«Գանձասար»ի խմբագրական. Քրտական Գործօնի Օգտագործումով Քաոսի Յառաջացում

FotorCreatedՀասիչէի մէջ վերջին օրերուն սուրիական բանակին եւ քրտական «Ասայշ» զինուորական թեւին միջեւ սաստկացող բախումները ցոյց կու տան, որ ԱՄՆ-ը Սուրիան բաժնելու ծրագիրի ձախողութենէն ետք, կը փորձէ քրտական գործօնը օգտագործել` գէթ շրջանին մէջ ռազմավարական իր շահերը պաշտպանելու եւ ռուսական ազդեցութիւնը սահմանափակելու համար:

Սուրիոյ տարբաժանման ծրագիրով, ԱՄՆ-ը եւ արեւմուտքը իրենց դաշնակիցներուն գործակցութեամբ, սուրիական տագնապի առաջին օրերուն փորձեցին Սուրիան բաժնել փոքր պետութիւններու` հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ: Անոնք կը միտէին յատկապէս իրարմէ անջատել դիմադրութեան առանցքին բաղադրիչները (արեւելքէն Իրանը, իսկ արեւմուտքէն Սուրիան եւ Հըզպալլան) եւ հակակշռի տակ պահել նոյն առանցքին մաս կազմող իրաքեան թեւը:

Սուրիան իր դաշնակիցներուն զօրակցութեամբ յաջողեցաւ ձախողութեան մատնել բաժանումի այս ծրագիրը: ԱՄՆ այս անգամ փորձեց արիւնաքամ պատերազմի մէջ ներքաշելով հիւծման ենթարկել սուրիական բանակը` բախումներու զանազան ճակատներ բանալով Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ` հիւսիսէն հարաւ:

Սուրիա այս վտանգին եւս կուրծք տուաւ, իր դաշնակիցներուն օժանդակութեամբ ամրացնելով պաշտպանողական իր համակարգը, զինուորական գետնի վրայ իր աննահանջ պայքարին կողքին ամրապնդելով Ռուսիա-Սուրիա-Իրան դաշինքը: Վերջերս այս դաշինքին միանալու փափաք յայտնեց նաեւ Չինաստանը:

Աւելի ուշ Իրաքին կողքին Թուրքիան եւս ռուսական օդուժին դիմաց Ինճիրլիք ռազմակայանի օգտագործման հաւանականութեան խաղաքարտը երեւան հանեց:

Այս զարգացումներուն դիմաց ակնյայտ էր, որ սուրիական բանակը արիւնաքամ դարձնելու փորձը պիտի չյաջողէր: ԱՄՆ յատկապէս ընտրութիւններու նախօրէին, սուրիական տագնապին մէջ ի նպաստ իրեն դրական տեղաշարժ մը յաջողցնելու միտումով դիմեց քրտական գործօնի օգտագործման:

Այս գործօնի օգտագործումը ինքնին կը յուշէր, որ ձախողած է Սուրիան փոքր պետութիւններու բաժնելու տարբերակը, իսկ ԱՄՆ-ին համար կը մնայ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ քրտական ինքնավար շրջան մը ստեղծելու տարբերակին օգտագործումը: Շրջան մը, ուր կը բնակին 700 հազար սուրիացի քիւրտեր, որոնց կողքին 3 միլիոն արաբ սուրիացիներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ: Ծրագիր մը սակայն, որ ի սկզբանէ անիրականանալի կը թուի ըլլալ քանի մը տուեալներով.

-Սուրիոյ պետութիւնը տագնապի առաջին իսկ օրէն ոգի ի բռին պայքարեցաւ` դէմ դնելու Սուրիոյ բաժանման ծրագիրին: Այս օրերուն եւս սուրիական պետութիւնը բնականաբար ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պահպանելու երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը:

-Սուրիոյ մէջ ապրող բոլոր քիւրտերը, նոյն դիրքորոշումը չունին ներկայ պայմաններու լոյսին տակ. սուրիական հողերուն վրայ ինքնավար շրջան մը հաստատելու ուղղութեամբ: Քրտական որոշ կողմեր սուրիական ամբողջականութեան պահպանումով մէկտեղ, որոշակի ազատութիւններ վայելելու տարբերակին մէջ կը տեսնեն իրենց հարցին հանգրուանային լուծումը: Այս կողմերը սուրիական ներքին, ազգային ընդդիմութեան մաս կազմելու արեւելումին կը թեքին: Այսուհանդերձ գոյութիւն ունի քրտական թեւ մը, որ կը ձգտի օգտուիլ քաղաքական պահէն եւ ինքնավար շրջան հաստատել:

– Տարածաշրջանային ուժերու վերադասաւորման լոյսին տակ ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ Ռուսիան եւ ոչ ալ Իրանը համամիտ պիտի ըլլան քրտական ինքնավար շրջանի մը հաստատման, որովհետեւ այս պարագային անոնք խախտած պիտի համարեն իրենց ազգային անվտանգութիւնը: Այս հիմնաւորումով է, որ Թուրքիան վերջին շրջանին բուռն կերպով կը հրթիռակոծէ Ճարապլուսը` կանխելու ՏԱՀԵՇ-ին փոխարինող քրտական ներկայութիւնը այդ աւանին մէջ:

-Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի բնակչութիւնը հարիւր տոկոսով քիւրտերէ բաղկացած չէ, հետեւաբար շատեր բնականաբար դէմ պիտի ըլլան շրջանին դիմագիծը փոխող գոյավիճակի մը յառաջացման: Բնակչութեան այս խումբին պատկանող շերտերը պիտի նախընտրեն զօրակցիլ Սուրիոյ պետութեան եւ սուրիական բանակին` բացառելու Սուրիոյ տարբաժանման առաջնորդող եւ իրենց համակեցութիւնը խախտող իւրաքանչիւր ծրագիր:

Նշեալ տուեալներու լոյսին տակ, սուրիական հողերուն վրայ քրտական ինքնավար շրջանի մը դիպաշարը կեանքի կոչելու հաւանականութիւնները նուազ կը թուին ըլլալ: Կը մնայ յուսալ, որ ԱՄՆ-ին կողմէ որպէս խաղաքարտ օգտագործուող տարրերը ստեղծուած այս քաոսին մէջ քաւութեան նոխազ չդառնան:

«Գ.»

Տպել Տպել