Պարտադրուած իրաւազրկումը շրջելու կամքը

(Արցախի Հանրապետութեան 25-Ամեակի Առիթով)

FotorCreated

«Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ԼՂՀ փաստացի սահմանները, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Արցախի գրաւեալ շրջանները (Շահումեանի շրջան, Գետաշէն եւ Մարտունաշէն) կը համարէ ԼՂՀ անբաժանելի մասը։»

Հ. Յ. Դ. 32րդ Ընդհանուր Ժողով
Յունուար 2015, Դիլիջան

Իրաւազրկումը չի կրնար անդարձ ըլլալ։ Երբ գոյութիւն ունի կամքը, կարելի կը դառնայ նաեւ իրաւազրկումը շրջելու կարողականութիւնը։ Քսան եւ հինգ տարիներ առաջ ինքզինք պարտադրեց այդ կամքը, կիրակուեցաւ կարողականութիւնը եւ շրջուեցաւ հայրենի հողերու մէկ մասին վրայ պարտադրուած իրաւազրկումը։ Այս կամքը ծնունդ տուաւ Արցախի ազատ հանրապետութեան, որ իր հողով ու ժողովուրդով, հոգիով ու ծուծով անբաժան մասն է Հայաստանին։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Ասիկա երկար եւ դժուարին ճանապարհ մըն էր, լի պատմական խաբկանքներով եւ մեծապետական սադրանքներով։

Իրողութիւնը այն էր, որ նորածին Պոլշեւիկեան ծաւալապաշտական ձգտումներուն եւ Հայութեան դէմ Թուրքիոյ Քեմալական նենգ հաշիւներուն միջեւ, մեր ժողովուրդը իր հայրենի հողերէն իրաւազրկելու իրավիճակ մը պարտադրուեցաւ։

Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ Սովետական պիտակի տակ նորաստեղծ կայսրութիւն մը եւ Քեմալականութեան մակդիրի ներքեւ վախճանող կայսրութեան մը անդամահատման կասեցման հետամուտ շարժում մը միասնաբար քաղաքական առեւտուրի վերածած էին հազարամեակներով հայապատկան հողատարածքները։ Իբրեւ հետեւանք այս նորելուկ երկու ուժերու քաղաքական սին հաշիւներուն, Հայութենէն խլուեցաւ Կարսն ու Արտահանը, Նախիջեւանը, եւ մանաւա՛նդ Արցախը։

Հայութեան հայրենի հողերու իրաւազրկման պարտադրանքը մինչեւ իսկ օրինականութեան շղարշումներով օժտուեցաւ՝ 1921ի Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերով։ Հակառակ այն իրողութեան որ այս դաշնագրերը զուրկ էին որեւէ իրաւական հիմնաւորումէ եւ իբրեւ այդպիսին՝ անվաւեր էին եւ են միջազգային օրէնքի նորմերու համաձայն, Պոլշեւիկեան եւ Քեմալական հաշիւներու համընկնումով Կարսն ու Արտահանը վերածուեցան թրքապատկան հողամասերու, իսկ Նախիջեւանն ու Արցախը՝ իր դաշտային ու լեռնային տարածքներով պարգեւ տրուեցան Ադրբեջանին։

Սակայն նախ քան այդ, Սովետական իշխանութիւնները արար աշխարհին կը յայտարարէին, որ Արցախը Սովետական Հայաստանին անբաժանելի մասն է։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն երկու օր անց, ազգութիւններու կոմիսար Իոսիֆ Ստալին «Փրաւտա»յի Դեկտեմբեր 2, 1920 համարին մէջ կը գրէր, «Խորհրդային Ադրբեջանը ինքնակամօրէն կը հրաժարի հիւսիսային շրջաններէն եւ կը յայտարարէ Զանգեզուրի, Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխանցումը խորհրդային Հայաստանի»։

Այս «ուրախ» լուրը հաղորդելով, Ստալին կ՚եզրափակէր. «Դարաւոր թշնամանքը որ կար Հայաստանի եւ զինք շրջապատող մահմետական երկիրներու միջեւ, վերջ գտաւ մէկ հարուածով՝ եղբայրական համերաշխութեան հաստատումով Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի աշխատաւորներու միջեւ»։

Հազիւ մի քանի ամիսներ ետք, Մարտ 1921ի Մոսկուայի դաշնագրով Ստալին հայապատկան հողերը զիջեցաւ Ադրբեջանին։ Ապա, նոյն տարուայ Հոկտեմբերին, Կարսի դաշնագրով Սովետական Միութիւնն ու Թուրքիան վերահաստատեցին գրեթէ նոյնութեամբ Մոսկուայի դաշնագրի պայմանները։

Նոյն ժամանակներուն, 1920ի Դեկտեմբերին, Ազգերու Լիկայի ենթայանձնախումբը քննելէ ետք Ղարաբաղի կացութիւնը, որոշում կայացուց որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան մինչեւ վերջնական կարգաւորումը Ղարաբաղի կը ճանչնայ իբրեւ վիճելի տարածք, որուն վերջնական պատկանելիութիւնը պէտք է հիմնուի ազգագրական տուեալներու վրայ։ Բոլոր կողմերը, ներառեալ Ադրբեջան, համաձայնեցան այս որոշումին։

Իր կարգին, հակառակ Մոսկուայի դաշնագրի պայմաններուն, խորհրդային Հայաստանի եւ խորհրդային Ադրբեջանի կառավարութիւնների միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, Հայաստան Յունիս 1921ին Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անբաժան մասը:

Այսուհանդերձ, Արցախի կարգավիճակի գծով որոշումներու յարափոփոխութիւնը շարունակուեցաւ: Մէկ կողմէ Քեմալական շարժման մէջ կոմունիստական գործընկեր տեսնելու Պոլշեւիկեան ցնորքը եւ միւս կողմէ Հայաստանը տկար ու անճիտուած պահելու Քեմալական նպատակներուն ընթացք տալու Մոսկուայի տրամադրութիւնները սակարկութեան նժարի վրայ կը պահէին Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութեան խնդիրը։ Յարափոփոխութեան ընթացքը աւարտեցաւ 1923ին, երբ Ստալինի հաւանութեամբ որոշուեցաւ Ադրբեջանի սահմաններէն ներս եւ Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ Լեռնային Ղարաբաղը վերածել ինքնավար մարզի։

Երբ Սեպտեմբեր 2ին կը տօնենք Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրման 25-ամեակը, չենք կրնար մտահան ընել այն քաղաքական սադրանքները, որոնց բովէն անցաւ Արցախը։ Մեր ժողովուրդը կը գտնուէր պարտադրուած իրաւազրկումի մը դիմաց, ուր շրջանային ուժերու մեծապետական հաշիւներուն հետեւանքով դաշտային Արցախը յանձնուած էր Ադրբեջանին իսկ լեռնային Արցախը՝ ենթակայ նոյն երկրի վերահսկողութեան։

Մեր ժողովուրդը վճռեց վերացնել պարտադրուած իրաւազրկումը՝ նախ օրինական ճանապարհներով, ապա ազգային ազատագրական պայքարով։ Շնորհիւ այդ վճռական կամքին մենք վերջնականապէս շրջեցինք իրաւազրկման վիճակը։ Այսօր ազատագրուած են Արցախի հազարամեայ դաշտային ու լեռնային տարածքներուն մեծ մասը։ Անոնք նոր գիծերն են միացեալ Հայաստանին։

Ազատագրուած Արցախը ազատամարտիկներու արիւնով գծուած մեր նոր սահմաններն են։ Անոնք անբաժանելի մասն են Արցախին եւ Հայաստանին։ Անհպելի են այդ սահմանները։

Աւելին, այդ սահմանները կը պատգամէն, թէ մենք ունինք հողային իրաւազրկումը շրջելու կամքը, մենք կարող ենք ազատագրել մեր պապենական հողերը, մենք կարող ենք քայլ առ քայլ առաջ գնալ դէպի Միացեալ Հայաստան։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել