«Բագին»-ի Ծանօթացում` Պոլսոյ Մէջ

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին» գրական հանդէսի ներկայացման ձեռնարկ մը: «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին բանախօսներն էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Սեւան Տէյիրմենճեան:

Ինչպէս ծանօթ է, 2016-ին «Բագին»-ի խմբագիր նշանակուեցաւ այժմ քանատաբնակ, լիբանանահայ երիտասարդ բանաստեղծուհի ու մանկավարժ Սոնիա Քիլեճեան` խմբագրական նոր խորհուրդի մը գործակցութեամբ: Իր խմբագրութեամբ արդէն հրատարակուած է հանդէսին 2016-ի առաջին թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է անուանի գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանին` վերջինիս ծննդեան 70-ամեակին առիթով:biqi

Գրական զրոյցը տեղի ունեցաւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Պոլիս այցելութեան, ինչպէս նաեւ նոր ուղի մտած «Բագին»-ին առաջին թիւին առիթով: Նպատակն էր ծանօթացնել «Բագին»-ը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ Գրիգոր Պըլտեանի գրական վաստակին:

Ձեռնարկին պոլսահայ հետաքրքիրներու առընթեր հետեւեցան նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ու Համազգայինի համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն` խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» գիտաժողովին խումբ մը մասնակիցները:

Մկրտիչ Մկրտիչեան արտայայտուեցաւ իբրեւ «Բագին»-ը հովանաւորող կազմակերպութեան` «Համազգային»-ի ներկայացուցիչը, պարզելով կառոյցին մօտեցումները եւ գրական-գեղարուեստական հանդէս մը հովանաւորելու շարժառիթները, որոնց գլխաւոր նպատակն է հայ մտքի ու իմացականութեան զարգացումը: Իսկ Սեւան Տէյիրմենճեան արեւմտահայ ու սփիւռքահայ գրականութեան մէջ գրական ամսագիրներու աւանդութեան անդրադառնալէ ետք կանգ առաւ «Բագին»-ի դերին վրայ, որ իր ետին ունենալով լուրջ կազմակերպութեան մը նեցուկը, աւելի քան յիսնամեակ մը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, այժմ արդէն նոր ու թարմ շունչով եւ տեսլականով:

Մկրտիչեան ու Տէյիրմենճեան ապա պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Կատարուեցաւ նաեւ քննարկում եւ միտքերու փոխանակում:

aztagdaily.com

Տպել Տպել