Հալէպի Մէջ 3 Հայ Զոհ, 2 Վիրաւոր

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ երէկ` չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին իրենց բարբարոսական արարքները` հրթիռակոծելով Հալէպի Նոր Գիւղ, Մոկամպօ եւ Մուհաֆազա շրջաններու խաղաղ բնակչութիւնը:

Մովսէս Մովսէսեան Գասպար Շաթոյեան

Մովսէս Մովսէսեան Գասպար Շաթոյեան

Նոր Գիւղի հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցան երկու հայորդիներ, ՀՅԴ անդամներ` Գասպար Շաթոյեան (1986-ի ծնունդ) եւ Մովսէս Մովսէսեան (1987-ի ծնունդ): Յայտնենք, որ անոնք զոհուած են Հալէպի հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան ընթացքին:

Վիրաւորուեցաւ Վարուժան Տօնապետեան, որուն վիճակը կայուն է:

Յակոբ Չալլաքեան

Յակոբ Չալլաքեան

Աւելի ուշ, «Գանձասար» վկայակոչելով Հալէպի Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը տեղեկացուց, թէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Նոր Գիւղի հրթիռակոծման հետեւանքով վիրաւորուած են նաեւ Շահէ Բանոյեան (որ թեթեւակիօրէն վիրաւորուած է) եւ Յակոբ Աբրահամ Չալլաքեան (1959-ի ծնունդ), որ վիրահատութեան ենթարկուելէ ետք մահացած է: Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի երէկուան հայ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 3-ի:

aztagdaily.com

Տպել Տպել