«Հայրենիք»ի խմբագրական. Յերիւրածոյ եւ շինծու մեղադրանքներ

FotorCreatedԹուրքիոյ փոքրամասնութեանց դէմ շղթայազերծուած են յերիւրածոյ եւ շինծու մեղադրանքներ, որոնց առաջին շարքին կը գտնուի բնականաբար տեղւոյն հայութիւնը:
Յատկապէս Յուլիս 15-ի կատարուած պետական հարուածի ձախող փորձէն ետք, կացութիւնը աւելի վատթարացած կը թուի ըլլալ: Անգամ մը եւս քաւութեան նոխազը փոքրամասնութիւններն են:

Տասնեակ մը օրերէ ի վեր Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պատերուն վրայ անծանօթներ ցեղապաշտական եւ սպառնական բնոյթով նախադասութիւններ գրած են։ Բան մը որ նորութիւն չէ, եւ միշտ ալ կատարուած է հաւանաբար ալ պիտի կատարուի, սակայն այս անգամուայ «կրաֆիթի»ին բովանդակութիւնն է որ մտահոգիչ կը թուի:

Այդ գրութեան ետին գտնուող խուլիկանները ինքզինքնին ներկայացուցած էին իբրեւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին անդամներէն եւ ծայրայեղ կրօնամոլական «Գորշ Գայլեր»ու ղեկավարներէն՝ Ապտուլահ Չաթլիի (1956-1996) հետեւորդները: Պահելով այդ ատելութեան չափն ու չափազանցութիւնը, այդ անծանօթ խուլիկանները, Սուրբ Խաչի պատին վրայ նշած էին Թուրքիոյ այլ ազգայնամոլ թագաւորներէն մէկուն անունը, տեղեկացնելով թէ բերած են Քուրշաթ թագաւորին ատելութիւնը՝ «Տանջա՛նք հայերուն. ձեզի Քուրշաթի քէնը բերած ենք»:

Թէ ո՞վ կը կանգնի այս անծանօթ սպառնացողներուն ետին: Զարմանալիօրէն յստակ է, թէ պղտոր ջուրին մէջ որսացող ձկնորսները որո՞նք են:
Ներթրքական հարցերը այնքան մը բարդ ու բեւեռացած վիճակի մէջ են, որ յատկապէս Սուլթանամէտ Էրտողան եւ ոխերիմ թշնամի՝ Ամերիկաբնակ Կիւլէն իրարու դէմ ամէն տեսակի ցեխարձակումներ կը կատարեն:

Խնդրոյ առարկայ սպառնալիքներն ու նուաստացումները, այնքան մը յերիւրածոյ եւ շինծու են որ, նոյնինքն կացութեան մօտիկ դէտը կրնայ ենթադրել թէ ատելութեան մակարդակը որքան անհանդուրժելի եւ վտանգաւոր իրավիճակի առջեւ կը գտնուի:

Այդպիսի մակարդակի հաստատութիւն մըն էր, այն մէկ տեղեկութիւնը (կամ աւելի ճիշտը՝ ապատեղեկութիւնը) թէ, Էրտողանի ոխերիմ գաղափարակից թշնամի Կիւլէնը, ոչ թէ միայն քրիստոնեայ աշխարհին հետ կապեր ունի, տեսակցած է Պապին հետ — Արդեօք մեղք մը գործե՞լ է, այդ ալ Փրանկիսկոս Պապին նման անձնաւորութեան մը հետ տեսակցիլը — եւ կ՛աղօթէ հրեաներուն նման, այլ նաեւ ծագումով հայ է:

Այս թունաւոր եւ ազգայնամոլ յայտարարութիւններու լոյսին տակ, ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան՝ Սելինա Տողան, իր կողքին ունենալով այլ գաղափարակից երեսփոխաններ, բողոքի նամակ մը յղեց արդարադատութեան նախարարութեան, ահազանգելով թէ կատարուածը փոքրամասնութիւններուն դէմ ցեղապաշտական քայլ մըն է:

Թուրքիոյ ազգային շահերուն դէմ աշխատող կամ այլախոհ անձնաւորութիւն մը նկատուելու պատրուակով հազարաւորներ կը ձերբակալուին:

Միթէ, այդ գրգռիչ գրութիւններու ետին պատկանող անծանօթները, միեւնոյն փաղանգին մաս չե՞ն կազմեր, մանաւադ երբ նոյնինքն Էրտողանի խօսքերով, երկրի միութեան ու միասնութեան համար Թուրքիոյ բոլոր միաւորները ձեռք ձեռքի տուած են եւ կը գործեն յաչս խաղաղութեան…կամ նոյնինքն Էրտողանի կուսակցութեան անունը օգտագործելով՝ արդարութեան եւ բարգաւաճման:

hairenikweekly.com

22/08/2016

Տպել Տպել