Ակնարկ. Թոյլատրուած Ներխուժում

FotorCreatedԱրդէն պարզ է եւ համատարած համոզում, որ Ժարապլոսը ՏԱՀԵՇ-ի ուժերէն ազատագրելը գլխաւոր նպատակ յայտարարած Անգարան միայն այդ նպատակը իրականացնելու համար չէ, որ կը համարձակէր ներխուժել Սուրիա: Միջազգային լրատուութիւնը թէեւ ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացման գործողութեան վրայ դրաւ շեշտերը թրքական ներխուժման շարժառիթները բացատրելու համար, այսուհանդերձ Էրտողան ինք չէր թաքցուցած շարժառիթներու համատեղումը` յստակացնելով, որ ներխուժումը կը շղթայազերծուի ՏԱՀԵՇ-ը եւ քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները չէզոքացնելու համար:

Շարժառիթներու այս համատեղումը կը բացատրէ թրքական քայլին համարձակութիւնը, աւելի ճիշդը` ներխուժման համաձայնուածութիւնը: Ընդ որում ոչ միայն մերձեցման գործընթացի մէջ եղող Մոսկուայի հետ:

Այսպէս. մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետ կամ գուցէ նոյնիսկ մէկ քայլ առջեւ մէկ քայլ ետ ընդհանուր մարտավարական մօտեցումը համակողմանիօրէն կը կիրարկուի Սուրիոյ մէջ: Ուաշինկթըն մէկ կողմէ կը զգուշացնէ բոլորը, որ Հասաքէի կռիւներուն զգուշանան հարուածելէ Միջազգային դաշինքի ուժերն ու այդ շրջագիծին մէջ նաեւ քիւրտերը. կը շարունակէ աջակցիլ ինքնավար Քիւրտիստանի ստեղծման համար կայացող նախադրեալներուն, չ՛արտօներ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն հատել սուրիական Քիւրտիստանի օդային տարածքը, միւս կողմէ Անգարա մեկնած փոխնախագահին ճամբով Սուրիոյ քրտական ուժերուն կոչ կ՛ուղղէ Եփրատ գետի արեւմտեան ափէն նահանջելու դէպի արեւելեան ափը` ընդգծելով, որ անոնք որեւէ պարագայի չեն կրնար ստանալ եւ պիտի չստանան ամերիկեան աջակցութիւն, եթէ այդ յանձնառութիւնը չյարգեն:

Այսինքն քիւրտերը յառաջխաղացքի սահման ունին, զոր հատելը կ՛արգիլուի Ուաշինկթընի կողմէ: Աջակցութիւնը որոշ տարածքի վրայ քրտական վերահսկողութիւն հաստատել է, այն որ կը համընկնի տարածաշրջանի վերաձեւման ընդհանուր ծրագիրին: Անկէ անդին արգիլուած է յառաջանալ:

Ներխուժման օրը Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին ժամանումը Անգարա եւ քրտական շարժումներուն սահման դնելու ուղղութեամբ կատարած յայտարարութիւները պարզ կը դարձնեն նաեւ տեղի ունեցած ներխուժման ամերիկեան թոյլտուութիւնը: Թուրքերը միաժամանակ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները հեռացնելով Ժարապլոսէն կ՛արգելակեն նաեւ քրտական ուժերու տարածուելու գործընթացը:

Այստեղ է փաստօրէն ամերիկեան եւ թրքական շահերու կարճաժամկէտ համատեղելիութիւնը: Բայց այս ներխուժումը երկար կտրուածքի վրայ չի կրնար փարատել Անգարայի մղձաւանջը: Ուաշինկթըն այս ձեւով պարզապէս սահմանագծած է քրտական ներկայութեան հաստատման աշխարհագրութիւնը: Այդ չի նշանակեր, որ սուրիական Քիւրտիստանը դուրս կու գայ աշխարհաքաղաքական օրակարգէն եւ չի սպառնար աւելի հեռակայ ծրագիրներով Թուրքիոյ մասնատման: Եւ չէ բացառուած, որ ինչպէս թրքական առաջին ներխուժման փորձը, որ շատ կարճ տեւողութիւն ունեցաւ, Անգարան համաձայնեցուած զինուորական առաքելութիւն իրականացնելէ ետք վերստին քաշուի իր սահմաններէն ներս: Անշուշտ, առաջին ներխուժումի պարագային տարբեր էին պայմանները, յատկապէս Ռուսիոյ հետ կապուած: Երբ մայիս ամսուն թրքական բանակը ընդամէնը 700 մեթր ներխուժեց Սուրիոյ տարածք, Ռուսիան, որ այդ ժամանակ լարուած յարաբերութիւններու մէջ էր Թուրքիոյ հետ, անմիջապէս կոշտ դիրքորոշում որդեգրեց եւ սպառնաց անոր` յայտարարելով, որ կատարուածը նախայարձակում է, միջազգային նորմերու կոպիտ խախտում. չկայ որեւէ հիմք խախտելու անկախ պետութեան իրաւունքները, չկայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի միջազգային որոշումը եւ այլն:

Ուրեմն այստեղ կար նաեւ ռուսական համաձայնութիւնը հասկնալիօրէն: Այս գործողութեան դիմաց եւ անկէ առաջ Անգարան ամէնէն բարձր մակարդակներով բարձրաձայնած էր Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ պաշտօնական Դամասկոսի հետ յարաբերութիւններ վերաձեռնարկելու ռուսական վարքագիծին հետ հաշտ ընթացող այլ կէտերու մասին:Չմոռնանք սակայն, որ Հասաքէի մէջ քիւրտ-կառավարական ուժեր բախումներու զսպման մէջ ռուսական գործօնը դերակատար էր. ի վերջոյ քիւրտերը յստակ առաւելներով դուրս եկան Հասաքէի բախումներէն` ամրապնդելով տարածքին վրայ իրենց վերահսկողութիւնը:

Մէկ քայլ առաջ մէկ քայլ ետ այս ընդհանուր մօտեցումներուն մէջ կարելի չէ չնկատել Իրանի գործօնը, որ անպայման նկատի կ՛ունենայ Արեւմուտքի եւ յատկապէս Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ընդհանուր միտումները: Անգարա-Թեհրան-Մոսկուա նոր ձեւաւորուող առանցքին մաս կազմելով հանդերձ, Թեհրան ոչ միայն ծանր ոճով քննադատեց Անգարան, այլ ուղղակի կասեցուց իր տրամադրած ռազմակայաններու օգտագործումը ռուսական օդուժին համար: Իրանի ներգրաւուածութիւնը եւս այս բոլորին անպայման հաշուի առած է եւ կ՛առնէ Ուաշինկթընի հետ իր յարաբերութիւններու բնականոնացումը: Աջակցելով քիւրտերուն սահմանափակել անոնց յառաջխաղացքը` նկատի ունենալով Իրանի մէջ ապրող քիւրտ ազգաբնակչութեան համրանքը:

Բոլոր նախադրեալները ցոյց կու տան, որ Անգարան ՏԱՀԵՇ-ի եւ քիւրտերու դէմ պատերազմելու շահերու համատեղելիութեան կարճաժամկէտ մարտավարութեամբ կազմակերպած է թոյլատրուած ներխուժում: Ժարապլոսի ներխուժումը ժամանակաւոր իրավիճակ ստեղծելով չի յաջողիր աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ առաւել ձեռք բերել տալ Անգարային: Անգարան այս ձեւով կը փորձէ իրականացնել միջազգայնօրէն մերժուած եւ իր կողմէ անընդմէջ առաջադրուող անվտանգութեան գօտիի ծրագիրը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել