1 Սեպտեմբեր 1966. Արցախի վերամիացումը պահանջող Խորհրդային Հայաստանի խնդրագիրը՝ Քրեմլինի իշխանութեանց

Սեպ­տեմ­բեր 1ի այս օ­րը, 50 տա­րի ա­ռաջ, ­Խորհըր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան խնդրագ­րե­րով դի­մեց ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ Ար­ցա­խը մայր հայ­րե­նի­քին վե­րա­միաց­նե­լու պա­հան­ջով։

Իր տե­սա­կին մէջ ա­ռա­ջին եւ միակ դի­մու­մը չէր 1966ի այդ քայ­լը։map-1-9-2016

1923ին Ք­րեմ­լի­նի կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան՝ ո­րո­շա­պէս Ս­տա­լի­նի ձե­ռամբ գոր­ծո­ւած մեծ յան­ցա­գոր­ծու­թե­նէն, փաս­տօ­րէն մայր հայ­րե­նի­քի հետ ա­ռանց ցա­մա­քա­յին կա­պի սահ­մա­նագ­ծո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մար­զի (Լ.Ղ.Ի.Մ.) ստեղ­ծու­մէն ետք, հայ ժո­ղո­վուր­դը բնաւ չհա­մա­կեր­պե­ցաւ կա­տա­րո­ւած ա­նար­դա­րու­թեան։

Թէ՛ ժո­ղովր­դա­յին եւ թէ ­Կոմ­կու­սի ղե­կա­վար հայ գոր­ծիչ­նե­րու կող­մէ պար­բե­րա­բար կա­տա­րո­ւե­ցան Ար­ցա­խի վե­րա­միաց­ման պա­հան­ջով դի­մում­ներ։ ­Ժո­ղովր­դա­յին ստո­րագ­րա­հա­ւաք­նե­րով եւ պաշ­տօ­նա­կան խնդրագ­րե­րով՝ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տանն ու Լ.Ղ.Ի.Մ.ը տէր կանգ­նե­ցան Ար­ցա­խի վե­րա­միաց­ման պա­հան­ջին։

Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան տի­րա­կա­լու­թեան տակ ստոյգ կոր­ծա­նու­մը կը սպառ­նար հայ­կա­կան ար­ծո­ւե­բոյ­նին։ ­Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն քայ­լի դի­մե­ցին, որ­պէս­զի ինչ­պէս ­Նա­խի­ջե­ւա­նը՝ նոյն­պէս եւ Ար­ցա­խը ա­պա­հա­յաց­նեն, ոչ միայն հայ­կա­կան հի­նա­ւուրց քա­ղա­քակր­թու­թեան ա­մէն հետք ոչն­չաց­նե­լով, այ­լեւ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն հա­յա­թափ­ման են­թար­կե­լով հայ­րե­նի մեր հո­ղե­րը։

Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րո­ւան պաշ­տօ­նա­կան բա­ցատ­րու­թեամբ, խորհր­դա­յին լու­ծի տակ, «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ Ադր­բե­ջա­նի խտրա­կա­նու­թիւնն իր ազ­դե­ցու­թիւնն ու­նե­ցաւ նաեւ ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան վրայ եւ դար­ձաւ վեր­ջի­նիս գաղ­թի հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը: Ար­դիւն­քում, ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւ­նը փո­փո­խո­ւեց. ե­թէ 1923 թո­ւա­կա­նին հա­յե­րը կազ­մել են ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան 94,4 տո­կո­սը, ա­պա 1989թ. տո­ւեալ­նե­րով հա­յե­րի թի­ւը նո­ւա­զել է մին­չեւ 76,9 տո­կո­սի: ­Հա­յա­թափ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ա­ռա­ւել յա­ջող ըն­թա­ցաւ մէկ այլ հայ­կա­կան տա­րած­քում՝ ­Նա­խի­ջե­ւա­նում:

«Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ժո­ղո­վուր­դը եւ ­Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ­Ղա­րա­բաղն Ադր­բե­ջա­նա­կան Խ.Ս.Հ.ին փո­խան­ցե­լու ո­րո­շու­մը վե­րա­նա­յե­լու խնդրան­քով՝ Խ.Ս.Հ.Մ. կենտ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րին ուղ­ղո­ւած բազ­մա­թիւ դի­մում­ներ են յղել, ո­րոնք ան­տե­սո­ւել են կամ մեր­ժո­ւել՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով նա­խա­ձեռ­նող­նե­րի հան­դէպ կի­րա­ռո­ւող հա­լա­ծանք­նե­րի:

Ն­շո­ւած դի­մում­նե­րի թւում են ­Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. ­Կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ­Կո­մու­նիս­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ­Կենտ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի 1945թ. դի­մու­մը Խ.Ս.Հ.Մ. կա­ռա­վա­րու­թեա­նը եւ ­Հա­մա­միու­թե­նա­կան ­Կո­մու­նիս­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ­Կենտ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին, 1963թ. Լ.Ղ.Ի.Մ. ազ­գաբ­նակ­չու­թեան ա­ւե­լի քան 2,5 հա­զար, իսկ 1965թ. ա­ւե­լի քան 45 հա­զար ստո­րագ­րու­թեամբ նա­մակ­նե­րը՝ հաս­ցէագ­րո­ւած Խ.Ս.Հ.Մ. ղե­կա­վա­րու­թեա­նը, 1977թ. Խ.Ս.Հ.Մ. նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան քննար­կում­նե­րի շրջա­նա­կում Լ.Ղ.Ի.Մ. աշ­խա­տան­քա­յին կազ­մե­րի (կո­լեկ­տիվ­նե­րի) ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րը»:

1 ­Սեպ­տեմ­բեր 1966ի խնդրա­գի­րը, հե­տե­ւա­բար, ին­քըս­տին­քեան Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հեր­թա­կան դի­մում­նե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով հան­դերձ, կ­þա­ռանձ­նա­նար իր ժամ­կէ­տին կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թեամբ։
Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի կեան­քին, ազ­գա­յին ա­ռու­մով, ա­մէ­նէն ա­լե­կոծ ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր։
1965ին, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով, հա­րիւր հա­զար­նե­րով հա­յոր­դի­ներ ո­ղո­ղած էին Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նը՝ վան­կար­կե­լով «­Մեր հո­ղե­րը, մեր հո­ղե­րը» պա­հան­ջը։

Մոս­կո­ւան հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան այդ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին պոռթ­կու­մին բրտօ­րէն հա­կա­դար­ձեց՝ տաս­նեակ­նե­րով ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­ներ ձեր­բա­կա­լե­լով եւ բանտ նե­տե­լով։
Նոյն­պէս Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը պա­հան­ջա­տի­րա­կան իր տա­րեր­քին մէջ էր 1966ին՝ ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­միա­նա­լու դի­մում­նե­րու տակ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ստո­րագ­րա­հա­ւաք կա­տա­րե­լով եւ Ք­րեմ­լին ուղ­ղե­լով զա­նոնք։

1966ը յատ­կան­շա­կան թո­ւա­կան էր նաեւ այն ա­ռու­մով, որ օ­րին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Կոմ­կու­սի ­Կենտ­կո­մին ա­ռա­ջին քար­տու­ղա­րը Եա­կով (­Յա­կոբ) ­Զա­րու­բեանն էր։ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի թիւ 1 ղե­կա­վա­րի այդ պաշ­տօ­նին ­Զա­րո­բեան կո­չո­ւած էր 1960ին եւ քա­նի մը տա­րո­ւան մէջ յա­ջո­ղած էր խրա­խու­սել ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։

Խոր­քին մէջ ­Զա­րու­բեա­նի ան­մի­ջա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ էր, որ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ­Յիս­նա­մեա­կի պոռթ­կում­նե­րէն ետք, Ե­րե­ւա­նի մէջ, ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձուն­քին վրայ, սկսան ի­րա­կա­նա­ցո­ւիլ աշ­խա­տանք­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած մեծ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն՝ մեր ան­մո­ռա­նա­լի նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձան-կո­թո­ղի կա­ռուց­ման։

Այդ խո­րա­պատ­կե­րով՝ 1 ­Սեպ­տեմ­բեր 1966ին Ար­ցա­խի վե­րա­միաց­ման պա­հան­ջով ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան դի­մու­մը ­Մոս­կո­ւա­յի կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց ե­ղաւ «կա­րա­պի եր­գը» հայ կո­մու­նիստ­նե­րու ազ­գա­յին նկա­րագ­րով այս գոր­ծի­չին։

Բայց ինչ­պէս որ հա­մա­ցան­ցի վրայ աղ­բիւր մը դի­տել կու տայ, «Խ.Ս.Հ.Մ.ում տի­րա­պե­տող կայ­սե­րա­կան-կո­մու­նիս­տա­կան վար­չա­կար­գը չէր հան­դուր­ժում հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րում ազ­գա­յին նկա­րա­գիր ու­նե­ցող նման գոր­ծիչ­նե­րի գո­յու­թիւ­նը եւ նրանց հե­ռաց­նում էր իշ­խա­նու­թեան վե­րին օ­ղակ­նե­րից։ Այդ­պէ՛ս վա­րո­ւե­ցին նաեւ ­Զա­րո­բեա­նի հետ»։

Զա­րո­բեա­նի յա­ջոր­դեց Ան­տոն ­Քո­չի­նեա­նը, որ ի հե­ճուկս քրեմ­լեան յանձ­նա­րա­րու­թեան՝ փաս­տօ­րէն իր կար­գին ու­զեց ան­սալ հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին ծո­ցին մէջ խմո­րո­ւող եւ մեր ար­ժա­նա­ւոր մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան շուն­չով ե­ռե­ւե­փող ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան բուռն զար­թօն­քին։

Այդ­պէ՛ս, 1969ին, փաս­տօ­րէն կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ նաեւ 1918ի մեր յաղ­թա­նա­կին նո­ւի­րո­ւած ­Սար­դա­րա­պա­տի յու­շա­հա­մա­լի­րը։
Իսկ 1 ­Սեպ­տեմ­բեր 1966ի դի­մու­մը որբ չմնաց, հե­տա­գայ տա­րի­նե­րը ե­կան յա­ւե­լեալ թա­փով յա­ռաջ մղե­լու Ար­ցա­խի վե­րա­միաց­ման շար­ժու­մը, մին­չեւ որ 1988 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւա­րին ժայթ­քե­ցաւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ազ­գա­յին-պա­հան­ջա­տի­րա­կան ան­կա­սե­լի հրա­բու­խը։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել