«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Թափանցիկ ներդրումի տեսլականը

Այնքան ատեն որ, ներդրող մը՝ օտար թէ տեղացի, վստահ ու քաջատեղեակ է, որ իր սեփականութեան իրաւունքը երաշխաւորուած ու պաշտպանուած է Հայաստանի մէջ եւ ունի բացարձակ պաշտպանութիւն, այդ պարագային բնական է որ, մեծաքանակ հոսք պիտի կատարուի Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ:

Այս խիստ անհրաժեշտ եւ այժմէական նիւթին շուրջ՝ «Հայաստան.- Ներդրումային Համաժողով»ին մասնակցեցաւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ, խօսք առնելով.- «Հայաստանը` իբրեւ դարպաս դէպի մեծ շուկաներ» ենթագլուխը կրող օրակարգէն ներս:
khemp-p1-copy
Ան ներկայացուց 25-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան

տնտեսական եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու արձանագրուած ձեռքբերումները:

Այս նիւթին մասին անդրադառնալն ու մելան հոսեցնելը կրնայ խլել էջեր: Նիւթ մը, որուն կիրարկումը շատ աւելի կարեւոր է, քան մատնանշումը: Այսպէս ներդրումային հեզասահ հոսանք մը ստեղծելու համար պէտք է իրագործել հանրային իշխանութեան եւ գործառնութեան միատեղումը բացառող կանոնները, պետական սեփականութեան կառավարման որակի եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացումը, անօրինական գործունէութեան բացառումը, առանձնացնել իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի լիարժէք գործադրութիւնը, համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան համակարգի ստեղծումը, սեփականութեան իրաւունքի եւ ներդրումներու պաշտպանութեան ծրագրի մշակումն ու գործադրումը, խնայողութիւններու ձեւաւորման խթանումը, նոր ներդրումներու ներգրաւումը եւ աշխատատեղերու ստեղծումը, տարածքային համաչափ եւ կայուն զարգացման ծրագիրներու իրականացումը, հարկային քաղաքականութեան վերանայումը, տարածքներու համաչափ զարգացման խթանումը եւ անշուշտ Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան բարձրացումը, հայկական սփիւռքի դերի եւ մասնակցութեան մշակումը…դեռ շարքը կարելի է երկարել:

Այսպէս, այս գիտաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած տաս լիագումար նիստերուն ընթացքին, Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ տեղեկութիւններ տրամադրեցին հանքարդիւնաբերութեան, երթեւեկութեան, դեղագործութեան, գիւղատնտեսութեան, հեռահաղորդակցութեան, զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ Հայաստանի առաջարկած նորարարական կարելիութիւններուն մասին: Նաեւ, ներկայացուեցաւ ընդհանուր տեսլական մը նոր արտաքին ներդրումներու ներգրաւման, Հայաստանի մէջ արտադրուող ապրանքներուն եւ ծառայութիւններուն համար նոր շուկաներ եւ ուղղութիւններ գտնելու, պիւտճէական միջոցներու սպառման արդիւնքը մեծցնելու եւ այլ խնդիրներու վերաբերեալ:

Այլ կարեւոր հաստատում մը, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն աւելի նոյնինքն նախագահ Սարգսեանը շեշտեց, այն էր թէ ներդրողներուն կը թելադրուի Հայաստանի կարելիութիւնները օգտագործել իբրեւ դարպաս դէպի տարածաշրջանի հիմնական շուկաներ։

Հուսկ, տեղին է անգամ մը եւս կրկնել թէ, ներդրումի ալիք մը ստեղծելու համար, նաեւ կարեւոր են Հայաստանի մէջ մրցակցային հաւասար պայմաններու ստեղծումը, ազատօրէն եւ թափանցիկ գործելաձեւով, հաւասար վերաբերմունքն ու պայմանները: Այսպէս է որ կրնայ ճիշտ ուղղութեամբ ընթանալ Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութիւնը:

hairenikweekly.com

12/10/2016

Տպել Տպել