Աղօթք Եւ Բողոք

1005alepporally_page_2Սուրիոյ հայութեան օգնութիւն հասցնելու համար աշխատող համագաղութային մարմինը յառաջիկայ Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ կառոյցէն ներս՝ «Գալայճեան» սրահին մէջ, ժողովրդային հաւաք մը պիտի կազմակերպէ՝ աղօթելու Հալէպի մէջ զոհուածներուն համար եւ բողոքելու քաղաքի բնակչութեան ենթարկուած անմարդկային բռնութիւններուն դէմ:

Բոլորս ալ կ՛ընդվզինք, կը զայրանանք, կը բողոքենք, կը ցաւինք, կը վշտակցինք՝ ականջալուր ըլլալով Հալէպի մեր ազգակիցներու ամէնօրեայ կորուստներուն, թանկագին, անփոխարինելի զոհերուն, եւ իւրաքանչիւրս կը տագնապի ու զօրակցութեան ճանապարհներ գտնել կը փորձէ:

Անձնապէս, վերջերս Թեհրանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանին, որ զարմիկիս՝ Պերճին կինն է. վիրաւորելով իր համեստութիւնը՝ կ՛ուզեմ արձանագրել հիացմունքս ու հպարտութիւնս իր խիզախութեան, համայնքին ծառայելու իր անկոտրում յանձնառութեան հանդէպ: Զարմիկը եւ իր նմանները, իրենց դիրքերուն վրայ մնացած պատասխանատու գործիչները, թաղերու պաշտպանութիւնը ստանձնած կամ վերցուցած դաշնակցական տղաքը ու անոնց զինակիցները, իրենց զոհաբերութեան ոգիով մեր բոլորը կը պարտաւորեցնեն կրաւորական չըլլալ ու մասնակցիլ սուրիահայութեան նեցուկ յայտնող ձեռնարկներուն:

Երկուշաբթի օրուան հաւաքը եկէք վերածենք այդ ճանապարհները միասնաբար փնտռելու առիթի մը, իրարու հետ կիսենք մեր վիշտը, մեր բողոքը, միասին աղօթենք ու մեր յոյսի եւ մխիթարանքի պատգամները միասնաբար առաքենք Հալէպի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:

Աղօթքով ու բողոքով անշուշտ չենք կրնար բաւարարուիլ: Պէտք է մեր զօրակցութիւնը արտայայտենք՝ նաեւ նիւթական օժանդակութեան մեր բաժինը բերելով: Ողջունելի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը անտարբեր չէ մնացած Հալէպի ողբերգական կացութեան հանդէպ եւ իր սուղ միջոցներէն բաժին հանած է կարիքաւոր ժողովուրդին՝ երկու օդանաւ մարդասիրական օժանդակութիւն առաքելով Սուրիա:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, «Փրկենք կեանք մը» կարգախօսով, ձեռնարկած է հանգանակային շտապ արշաւի մը, որպէսզի կարճ միջոցի մը ընթացքին գոյացնէ յիսուն հազար տոլար: Ցարդ գոյացած է այդ գումարին տասը տոկոսը: Ահաւասի՛կ իրենց հասցէն. https://www.classy.org/campaign/ars-syrian-armenian-relief-fund/c97739։

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել