Ընտրական կրկէսին վերջին արարին վարագոյրը կը բացուի

fotorcreatedՍեպտեմբեր 25-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտարպայքարի կրկէսը կը թեւակոխէ վերջին փուլը, երկու ախոյեաններուն՝ դեմոկրատ Հիլըրի Քլինթընի եւ հանրապետական Տանըլտ Թրամփի միջեւ առաջին ուղղակի բանավէճով։ Այդքան ալ կարեւոր չէ, թէ այս ու յաջորդ ճակատումներուն ով ի՞նչ կþըսէ. կարեւորը այն է, թէ ինչպէ՞ս պիտի զուարճանանք ու հաճելի ժամանակ պիտի անցնենք զիրենք լսելով։ Հա, չմոռնանք, որ այլ թեկնածուներ ալ կան, սակայն անոնց շահաբեր չեն… քարոզչական մեքենաներուն համար, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց օրակարգերն ու խոստումները, նաեւ՝ անտեսանելի չաստուածները ի սկզբանէ փակած են անոնց ճամբաները։

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, այսինքն՝ Օգոստոս 2015էն ասդին, այս կրկէսը կտրեց բազմաթիւ հանգրուաններ, բեմադրեց իսկական եւ շինծու մարտեր, որոնք ահա վերջին արարին հասցուցած են երկու գլխաւոր ախոյեանները։ Ամերիկացի ժողովուրդը, անոր հետ նաեւ ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ այլատեսակ բեմադրութիւններու, այս կամ այն թեկնածուի սակարանին ելեւէջին, ասելի ու անասելի ցեխարձակումներու (որոնք տեղատարափի պիտի հասնին վերջին արարին), եւ այսօր, աչքի առջեւ ունենալով երկու ախոյեանները, շատեր իրաւամբ հարց կու տան. արդեօք ամերիկացի ժողովուրդը ի՞նչ յանցանք գործած է, որ արժանացած է այս երկու թեկնածուներուն միջեւ ընտրանք մը ընելու պատիժին, եւ արդեօք այս երկրի քաղաքական մարդոց շտեմարանը իսկապէ՞ս ցամքած է, որ պէտք է ընտրութիւն մը կատարել յոռեգոյններու միջեւ։ Փաստօրէն, կարելի չէ ունենալ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու մտածումն իսկ…

Չենք ուզեր երկար կանգ առնել կրկէսին մէջ անցեալ մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած ռաունտերուն մանրամասնութիւններուն առջեւ, որովհետեւ պատկերասփիւռի կայաններն ու զանգուածային հաղորդակցութեան լայնածիր միջոցները օր աւուր հետեւեցան բեմադրութեան, զանգուածներ իրենց ետեւէն քաշեցին դէպի… դատարկաբանութիւններ։ Արդար ըլլալու համար պէտք է յիշել (եթէ յիշողութեանց թելը այդքան կարճցած չէ), որ Թրամփ տարիներէ ի վեր գրաւած (գնած) էր պատկերասփիւռի պաստառները ինքզինք ցուցադրող յայտագիրով մը, երբ տակաւին թեկնածու ներկայանալու խօսք չկար։ Ան իր համարձակախօս, բիրտ ու ամբարտաւան արտայայտութիւններով… զանգուածներ գրաւած էր եւ այդ »դրամագլուխ«ը, նիւթական լայն միջոցներուն կողքին, ի սպաս դրաւ ու կը դնէ իր ընտրապայքարին։ Արդեօք ոեւէ դէտ հաշուա՞ծ է, թէ անոր ի՞նչ համեմատութեամբ աւելի՛ ժամանակ կը տրամադրուի քարոզչական բեմերէ, բաղդատմամբ այլ թեկնածուներու…։ Քլինթըն բաղդատաբար աւելի հանրաճանաչ է։ Եղած է Առաջին Տիկին (այսօր ո՜վ կը յիշէ Լէուինսքին. չէ՞ որ ազատամտութեան մէջ նուաճումներ արձանագրուած են), յետոյ, անցած է Օպամայի դէմ նախագահական ընտրապայքարի փորձառութենէն (այդ օրերուն մե՜ծ հարց էր, թէ Սպիտակ Տունը առաջին սեւամո՞րթը, թէ՞ առաջին կինը պիտի ունենայ իր աթոռին…), նախարարական պաշտօն վարած է եւ սորված, որ ընտրապայքար մղելու համար, պէտք է.. նիւթական լայն միջոցներ ստեղծել, հետեւաբար, հիմնած է ընտանեկան յատուկ հիմնադրամ մը, ուր ներսէն ու դուրսէն, ծանօթ ու անծանօթ աղբիւներէ գումարներ կը հոսին վաղուան հաշուարկներու հեռանկարներով։ Եթէ ան յաջողի Սպիտակ Տուն հասնիլ, ոչ միայն պատմութիւն պիտի կերտէ՝ ըլլալով առաջին կին նախագահը, այլ նաեւ… «պարտատէրեր»ը շուտով ափ պիտի առնեն իր դուռը։
Ընտրապայքարի ամբողջ տեւողութեան, կրկէսային պատկերներու զուգահեռ, ականատես ու ականջալուր եղանք թեկնածուներուն աղտոտ լաթերուն ցուցադրութեան։ Քլինթըն «վարկ» կերտած է իր ընտանիքին անունը կրող հիմնադրամով, Լիպիոյ ամերիկեան դեսպանատան ողբերգութեան մէջ պատասխանատուութեամբ, անձնական ել-նամակներու գայթակղութեամբ, ու տակաւին, այնպիսի վկայութիւններով, որոնք կը նշեն, թէ ան անմարդկային արարած է, երկրին մէջ բաժանուածութիւնը աւելի խորացնելու ատակ է, սերտ գործակից է ուոլ-սթրիթեան կարգ մը հսկայ ընկերութիւններու, որոնք «դուրսէն» կը կառավարեն Սպիտակ Տունն ու ամերիկեան վարչամեքենան։ «Բարենիշները» հոս չեն վերջանար. ան կը դիտուի իբրեւ Օպամայի իշխանութիւնը տարբեր դիմակով շարունակողը (հիմա ա՛լ քիչ կը խօսուի, թէ Օպաման ալ Պուշերուն վարքագիծը շարունակող մը եղաւ), իսկ երբ Օպամա ոգի ի բռին կը կանգնի անոր ընտրապայքարին կողքին, մարդ հարց կու տայ, թէ այդ քայլով՝ այժմու նախագահը կþօգնէ՞, թէ՞ վնաս կը բերէ իր նախկին նախարարին…

Թրամփի վարկը տարբեր հիմերու վրայ կերտուած է։ Ան կը նկատուի յաջող գործարար, աւելի անկեղծ մարդ, մտածածը լեզուին ծայրը, ի հարկին բիրտ ըլլալու չափ համարձակախօս։ Ծրագրած է Մեքսիքայի սահմանին երկայնքին պատ մը կառուցել, կասեցնելու համար ապօրինի ներգաղթները, եւ համակրանք շահած է, որովհետեւ կը խոստանայ պատին ծախսերը բեռցնել Մեքսիքայի ուսին (ոչ ոք հարց կու տայ, թէ շինարար ընկերութիւնը որքա՞ն պիտի շահի կամ ո՞վ է), բաւական փոթորիկ ստեղծեց իսլամներու դէմ իր հակասական յայտարարութիւններուն ճամբով, Քլինթընի նման ջերմ պաշտպան է Իսրայէլի, որքան ալ ոճրային ըլլան անոր հակապաղեստինեան արարքներն ու հողերու իւրացումը, տակաւին պաշտպան է զէնք կրելու ընտրանքին (խօսքը զէնքի հսկայ ճարտարարուեսրին մասին չէ անշուշտ)։ Անոր այլանդակութիւնները ստեղծած են հակակրանքի ալիքներ։ Իր իսկ կուսակցութեան բազմաթիւ ղեկավար դէմքեր դէմ են իր թեկնածութեան, պատուհաս կը նկատեն անոր Սպիտակ Տուն մուտքը, ուրիշներու պէս հարց կու տան, որ նման անհաւասարակշիռի մը ինչպէ՞ս կարելի է վստահիլ կորիզային զէնքերու բանալիները (սակայն բացայայտօրէն չեն խօսիր իրենց շահերուն վտանգումին մասին), ու տակաւին, զայն կþամբաստանեն այլատեսակ գայթակղութիւններով, ի շարս որոնց… Փութինի Ռուսիան հաւանական գործակից ընտրած ըլլալու յանցանքով։ Այս «յաջող գործարար»ին մասին կþըուի, թէ քանիցս սնանկ հռչակած է իր ընկերութիւնները եւ դրամատնային հաստատութիւնները, որպէսզի խուսափի օրինական հարկեր վճարելէ, կամ՝ իրաւազրկած է անոնց մէջ գործողները (Էնրոնը այսօր մոռցուած է…)։ Անոր դէմ կը գործածուի նաեւ միջազգային քաղաքական կեանքին անծանօթ ու անփորձ ըլլալու զէնքը, իսկ վերջին շաբաթներուն, աւելի յաճախ կը խօսուի, թէ ան ունի անդրծովեան (օֆ-շորային) գործեր, կը գործակցի ունի օտարերկրացի գործարարներու հետ, որոնք զինք կրնան պատանդ պահել՝ եթէ նախագահ ընտրուի։ Թրամփ անշուշտ համարձակախօսութեամբ հակադարձեց, որ պատրաստ է այդ բոլորէն հրաժարելու, եթէ շահի նախագահական աթոռը։ Սա արդեօք կþենթադրէ՞, որ Սպիտակ Տան աթոռը աւելի շահաբեր ըլլալու խոստումը կու տայ իրեն…։

Վերիյիշեալ բարենիշներն ու պարսաւները միայն մէկ փոքր բաժինն են երկու գլխաւոր թեկնածուներուն «բարեմասնութեանց»։ Ընդհանուրը աչքի առջեւ ունենալով, կարելի է հարց տալ, էթ ասոնք ինչո՞ւ դատական հետապնդումի չեն ենթարկուիր ու չեն բանտարկուիր, տուգանքի չեն ենթարկուիր, մինչդեռ անդին, բանտերը լեցուցած են շատ աւելի մանր յանցանքներ գործող միլիոնաւորներով (մեր հարցումը մանր չարագործները արդարացնել չէ)։

Ուղեղալուացքի ենթարկուած քուէարկողները, տարուած՝ այս կամ այն թեկնածուին խոստումներուն այս կամ այն էջով, կը հակին ասոր կամ միւսին։ Մե՜ծ հետաքրքրութիւն կը շարժի անակնկալ կացութիւններու քողազերծումով։ Օրինակի համար, վերջին շաբաթներուն, Քլինթընի առողջական վիճակին մասին բացայայտումներն ու «հիւանդութեան վաղեմութեան» մասին սպրդումները պատճառ դարձան, որ Թրամփի սակարանը բարձրացում արձանագրէ։ Ոչ ոք յիշեց, կամ կը փորձէ յիշել, թէ Օպամա եւ նախորդները ինչպիսի՜ խոստումներով նաւարկեցին շահաբեր ալիքներու վրայ, սակայն պաշտօնի հասնելէ ետք, հազիւ թէ իրականացուցին խոստումներուն մէկ կոտորակը (Կուանթանամոն տակաւին կը բանի աշխուժօրէն)։ Անոր կարգ մը իրագործումները թմբկահարուեցան մեծ աղմուկով, առանց անդրադառնալու, որ նախագահ մը կամ պետական ընտրեալ ներկայացուցիչներու ՏԱՐՐԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ մաս կը կազմեն նման իրագործումներու, զանոնք չեն ըներ իբրեւ բարեսիրական ընկերակցութեանց նպաստաբաշխներ, իսկ թէ վերագրեալ «դրական իրագործումներ» ինչպիսի՜ չարաշահութիւններու դուռներ բացած են մեծ ընկերութեանց առջեւ, որոնք կը կոչուին ապահովագրութեան ու առողջապահութեան «ճարտարարուեստ» (industry. ոչ աւելի, ոչ պակաս), ի հեճուկս սահմանափակ եկամուտով զանգուածներուն, արդէն բոլորովին այլ հարց է։ Ընտրողները չեն անդրադառնար, որ թեկնածուներուն իսկական տէրերը, զանոնք իրենց բթամատին տակ պահողները ընտրապայքարի փուլերուն անոնց ամէ՛ն ազատութիւն տուած են իրենց ուզածը ըսելու, խոստումներ տալու, առատ ցեխարձակում ու զգայացունց յայտարարութիւններ ընելու, մինչդեռ վաղը, երբ թեկնածու մը ի վերջոյ հասնի նախագահական աթոռին, աներեւոյթ ձեռքեր անոնց դիմաց պիտի դնեն իրենց ընելիքներուն եւ չընելիքներուն ցանկերը, որոնցմէ շեղում անհնարին պիտի ըլլայ։ Եւ բարեմիտ քուէարկողը պիտի ուրախանայ, որ ինք ընտրած է երկրին նախագահը, մինչդեռ չաստուածներուն համար ոչ մէկ տարբերութիւն կþընէ, թէ շահողը առաջին կին նախագա՞հը պիտի ըլլայ, թէ բաշով օժտուած այրը։ Բացայայտ գաղտնիք է, որ մարդիկ հսկայական գումարներ կը տրամադրեն թեկնածուներուն, որպէսզի իրենց օրակարգերը լուծուին անոնց ձեռքով, իսկ ձախողութեան պարագային, անոնք ըլլան մեղադրուողները։ Չէ՞ որ ընտրապայքարի մէջ թեկնածուներուն նիւթական անհաշիւ աջակցութիւն տրամադրելը հիմա արտօնուած է օրէնքով, կաշառք կամ փտածութեան փաստ չէ…

Թեկնածուներուն այս կամ այն բարեմասնութեան վրայ գրաւ դնող քուէարկողները կը յիշեցնեն մեր անմահ երգիծաբանին մէկ կսմիթը. Պարոնեան տեղ մը կþըսէ, որ այր մը երբ կին մը տեսնէ, կը համակրի անոր աչքին, դէմքին, մարմնական այս կամ այն բարեմասնութեան. ոչ ոք կը փորձէ ամբողջական կին մը տեսնել դիմացինին մէջ։

Ընտրապայքարի սակարանին մէջ, ահագին աղմուկ կը բարձրացուի «հրատապ» հարցերու շուրջ, մինչեւ իսկ թեկնածուներուն վերաբերեալ անէնէն անհեթեթ նիւթերու մասին. երկրին, ժողովուրդին, նաեւ աշխարհի դիմագրաւած բուն հարցերը քշուած են յետին յարդակ, որովհետեւ անոնց մասին խօսիլը «արգիլուած» է։ Վաղը, պատկերասփռուելիք բանավէճերուն ընթացքին, պիտի վկայենք այս իրականութիւնը։ Հարցազրոյցները վարող հեղիանաւոր ու յարգուա՜ծ մեկնաբաններ, հաղորդավարներ պիտի չհամարձակին խորքային հարցեր արծարծել, կամ պիտի դեգերին անոնց շուրջ։ Մոռացութեան տրուած են ու պիտի տրուին ընկերային-տնտեսական իսկական տագնապները, աշխարհակործան ողբերգութիւնները, ակնարկութիւն պիտի չըլլայ այն եռեւեփումներուն մասին, որոնք դեռ երկու տարի առաջ բաւական աղմուկ բարձրացուցին՝ «մէկ առ հարիւրը ընդդէմ 99 առ հարիւրին» նշանախօսքով ծաւալած ծանօթ շարժումին շուրջ։ Փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն ու անոնց աղաղակող անտեսման տագնապները պիտի վերածուին խօսքի աճուրդի։ Աւելի մեծ խօսքի աճուրդ պիտի կատարուի ահաբեկչական ալիքները սանձելու ընտրանքներու շուրջ, սակայն ոչինչ պիտի ըսուի, թէ աշխարհը ահաւոր տագնապի մատնող ոճրային ահաբեկչութիւնը ուրկէ՞ սնունդ-քաջալերանք կը ստանայ, Թուրքիոյ պէս երկիր մը ինչո՞ւ դուրս կը մնայ վերահսկող ռատարներէն ու, ընդհակառակն, դարձեալ մրցակցութիւն տեղի կþունենայ զայն ողոքելու եւ զինելու համար։

Եռիլիոններու հասնող եւ նոր աճի խոստումներ բերող պետական պիւտճէի բացին հարցը պիտի լուսանցքայնացուի, լաւագոյն պարագային պիտի արծարծուի իբրեւ… նուաճողական իրագործում։ Ոչ ոք ակնարկութիւն պիտի ընէ, թէ նիւթական հսկայական հարստութեանց վրայ նստող աշխարհածաւալ հիմնարկներ-ընկերութիւններ ինչո՞ւ իրենց նիւթական կարողութիւնները պէտք չէ դնեն ի սպաս այս երկրին, կամ՝ այլ երկիրներու տնտեսական-ընկերային վիճակի իսկական բարելաւման, այլ ընդհակառակն, չարաշահութիւնները պիտի շարունակուին սանձարձակօրէն, նոյնիսկ նոր օրէքներու պաշտպանութեամբ։ Պիտի չլսենք, թէ թեկնածուներէն այս կամ այն կը մտածէ կասեցնել զանգուածներու օրինական կողոպուտը՝ վառելանիւթերու սակերուն ելեւէջներով, սուղ մետաղներու եւ նմանօրինակ սակարանային խաղերով, զէնքի ճարտարարուեստը աւելի՛ հասութաբեր դարձնող բայց անմարդկային գործառնութիւններով։ Ու ամերիկացի ժողովուրդը յաճախ ստիպուած է ոչ-ամերիկեան լրատու աղբիւրներու ապաւինելու, որպէսզի իմանայ, թէ Ծոցի կամ այլ երկիրներու վաճառուող զինական «բերքերը» կը գործածուին զանգուածային ջարդերու համար, Իրաքի տրամադրուած հսկայական գումարները կը մսխուին ու կը նպաստաւորեն ծայրայեղականները, տուրքը կը վճարեն Սուրիոյ ժողովուրդը, քիւրտերը եւ այլ նոխազներ. ի դէպ, կը քողարկուի նաեւ այն իրականութիւնը, որ Արեւելք-Արեւմուտք նոր զգեստով ներկայացող հակամարտութիւնը խորքին մէջ կը ծածկէ անոնց միջեւ շահերու եւ մրցակցութիւններու համակարգումն ու խաչաձեւումները, որուն նորագոյն ապացոյցին ականատես կþըլլանք Սուրիոյ շուրջ ու զանգուածներու կեանքերուն հաշւոյն խաղցուած խաղերով, կոտոյական սպասումի հասած զինադուլներով ու ահաբեկիչներուն վրայ իբրեւ թէ համակարգուած յարձակումներով, որոնք վերածուած են զանոնք աւելի՛ ու աւելի՛ աճեցնող ջրտուքի։

Ողբերգականօրէն զարմանալի է, որ լրատուութեան-հաղորդակցութեան առատութեան այս դարաշրջանին, որ նաեւ բազմապատկած է քուէարկողներու իմացութեան-զարգացումի կարողութիւնը (այսօր, քուէարկողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը բարձրագոյն ուսման տէր չափահասներ են), ինչպէ՞ս կþըլլայ, որ կրկէսին մէջ մնացած ախոյեաններուն նման թեկնածուներ ոչ միայն կը հանդուրժուին, այլ զանգուածներ կը տարուին անոնց լարախաղացութիւններով։

Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ կրկէսային նման բեմադրութիւններ չեն կրնար յաւիտեան շարունակուիլ, որքան ալ որ օրուէլեան ըլլան քուէարկողներու պատրադրուած պայմանները։ Ուղեղալուացքի փուլեր յաճախ արձանագրուած են աշխարհի այս կամ այն երկրին մէջ, գերակշռող ուժին մօտ (Քլինթընի առողջութեան մասին լրատուութեան դէմ բանադրանքի նմանող վերաբերմունքը պահ մը յիշեցուց այն օրերը, երբ հիւանդ Պրեժնեւի մը կամ Անտրոփովի մը մասին լուրեր տարածելը Կրեմլինի կողմէ դաւաճանութիւն կը նկատուէր)։ Տնտեսական, ընկերային ու ապրուստի հետ անմիջական կապ ունեցող տագնապներ կրնան այսօր-վաղը ճնշուիլ, պետական ուժեր՝ բանակ, ոստիկանութիւն եւ այլ «թաթեր» կրնան օժտուիլ գերարդիական զսպիչ միջոցներով (չէ՞ որ անօդաչու սաւառնակներ կամ առաւելաբար պատերազմներու մէջ գործածուող հրասայլեր յարաճուն յաճախակիութեամբ կը գործածուին բողոքի ձայն բարձրացնողներու դէմ), իրողական բռնատիրութիւնը եւ անոր ետին կանգնող ընկերութիւնները կրնան խամաճիկի պէս խաղցնել թեկնածուներ ու պետական գերագոյն վարիչներ, սակայն նման վիճակներ չեն կրնար ընդմիշտ տեւել, որքան ալ որ մկանուտ ըլլան ընգղաներուն (octopus) շօշափուկները։ Պատմութեան անիւը ցոյց տուած է, որ իւրաքանչիւր անկումի կը յաջորդէ վերելք մը, հոգ չէ թէ ոչ իտէալական տարազումով։ Անպատժելիութիւնն ալ ի վերջոյ կը հասնի սահմանի մը, ուր արդարութիւնն ու ընկերային հաւասարութեան ձգտումը կþունենան վճռորոշ խօսք։ Սա միայն Միացեալ Նահանգներու յատուկ չէ, այլ նաեւ բոլոր իշխանութիւններուն, որոնք կը տուայտին համաշխարհայնացման բացասական ազդեցութիւններու ոլորտին ու ոլորապտոյտին մէջ, իրարու կռնակ կը քերեն։
…Մինչ այդ, զուարճանանք կրկէսին վերջին արարներով, որոնք մեզ պիտի հասցնեն ընտրութեան Նոյեմբերի հանգրուան։ Անկէ ետք, կրկէսը պիտի ներկայանայ խոստմնալից նոր տարազումներով։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 20, 2016

hairenikweekly.com

Տպել Տպել