Ինչպէս Աւստրալահայ Գաղութը Կրնայ Օժանդակել Սուրիահայութեան

2011 թուականէն ի վեր աստիճանաբար բայց բացայայտօրէն Սուրիոյ վիճակուեցաւ անբաղձալի մակդիրը որպէս Միջին Արեւելքի աւերուածութեան կեդրոնը:aleppo_210916

Հարկադրուած եւ անմարդկային պատերազմը աւերեց խաղաղութեան մէջ ապրող միլիոնաւոր բնակչութեան տուները: Հիասթափեցուցիչ է տրուած ըլլալով որ տուներու աւերումը կը նշանակէ ընտանիքի քայքայում, ապրուստի աղբիւրի աւերում, յիշատակներու, հաւատքի եւ սիրոյ զգացումներու համարեա ոչնչացում:

Հազարաւորներ զոհ կ’երթան այս անմարդկային պատերազմին, ուրիշներ ապաստան գտած են ասպնջական երկիրներու մէջ որոնց կարգին է նաեւ Աւստրալիան, իսկ ոմանք, ներառեալ մեծ թիւով հայեր, կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց ծննդավայրին:

Ելքի հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով Սուրիահայութեան մէկ մասը կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ մէջ յատկապէս հայահոծ Հալէպ քաղաքին մէջ: Կան նաեւ շատեր որոնք կը մնան Սուրիոյ մէջ այն յոյսով որ պատերազմի սեւ ամպերը փոթորիկի նման պիտի անցնին ու երթան որմէ ետք անոնք դարձեալ պիտի վերաշինեն իրենց երկիրը եւ վերակենդանացնեն ու վերաշխուժացնեն հայ ազգային կեանքի բարգաւաճման աննախընթաց դերակատարութիւն ունեցող գաղութը:fotorcreated

Աւստրալիոյ մէջ մենք ականատես եղանք Աւստրալիա ապաստան գտած փոքր թիւով Սուրիահայութեան տարած աշխատանքներուն: Անոնք Աւստրալիա հաստատուելէն ի վեր իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերեն մեր գաղութային կեանքին մէջ:

Ականատես եղանք Համազգայինի Գօլստըն Ճեմարանէն ներս Սուրիահայ թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ՛ պաշտօնեաներուն արձանագրած յաջողութիւններուն եւ տարած աշխատանքին: Ականատես եղանք ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան պատանեկան եւ երիտասարդական շարքերուն մէջ Սուրիահայերուն ունեցած դրական ներդրումին: Ականատես եղանք եկեղեցիներէն ներս անոնց կատարած առաքելութեան: Անոնք առաջնորդեցին մեր կազմակերպութեան մամուլը, անդամակցեցան ՀՄԸՄ-ին, ՀՕՄ-ին եւ Համազգայինին եւ իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերին այս միութիւններուն մէջ:

Այս բոլորին հանդեդձ անոնք նաեւ իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերին Աւստրալիոյ բազմամշակութային կեանքէն ներս (տեսնել հետեւեալ օրինակը):

Անոնք իրեն խանդավառութեամբ, աշխուժութեամբ եւ նուիրումի բարձր ըմբռնումով շունչ տուին ոչ միայն Աւստրալահայ գաղութին, այլ բոլոր այն գաղութներուն մէջ ուր անոնք ապաստան գտան եւ ինչու չէ մեր հայրենիքին եւս:

Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Տէր Զօրի անապատներէն հրաշքով ազատած հայ ժողովուրդը ապաստան գտաւ հիւրընկալ Սուրիոյ մէջ ու հիմնեց գաղութ մը ուր տարիներու ընթացքին թրծուեցաւ սփիւռքի եւ հայրենիքի կեանքի մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցող մարդուժը:

Սուրիոյ մէջ մեր նախնիները պայքարեցան հայ ժողովուրդի գոյութիւնը ապահովելու համար: Անոնք տքնաջան աշխատանք տարին եւ թիթեղեայ տուներու փոխարէն հիմնեցին դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ եւ ակումբներ:

Սուրիոյ մէջ թրծուած մարդուժը իր աչքառու ներդրումը ունեցաւ հայ ազգային, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին մէջ: Սփիւռքի գաղութներու մէջ, որոնց կարգին է նաեւ Աւստրալիան, այս մարդուժի ներդրումը, կազմակերպական, գաղութային, եկեղեցական եւ կրթական մարզերու մէջ, մղիչ ուժը եղաւ հայրենիքէն հեռու հայը հայ պահելու սուրբ աշխատանքին մէջ:

Այսօր մենք կը տեսնենք մեր ազգակիցները Սուրիոյ մէջ, յատկապէս ծանր ռմբակոծումներու թիրախ հանդիսացած Հալէպի մէջ, որոնք ոչ միայն կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց ծննդավայրին այլ նաեւ անմարդկային պայմաններու մէջ կը շարունակեն մարդակերտման եւ հայակերտման իրենց սուրբ եւ նուիրական աշխատանքը:

Կը տեսնենք մայր գաղութի ղեկավարները հայկական թաղամասերու պաշտպանման աշխատանքները կը դասաւորեն իսկ միւս կողմէն վարժարաններէն ներս ուսուցիչները կը շարունակեն դաստիարակել եւ պատրաստել նոր սերունդը:

Կը տեսնենք Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի անդամուհիները ճաշ կը պատրաստեն կարօտեալ ընտանիքներուն իսկ միւս կողմէն պատանեկան շարքերէն երիտասարդականի շարքերը կը փոխանցուին, սկաուտական շարքերուն մէջ արի / արենուշները երեցներ կը դառնան: Հայ նոր սերունդ մըն է որ կը պատրաստուի այնտեղ:

Հայակերտման աշխատանքը, որուն պտուղները պիտի գաղեն սփիւռքի բոլոր գաղութները, կը շարունակուի այդ անբարենպաստ պայմաններուն մէջ:

Սուրիոյ մէջ ապրող մեր ազգակիցները մեր մտքերուն մէջն են, անոնց կը յիշենք մեր աղօթքներուն մէջ եւ բարձր կը գնահատենք անոնց զոհողութիւնը եւ կը մաղթենք անոնց ուժ եւ կորով:

Իբր հայեր որոնք կը գտնուին շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ քան մեր Սուրիահայ եղբայրներն ու քոյրերը մեր ճիտին պարտքն է զօրակցութեան մեր ձեռքը երակարելու անոնց:

Աւստրալիոյ մէջ այս շաբաթ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յաձնանխումբն ու Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերակցութիւնը յայտարարած են Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբաթ:

Զօրակցինք Սուրիահայութեան եւ մեր քսակները լայն բանանք անոնց զօրակցութեան համար:

Այս առընչութեամբ պիտի օգտագործուի Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի կայքէջը ընդունելու համար ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները որոնք պիտի յատկացուին Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ գոյատեւող մեր ազգակիցներուն կարիքները (ապահովական, կրթական, սնունդ, դեղորայք, եւալն) հոգալու համար:

Ինչպէս նաեւ, Ուրբաթ 23 Սեպտեմբերին, Ուիլլուպիի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս տեղի պիտի ունենայ խրախճանք մը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Սուրիահայութեան զօրակցութեան սուրբ աշխատանքին:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր զօրակցութեան:

Հայկ Գայսէրեան – Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչ

21/09/2016

Տպել Տպել