Մեծագոյն ախտի` գործազրկութեան` ախտաճանաչման անսքող փորձ

ԳՈՐԾԱԶՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔԱՆԴԷ ԱՐԺԷՔ ԵՒ ԵՐԱԶ

Ժամանակակից մարդկութեան դիմագրաւած մեծագոյն ախտը գործազրկութիւնն է: Դժբախտութեան աղբիւր՝ անհատներու, ընտանիքներու, ժողովուրդներու, ազգերու, երկիրներու եւ մարդկութեան համար:

Երկիրներու պառակտումներու, ներքին սուր պայքարներու եւ ապակայունացումներու հիմնական պատճառ է գործազրկութիւնը, որ դարձած է անհակակշռելի ախտ: Ախտ՝ զոր կ’ուզենք եւ հասկնալ որպէս հետեւանք, առանց առարկայական վերաբերում ճշդելու անոր պատճառներուն մասին:balian-unemployed

Այս ախտին դէմ պետութիւնները կը պայքարին, եթէ դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը թոյլ տայ, քանի որ այդ նոյն դրամի կայսերապաշտութիւնը կը հակակշռէ պետութիւնները: Եթէ չվարանինք՝ կրնանք ըսել որ անբուժելի հիւանդութիւններէն եւ պատերազմներէն աւելի մեծ է այս ախտը:

Գործազրկութիւնը անհատը եւ զանգուածները կը դատապարտէ աղէտի, կը շեշտէ անհաւասարութիւնները, անհատականութեան քանդումի կ’առաջնորդէ, կը շեշտէ կենսամակարդակի անկումը, դուռ կը բանայ բռնարարքներու, բարոյական անկումներու, կը խախտէ ընկերային եւ ազգային հաւասարակշռութիւնները եւ ինքնութիւնները:
Նորահաս սերունդի ապագայի յոյսը կը չքանայ երբ ան հասակ կ’առնէ գործազրկութեան մատնուած ընտանիքի մէջ: Հետեւանքը կ’ըլլայ բնական միջավայրէ հեռացում, ապրելու համար միջոցներու միջեւ խտրութիւն չդնելու վերաբերումներ, ծայրայեղութիւններ՝ մանաւանդ ի տես անաշխատ հարստացումներու, որոնք կը յատկանշեն ժամանակակից ընկերութիւնները:

Կարգ մը երկիրներ ի վիճակի են հրապարակելու գործազուրկներու թիւը, ուրիշներ այդ չեն կրնար ընել՝ զուրկ ըլլալով ուսումնասիրական յատուկ կազմակերպութենէ: Այդպէս է պարագան նորանկախ եւ երրորդ աշխարհի երկիրներու:
Գործազրկութիւնը կը բացատրուի բազմաթիւ պատճառներու առկայութեամբ. դրամագլուխի համար առաւելագոյն շահի յարաճուն ընչքաղցական հետապնդում, արտադրական միջոցներու հնութիւն, համաշխարհայնացման հետեւանքով թերաճ երկիրներու աշխատաւորական ուժի շահագործում, անսանձ եւ անյագուրդ մրցակցութիւն: Այս վերջին պարագային ճարտարարուեստականացած երկիրներու արդիւնաբերական կառոյցները կը փոխադրուին ցած աշխատավարձով երկիրներ, աճեցնելով գործազրկութիւնը: Դրամատէրերը ընկերաբարոյական մտահոգութիւն չունին, մտահոգութիւնը շահերու տոկոսներու աճն է:

ԱԶԱՏ ՇՈՒԿԱՅԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴՐԱԿԱՆ ՉԵՂԱՒ

Ազատ շուկայական դրութիւնը չնպաստեց ցած կենսամակարդակով երկիրներու աշխատաւորութեան բարօրութեան եւ աճեցուց զարգացած երկիրներու գործազրկութիւնը, հետեւաբար՝ կենսամակարդակի անկումը: Ճարտարարուեստականացած երկիրներու մէջ գործազրկութիւնը, վերջին քառասուն տարիներուն, բազմապատկուած է տասնով, քսանով, երեսունով: Այս աղէտը կասեցնելու փորձերը չեն առաջնորդած արմատական վերանայումներու: Կը հիանանք ոմանց միլեառներ դիզած ըլլալու յաջողութեան, առանց իրապէս քննութեան ենթարկելու անոր ետին գտնուող չարաշահումները, աշխատուժի անխնայ շահագործումը, խարդախութիւնները, կողոպուտները:

Հարկ է հրապարակել գործազրկութեան հաշուարկումի բաղդատական տախտակները անցնող տասը, քսան, երեսուն, քառասուն տարիներուն համար: Հրապարակել նաեւ նոյն ժամանակաշրջանին աճած միլեառատէրերու ցանկը:
Պետութիւնները, եթէ կոչուած են ժողովուրդի ծառայութեան, եւ սոսկ հաշուապահ պահակները չեն սակաւապետութեան մը (oligarchie), հարցին պէտք չէ մօտենան շպարային միջոցներով: Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ եթէ կ’ուզեն զգետնել ցուլը, զայն պէտք է բռնել իր կոտօշներէն…

Այս հիմնահարցը այդպէս ալ կը մնայ խօսքի սահմաններուն մէջ, քանի որ զանգուածային լրատուամիջոցները կը հակակշռուին, ինչպէս պետութիւնները, նոյն սակաւապետութեան կողմէ, տնտեսապէս հզօր եւ աղքատ երկիրներու մէջ հաւասարապէս: Քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային երեւոյթ է գործազրկութիւնը, ճարտարարուեստականացած երկիրներու մէջ, որուն սկիզբ եւ սկզբնապատճառ կարելի է համար 1973-ի նաւթային տագնապը: Այդ տարին, Հոկտեմբեր 1973-ին, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմը, ծանօթ Քիփուրի պատերազմ անունով, նաւթի շուկայի առաջին մեծ ցնցումին պատճառ եղաւ: Մեծ տնտեսագէտ ըլլալ պայման չէ, հասկնալու համար քանի մը շաբթուան ընթացքին Ծոցի նաւթի գինին քառապատկումին հետեւանքները երեւակայելու համար: Նաւթ արտադրող արաբական երկիրները, Հոկտեմբեր 16 եւ 17 , 1973-ին, Քուէյթի մէջ ժողով գումարեցին, եւ որոշեցին նաւթ չարտածել դէպի այն երկիրները, որոնք զօրավիգ էին Իսրայէլի (Միացեալ Նահանգներ, Ճաբոն, Հոլանտա): Միաժամանակ որոշեցին 25 տոկոսով կրճատել իրենց արտադրութիւնը:

Հակառակ միջազգային նախաձեռնութիւններու, նաւթի միջազգային շուկան պաշտպանելու, որպէսզի տնտեսական աճը շարունակուի, տագնապը ցնցեց տնտեսութիւնները, որուն հետեւանքը եղաւ դրամանիշի արժէքի անկումը, ճարտարարուեստական երկիրներու ելեւմուտքը բաց արձանագրեց, երեւոյթ՝ որ կը շարունակուի: Եւ սկսաւ միաժամանակ աճիլ գործազրկութիւնը: Այս առաջին ցնցումին յաջորդեցին Իրանի յեղափոխութեան յառաջացուցած տագնապը եւ Իրան-Իրաք պատերազմը, նաւթի տագնապ ստեղծուեցաւ, գիները աճ արձանագրեցին, պետական պարտքերը աճեցան եւ կը շարունակուին: Ճարտարարուեստականացած երկիրներ չեն յաջողիր իրենց պիւտճէները հաւասարակշռել: Գլխապտոյտ կը պատճառեն երկիրներու յարաճուն պարտքերը, կը բաւէ դիտել թիւերը: Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու պարտքը՝ 19.000 միլեառ տոլար, Ֆրանսայի պարտքը՝ 2300 միլեառ եւրօ, Հայաստանի պարտքը՝ 4 միլեառ տոլար, Լիբանանի պարտքը՝ 70 միլեառ տոլար: Եւայլն: Տնտեսագէտները պէտք է ըսեն, թէ դեռ չծնած քանի սերունդներ պարտքով աշխարհ պիտի գան: Եւ իւրաքանչիւր ծնած մանուկ որքան պարտք պարտի հատուցել:

Այս պարտքերը կը յառաջացնեն տոկոսներ, որոնք կը վճարուին դժուարութեամբ ձեռք բերուած խնայողութիւններով կամ պարտքի աճով: Կը նշանակէ որ երկիրները իրենց եկամուտի մէկ մասը կը յատկացնեն տոկոսներու, վստահելի ըլլալու եւ նոր պարտքեր ընելու համար: Կ’ըսեն՝ յանձանձել պարտքի տոկոսը, առանց մտածելու պարտքի շիջման մասին:

ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ԱՃ ԵՒ ԹՇՈՒԱՌԱՑՈՒՄ

Դրամատէրեր, այս կացութեան մէջ, կ’աճեցնեն իրենց դրամագլուխը դրամատուներէն ստանալով շահաբաժիններ, կ’օգտագործեն թերաճ երկիրներու աժան աշխատուժը, պատճառ դառնալով ճարտարարուեստականացած երկիրներու գործազուրկներու թիւի աճման, առանց բարւոքելու թերաճ երկիրներու աշխատաւորներու կենսամակարդակը: Հարկ է հետեւիլ անչափահաս եւ դպրոցէ զրկուող մանուկներու հացի կտորի համար աշխատանքին:

Այս բարդ կացութեան հետեւանք է գաղթականական ալիքը, թերաճ երկիրներէն դէպի ճարտարարուեստականացած երկիրներ, որոնց համար մարդասիրական եւ մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէ իրաւ լուծում պէտք է գտնել, առանց անտես ընելու այլ երկիրներու ազգային, մշակութային, քաղաքական, տնտեսական եւ արժէքներու համակարգը: Այդ անտեսումը վաղուան աննախատեսելի պառակտումներու եւ բախումներու պատճառ պիտի ըլլայ, անոնք պիտի չսահմանափակուին աշխարհագրական սահմանի մը մէջ. պատերազմ, քաղաքացիական պատերազմ: Եւ նկատի ունենալով ներկայի զինական ուժի հնարաւորութիւնները, անկարելի չէ երեւակայել հետեւանքները:

Փակուղիէն դուրս գալու պայմանը տնտեսութեան անկարելի թուացող բարոյականացումն է, առաջքը առնելու համար համաշխարհային եւ համամարդկային աղէտներու: Յաճախ յիշած եմ ֆրանսացի իմաստասէրին այնքան ապագայատես խօսքը, ըստ որուն՝ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է» Renee le Senne): Այդ «ուրիշի իրաւունքը» դրամատուներու մէջ քնացող անհաշուելի գումարներն են, մէկ մասը աստ եւ անդ թաքցուած:

Այլ խօսքով, քաղաքականութիւնը եւ տնտեսութիւնը հարկ է բարոյականացնել, զանոնք ծառայացնելով մարդոց, անոնց զարգացման, բարօրութեան, ազատագրման, մարդը դարձնելով առանցքային արժէք, զոր կ’անգիտանան դրամի միջագային կայսերապաշտութիւնը եւ անոր լծակները հանդիսացող ժամանակակից պետութիւնները, ինչ գոյն եւ պիտակ ալ ունենան անոնք: Մինչեւ այն ատեն որ մոլորակը առաջնորդողները դիտանկիւն չեն փոխեր, տագնապները պիտի շարունակուին եւ անհակակշռելի պիտի ըլլան, նախանշանները արդէն կան եւ կը բազմապատկուին:

Սպառման ապրանքներու գիները, կենսականէն մինչեւ պերճանքներ, չեն ճշդուիր ըստ ժողովուրդի բարօրութեան միտող նախաձեռնութիւններու, այլ ըստ տոկոսային աճերու: Երբ ինքնաշարժի ընկերութիւն մը յանձն կ’առնէ քսան կամ երեսուն միլեառ վճարել իր խարդախութիւններուն համար, կը նշանակէ որ այդ միլեառները դիզած էր չարաշահումներով: Օրինակ մըն էր:

Միջազգային ընտանիքը դեռ չէ կրցած մտածել եւ լուծումներ գտնել բնութեան բարիքները, ներառեալ մոլորակի ընդերքի հարստութիւնները, մարդոց ծառայեցնելու համար, եւ ոչ անհատներու: Այլ խօսքով, գիներու կանոնաւորման հարցը պէտք է լուծել մարդկայնութեան տեսանկիւնէ: Միշտ զարմացած եմ, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ժողովներուն այս հարցերը չեն քննուիր, այդ մեծ համարուած կազմակերպութիւնը ինքզինք կը դատապարտէ հրշէջի դերին:
Յիշեցի նաւթը: Խօսիլ սնունդի մասին, հողամշակութեան, ծովերու մասին:

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ

Ոչ ոք կ’ըսէ, թէ մոլորակի երկիրներու առաջնորդները, ոչ թէ անկարող են, այլ անատակ են մարդկութեան հարցերը լուծելու: Եւ հաւանօրէն օր մը, քաղաքագէտ եւ տնտեսագէտ համարուած ղեկավարութիւնները պիտի փոխարինուին բարոյականութեան սկզբունքներով առաջնորդուող իմաստասէրներով: Ծիծաղելի թուացող երազ մը: Բայց երբ միւս ձեւերը տարած են փակուղի, ընդունելի պէտք է ըլլայ երազը:

Դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը միթէ՞ կարելի պիտի ըլլայ փոխարինել նոր համակարգով մը, որպէսզի աշխատանքը դադրի գերութիւն ըլլալէ, մարդիկ աշխատին իրականացնելով իրենց կարողութիւնները, զանոնք ծառայացնելով Մարդուն, միշտ խորհելով, որ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»:

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը եւ անոր անդամները օր մը պիտի կարենա՞ն յայտարարել, որ որդեգրած են այդ գլխագրուած Պարտականութիւնը, փոխանակ ճապկումներով տեւաբար խուսանաւելու եւ զայն կոչելու քաղաքական իմաստութիւն կամ դիւանագիտութիւն:

Ինչո՞ւ այս հարցերու մասին չեն խօսիր նախագահներ, վարչապետներ, մտաւորականներ եւ զանգուածային լրատուամիջոցները:

Միթէ՞ այս չէ հանրային ծառայութեան ալֆան եւ օմեկան…

Հարցում էր: Պէտք է պատասխանել առանց ճկոյթի ետին թաքնուելու: Պէտք է որ պատասխանեն մեծ եւ փոքր երկիրներու առաջնորդները, այսօ՛ր:

Վաղը միշտ ուշ կրնայ ըլլալ:

Յ. Պալեան

hairenikweekly.com

13/10/2016

Տպել Տպել