Անդրադարձ. Սանձում Եւ Սահմանագծո՞ւմ

Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ը 20 օգոստոս 2015-ին հաղորդեց, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն գոյացուցած են սուրիական Ժարապլոս եւ Մարէ քաղաքներուն միջեւ երկարող տարածքը մաքրելու ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն եւ պահպանելու (ինչ որ ցամաքային ուժերու մասնակցութիւն կ՛ենթադրէ), ապա զայն յանձնելու Սուրիական ազատ բանակին: Երկու երկիրներուն ստորագրած փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթին համաձայն, թրքական ռմբաձիգներ պիտի միանան նշեալ շրջանը ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութենէն ձերբազատելու համար կատարուող օդային հարուածներուն: Երկու երկիրները նաեւ պիտի աջակցին գետնի վրայ գտնուող ընդդիմադիր ուժերուն: Ծրագիրը նաեւ կը նախատեսէ ՏԱՀԵՇ-ը շրջանէն դուրս մղելէ ետք` Թուրքիոյ մէջ գտնուող գաղթականներ կամաւորաբար ուղարկել այդ շրջան: Երկու երկիրները նաեւ բերանացի համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան պիտի չարտօնուի Եփրատ գետէն դէպի արեւմուտք անցնիլ, ինչպէս նաեւ պիտի կանխարգիլուի, որ կուսակցութիւնը եւ Սուրիոյ բանակը լեցնեն ՏԱՀԵՇ-էն դատարկուած շրջանները:vaho_82616

Ժարապլոսի շրջանին մէջ թրքական բանակին եւ ամերիկեան օդուժին մասնակցութեամբ 24 օգոստոսին շղթայազերծուած գործողութիւնը ճիշդ մէկ տարի առաջ ստորագրուած վերոնշեալ փոխադարձ հասկացողութեան գործադրութիւնն է:

Եթէ գոյութիւն ունի Սուրիոյ մէջ դաշնակցային դրութիւն հաստատելու ծրագիր մը, ապա անոր ուրուագծումը կարելի է նշմարել հիւսիսային Սուրիոյ զարգացումներուն մէջ: Սուրիոյ քիւրտերը 17 մարտ 2016-ին արդէն յայտարարած էին Հիւսիսային Սուրիոյ Ռոժաւա (Արեւմտեան Քիւրտիստան) դաշնակցային մարզը, որ ըստ այդ յայտարարութեան, պիտի ըլլայ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: Անոնք ընդգծած էին, որ իրենք անջատողական ձգտումներ չունին եւ սուրիական աշխարհագրութեան անբաժանելի մէկ մասն են` աւելցնելով. «Դաշնակցային դրութիւնը դաշնակցային Սուրիոյ մէջ ապակեդրոնացեալ, բազմակարծական ժողովրդավարական կառավարման տիպ մըն է»: Քիւրտերը իրենց մարզին սահմանները չէին ճշդած:

24 օգոստոսին թրքական բանակի շղթայազերծած գործողութեամբ կը կատարուի Սուրիական ազատ բանակին յանձնուելիք տարածքին եւ «Հիւսիսային Սուրիոյ Ռոժաւա»-ի գործնական սահմանագծումը: Երկու տարածքներուն միջեւ բնական սահման ճշդուած է Եփրատ գետը. արեւելեան ափը` քիւրտերուն, իսկ արեւմտեան ափը` Սուրիական ազատ բանակին կամ սիւննիներուն: Քրտական ուժերը Եփրատ գետի արեւմտեան ափին վրայ գտնուող Մընպեժ քաղաքի ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրութեան ամերիկեան գործողութեան մէջ կեդրոնական դերակատարութիւն ստանձնած էին: Միացեալ Նահանգներ մայիս 2016-ին նշեալ գործողութեան շղթայազերծումէն ետք Թուրքիոյ խոստացան, որ անոր ազատագրումէն ետք քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ուժերը պիտի հեռանան քաղաքէն: Անոնք 17 օգոստոսին վերյիշեցուցին, որ յանձնառու կը մնան այդ խոստումին: Փենթակոնի բանբեր Ատրիան Ռանքին Կալաուէյ ընդգծեց. «Մենք այս գործողութեան մէջ բոլորին շատ յստակ յայտնեցինք, որ նպատակը Մընպեժի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելն է եւ քաղաքը վերադարձնելը տեղւոյն բնակչութեան»: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն 24 օգոստոսին Անգարա տուած իր այցելութեան ընթացքին սուրիացի քիւրտերու ուժերուն կոչ ուղղեց Եփրատ գետի արեւմտեան ափէն նահանջելու դէպի արեւելեան ափը` ընդգծելով. «Որեւէ պարագայի անոնք չեն կրնար ստանալ, պիտի չստանան ամերիկեան աջակցութիւն, եթէ այդ յանձնառութիւնը չյարգեն»: Արաբ Բունարի ճակատամարտէն մինչեւ օրս իրենց արձանագրած յաջողութիւնները ամերիկեան աջակցութեան պարտող քիւրտերը չեն կրնար անտեսել այդ զգուշացումը, ահա թէ ինչո՛ւ անոնք երէկ յայտարարեցին, թէ կը հեռանան Մընպեժէն: Քիւրտերը կանգնած են երկընտրանքի մը առջեւ. կա՛մ բաւարարուիլ ներկայ ձեռքբերումներով կա՛մ ալ սուղ գին վճարելով կորսնցնել ամէն բան:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիան Սուրիա ներխուժած է քիւրտերը Եփրատի ձախ ափ վերադարձնելու համար»: Հարցը այն է, որ քրտական ուժերը կը ձգտին հասնիլ մինչեւ Աֆրին` զայն կցելու համար մինչեւ Իրանի սահման երկարող քրտական միջանցքին: Այդպիսի քայլ մը իրողապէս աշխարհագրական մեկուսացման ու պաշարման օղակի մէջ կ՛առնէ ենթադրեալ սիւննիական քանթոնը, որուն համար դէպի Թուրքիա ելք ունենալը խիստ կենսական է: Աւելի՛ն, քիւրտերու ծրագիրի յաջողութեան պարագային Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ստեղծուած քրտական պատին պատճառով Թուրքիան դուրս կը մնայ Սուրիոյ տագնապի լուծման հոլովոյթէն եւ կը կորսնցնէ բանակցութիւններուն վրայ ամէն ազդեցութիւն:

Այս բոլորը մտածել կու տան, որ թրքական բանակի` ամերիկեան օրհնութեամբ ու աջակցութեամբ շղթայազերծած գործողութեան նպատակը պարզապէս քրտական երազին սանձումը չէ, այլ նաեւ «Սուրիոյ դաշնակցային հանրապետութեան» ենթադրեալ ծրագիրին մէջ սահմանագծումներու սկիզբը: Թերեւս այս ծիրին մէջ պէտք է ընկալել Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանիի 24 օգոստոսին` թրքական գործողութեան շղթայազերծման օրը Թուրքիայէն կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Կը թուի, թէ շրջանին մէջ մեծ փոփոխութիւններ պիտի արձանագրուին, ուստի անհրաժեշտ է աւելցնել համակարգումը»:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել