13 Հոկտեմբեր 1921. Կարսի անձնատուական Դաշնագիրին խայտառակութիւնը

Հոկ­տեմ­բեր 13ի այս օ­րը, 95 տա­րի ա­ռաջ, ­Լե­նի­նի ­Ռու­սաս­տանն ու ­Քե­մա­լի ­Թուր­քիան ­Խորհրդա­յին ­Հա­յաս­տա­նին պար­տադ­րե­ցին ստո­րագ­րել ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը թա­ղե­լու կո­չո­ւած ­Կար­սի ­Դաշ­նա­գի­րը։

Կար­սի ­Դաշ­նա­գի­րը խոր­քին մէջ կրկնու­թիւնն էր, գրե­թէ նոյ­նու­թեամբ, ա­միս­ներ ա­ռաջ՝ 16 ­Մարտ 1921ին կնքո­ւած ­Մոս­կո­ւա­յի տխրահռ­չակ ­Դաշ­նա­գի­րին։ ­Բայց կար կա­րե­ւոր եւ հիմ­նա­կան մէկ տար­բե­րու­թիւն։ ­Մոս­կո­ւա­յի դաշ­նա­գի­րը կնքո­ւած էր պար­զա­պէս ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ եւ ­Լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ, մինչ­դեռ ­Կար­սի պայ­մա­նա­գի­րը կնքո­ւե­ցաւ մէկ կող­մէ նոյն ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ, իսկ միւս կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի, Վ­րաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց մի­ջեւ, ան­շուշտ ­Լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ եւ… ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ։gars-13-10-2016-1

Կար­սի ­Դաշ­նա­գի­րին ստո­րագ­րու­թե­նէն ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­նոր ստո­րա­դիր նոյն կող­մե­րուն մի­ջեւ ­Կար­սի խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ բա­ցո­ւե­ցաւ 1921ի ­Սեպ­տեմ­բեր 26ին ու իր ա­ւար­տին յան­գե­ցաւ ­Հոկ­տեմ­բեր 13ին։

Մոս­կո­ւա­յի ­Դաշ­նա­գի­րին 15րդ ­յօ­դո­ւա­ծով՝ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նը յանձն ա­ռած էր, Անդր­կով­կա­սի ե­րեք խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ, դի­մել անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րուն, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նը, Վ­րաս­տա­նը եւ Ատր­պէյ­ճա­նը եւս ­Թուր­քիոյ հետ ստո­րագ­րեն «­Բա­րե­կա­մու­թեան ու եղ­բայ­րու­թեան» դաշ­նա­գիր մը, ուր ան­պայ­ման պի­տի ճանչ­ցո­ւէին ու հաս­տա­տո­ւէին իւ­րա­քան­չիւր հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Դաշ­նագ­րով ճշդո­ւած կէ­տե­րը։

Մինչ ­Թուր­քիա իր սե­փա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը կու տար ­Մոս­կո­ւա­յի ­Դաշ­նագ­րի այդ 15րդ ­յօ­դո­ւա­ծին եւ կը պա­հան­ջէր, որ Անդր­կով­կա­սի ե­րեք խորհրդա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ­Կար­սի մէջ, ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին պայ­մա­նագ­րեր կնքեն ­Թուր­քիոյ հետ, ­Ռու­սաս­տան՝ իբր թէ ար­տա­յայ­տե­լով անդր­կով­կա­սեան հան­րա­պե­տու­թեանց ընդ­դի­մու­թիւ­նը, կ­þա­ռա­ջար­կէր որ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Դաշ­նագ­րին հիմ­նա­կան կէ­տե­րը նոյ­նը պա­հո­ւին, բայց ­Հա­յաս­տան, Վ­րաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան պար­տա­ւոր չըլ­լան ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին պայ­մա­նա­գիր ստո­րագ­րե­լու ­Թուր­քիոյ հետ եւ բա­ւա­րա­րո­ւին ընդ­հա­նուր մէկ պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեամբ։

Ժա­մա­նա­կը շու­տով ցոյց տո­ւաւ, որ ­Լե­նի­նի ­Ռու­սաս­տա­նը ոչ թէ անդր­-կով­կա­սեան ե­րեք հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն շա­հերն ու ի­րա­ւունք­նե­րը, այլ ի՛ր սե­փա­կան կայ­սե­րա­պե­տու­թեան հա­շիւ­նե­րը յա­ռաջ կը քշէր, երբ ­Կար­սի մէջ ա­մէն ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի ­Մոս­կո­ւա­յի պայ­մա­նագ­րին հե­տե­ւո­ղու­թեամբ ու նմա­նու­թեամբ միա­ցեալ պայ­մա­նագ­րի մը ստո­րագ­րու­թիւ­նը պար­տադ­րէ Անդր­կով­կա­սի ե­րեք հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն, յատ­կա­պէ՛ս ­Հա­յաս­տա­նին։

Կար­սի խորհր­դա­ժո­ղո­վին ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ մաս­նակ­ցե­ցան Աս­քա­նազ Մ­ռա­ւեան (ար­տա­քին գոր­ծե­րի ժող­կոմ, պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ) եւ ­Պօ­ղոս ­Մա­կին­ցեան (ներ­քին գոր­ծե­րի ժող­կոմ), Վ­րաս­տա­նի կող­մէ՝ ­Շալ­վա Է­լիա­վա (ռազ­մա­կան եւ ծո­վա­յին գոր­ծե­րի ժող­կոմ) եւ Ա­լեք­սանդր Ս­վա­նի­ձէ (ար­տա­քին գոր­ծե­րի եւ ֆի­նանս­նե­րի ժող­կոմ), Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ՝ ­Բեհ­բուդ ­Շահ­թախ­թինս­կի (պե­տա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան ժող­կոմ, պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ), ­Ռու­սաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցուց Եա­կով ­Գա­նեց­կին, Թր­քա­կան կող­մը ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Քեա­զիմ ­Կա­րա­բե­քիր փա­շա (Ա­րե­ւե­լեան ռազ­մա­ճա­կա­տի հրա­մա­նա­տար, պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ), ­Վե­լի բէյ, ­Մուխ­թար բէյ եւ ­Մեմ­տուհ ­Շեւ­քեթ բէյ (Ատր­պէյ­ճա­նի մօտ ­Թուր­քիոյ լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ)։

Կար­սի ­Դաշ­նա­գի­րը կը բաղ­կա­նայ նե­րա­ծու­թե­նէ մը, 20 յօ­դո­ւած­նե­րէ եւ 3 յա­ւե­լո­ւած­նե­րէ։ Ա­ռա­ջին յօ­դո­ւա­ծով ի­րենց ու­ժը կորսն­ցու­ցած կը հա­մա­րո­ւին բո­լոր այն պայ­մա­նագ­րե­րը, ո­րոնք կնքո­ւած են ստո­րագ­րող կող­մե­րու տա­րածք­նե­րէն ներս ան­ցեա­լին գո­յու­թիւն ու­նե­ցաւ ինք­նիշ­խան կա­ռա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ։ Այդ­պէս, օ­րի­նակ, չե­ղեալ կը հա­մա­րո­ւի Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի պայ­մա­նա­գի­րը (որ կնքո­ւե­ցաւ 1920ի ­Դեկ­տեմ­բեր 3ին):
Չե­ղեալ կը հա­մա­րո­ւին նաեւ (բա­ցա­ռու­թեամբ ­Մոս­կո­ւա­յի ռուս-թուր­քա­կա­նին) այն պայ­մա­նագ­րե­րը, ո­րոնք կնքո­ւած են եր­րորդ պե­տու­թեան մը հետ եւ կը վե­րա­բե­րին Անդր­կով­կա­սի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն:

Երկ­րորդ յօ­դո­ւա­ծով, որ ա­ռանձ­նա­պէս կա­րե­ւոր էր ­Թուր­քիոյ հա­մար, ստո­րագ­րող կող­մե­րը չեն ճանչ­նար «բռնի ու­ժով» պար­տադ­րո­ւած ո­րե­ւէ պայ­մա­նա­գիր կամ մի­ջազ­գա­յին այլ քայլ, ինչ որ պար­զա­պէս կը նշա­նա­կէր, թէ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նը չի ճանչ­նար 1920 թո­ւի Օ­գոս­տոս 10ին կնքո­ւած ­Սեւ­րի հաշ­տու­թեան ­Դաշ­նա­գի­րը, որ իբր թէ «բռնի ու­ժով» պար­տադ­րո­ւած էր…
Թուր­քիոյ եւ Անդր­կով­կա­սի հան­րա­պե­տու­թեանց մի­ջեւ սահ­մա­նա­գի­ծը ո­րո­շող յօ­դո­ւած էր չոր­րոր­դը, որ հիմ­քը կազ­մեց ­Թուր­քիա-­Հա­յաս­տան ներ­կայ սահ­մա­նագ­ծին։

Հին­գե­րորդ յօ­դո­ւա­ծով՝ ­Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­ձայ­նին ­Նա­խի­ջե­ւա­նի մար­զը՝ իբ­րեւ ինք­նա­վար տա­րածք, յանձ­նելու Ատր­պէյ­ճա­նի… խնա­մա­կա­լու­թեան:

Թիւ 6էն 9 յօ­դո­ւած­նե­րը կը վե­րա­բե­րին ­Թուր­քիոյ եւ Վ­րաս­տա­նի փոխ-յա­րա­բե­րու­թեանց։ Ըստ այդ յօ­դո­ւած­նե­րուն՝ ­Թուր­քիան ­Պա­թում քա­ղա­քի ու մար­զի ինք­նիշ­խա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը կը զի­ջի Վ­րաս­տա­նին՝ պայ­մա­նով, որ տե­ղա­կան բնակ­չու­թիւնն օգ­տո­ւի լայն ինք­նա­վա­րու­թե­նէ, իսկ ­Թուր­քիոյ ի­րա­ւունք վե­րա­պա­հո­ւի օգ­տո­ւե­լու ­Պա­թու­մի նա­ւա­հան­գիս­տէն՝ ա­ռանց ա­տոր հա­մար յա­տուկ հարկ վճա­րե­լու (յօ­դո­ւած 6)։
10րդ ­յօ­դո­ւա­ծով կող­մե­րը կը պար­տա­ւո­րո­ւին թոյլ չտալ գո­յու­թիւ­նը այն­պի­սի կազ­մա­կեր­պու­թեանց կամ խում­բե­րու, ո­րոնք ստո­րա­դիր միւս կող­մի դէմ պայ­քա­րի նկա­տակ ու­նին (ինչ­պէս ­Հայ ­Դա­տի հա­մար պայ­քա­րող ու­ժե­րը – Ն.)։

Իսկ վեր­ջին՝ 20րդ ­յօ­դո­ւա­ծով կը նա­խա­տե­սո­ւի, որ պայ­մա­նա­գի­րը են­թա­կայ է վա­ւե­րաց­ման եւ վա­ւե­րագ­րե­րը կը փո­խա­նա­կո­ւին Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ 1922ի ­Սեպ­տեմ­բեր 11ին:
Մ­նա­ցեալ յօ­դո­ւած­նե­րով կը ճշդո­ւին ստո­րագ­րող կող­մե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ի­րա­ւա­կան կա­ցու­թիւ­նը տո­ւեալ եր­կիր­նե­րուն մէջ, զի­ջու­մի են­թա­կայ տա­րածք­նե­րու բնակ­չու­թեան տե­ղա­փոխ­ման ի­րա­ւուն­քը, կը սահ­մա­նո­ւին ռազ­մա­գե­րի­նե­րու եւ գաղ­թա­կան­նե­րու փո­խա­նակ­ման կար­գը, ա­ռեւտ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու եւ այլ հար­ցեր։

Կար­սի պայ­մա­նագ­րով փաս­տօ­րէն վե­րա­հաս­տա­տո­ւե­ցան 16 ­Մարտ 1921ին կնքո­ւած ­Մոս­կո­ւա­յի ­Դաշ­նագ­րին կող­մէ ճանչ­ցո­ւած ­Թուր­քիոյ կա­տա­րած հո­ղա­յին բռնագ­րա­ւում­նե­րը, ո­րոնք կոպ­տօ­րէն կ­þոտ­նա­կո­խեն ­Հա­յաս­տա­նի կեն­սա­կան շա­հե­րը։
Այս­պէ՛ս, ­Կար­սի ­Դաշ­նա­գի­րով ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նին պար­տադ­րո­ւե­ցաւ ըն­դու­նիլ եւ ճանչ­նալ սե­փա­կան հայ­րե­նի տա­րածք­նե­րէն ­Կար­սի մար­զի ու ­Սուր­մա­լո­ւի գա­ւա­ռի (մօտ 24 հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր) եւ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի երկ­րա­մա­սի (5,5 հա­զար քառ. քի­լո­մեթր) կո­րուս­տը:

Ն.

azator.gr

Տպել Տպել