:

Հաւատարիմ մնալով անցնող տարիներու իր ընթացքին, «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը այս տարի եւս հետամուտ էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը լուսարձակի տակ առնելու եւ զանազան երկիրներու ու քաղաքներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչման լուրերը հաղորդելու:

Յատկանշական էր Ռիօ-2016 ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի մասնակցութեան մասին կայքին սփռած եւ լայն տարածում ունեցած լուրերը եւ վերլուծումները, որոնք յատուկ կերպով կը պատրաստուէին կայքին համար:

«Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը կ՛արձագանգէ նաեւ Հայ դատի գրասենեակներու գործունէութիւններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Սիսի դատական պահանջի զարգացումները, արաբերէն լեզուով հրատարակուած գիրքերու գրախօսականներուն տեղ կու տայ, կը մեկնաբանէ նաեւ հայկական հարցերուն առնչութեամբ արաբ թղթակիցներու կամ գրողներու կողմէ հրատարակուած նիւթերը:

«Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը Դիմատետրի եւ Թուիթըրի դրութիւններով առիթ կ՛ընձեռէ իր ընթերցողներուն հայկական նիւթեր քննարկելու եւ տարածելու:

aztagdaily.com

25/08/2016

Տպել Տպել