Վերյիշելով Սողոմոն Թեհլիրեանը

fotorcreatedԲոլորիս շատ ծանօթ դէպքը պատահեցաւ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, ասկէ 95 տարի առաջ: Մարտի այդ օրը, Սողոմոն Թեհլիրեանի գնդակով զգետնուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար եւ ապա վարչապետ Քիւչիւք Թալէաթ փաշան:

Յաջորդ տարի, Հռոմի եւ նոյն Պերլինի մէջ, հայ վրիժառուներու ձեռքով զգետնուեցան նաեւ Սայիտ Հալիմ փաշան, Պէհաէտտին Շաքիրը, Ճեմալ Ազմին, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսում Ճեմալ փաշան: Նոյն այս ժամանակամիջոցին եւ նոյնինքն Օսմանեան պետութեան մայրաքաղաքին մէջ, հայ ժողովուրդի պատժիչ ձեռքը հասած էր Պաքուի հայերու ջարդարար Պեհպուտ Խան Ջիվանշիիրին: Ա՛ն եւս իր արժանի պատիժը գտաւ, այս անգամ Միսաք Թորլաքեանի ձեռքով:

Վաչէ Բրուտեան

Վաչէ Բրուտեան

Այս բոլոր անձերը ուղղակի պատասխանատուներն էին Հայոց Ցեղասպանութեան, թէ՛ ծրագրումի եւ թէ գործադրութեան իմաստով:

Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան, Միսաք Թորլաքեան, ինչպէս նաեւ Արտաշէս Գեւորգեան, Պետրոս Տէր Պօղոսեան եւ Ստեփան Ծաղիկեան ինքնագլուխ եւ ինքնաբուխ քայլեր չառին: Անոնց արարքները ինքնագլուխ չէին: Անոնք գործադրեցին քաղաքական որոշում մը:

Անգամ մը եւս շեշտենք, ի լուր բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը փորձեն «Նեմեսիս» գործողութիւնը պարպել իր քաղաքական բովանդակութենէն, որ թուրք ջարդարարները պատժելու արարքը քաղաքական որոշումի մը արդիւնք էր: Եւ այդ որոշումը նաեւ ցոյց կու տար, որ հայութիւնը անգլուխ, անկազմակերպ հաւաքականութիւն մը չէր այդ օրերուն: Հայութիւնը ունէր քաղաքական մտածողութիւն, ունէր քաղաքական ղեկավարութիւն, որ որոշումներ կը կայացնէր:

Այս որոշումը, այսինքն Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները պատժելու որոշումը տրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ, Երեւանի մէջ, 1919ին գումարուած 9րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ, մօտաւորապէս այս օրերուն:

Այս որոշումը գործադրելու համար կազմուեցաւ յատուկ մարմին մը, որ մշակեց թուրք ջարդարարները պատժելու «Նեմեսիս» ծրագիրը: Այս մարմինը միայն կուսակցական բնոյթ չունէր. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական մակարդակի թէ՛ մասնակցութիւն եւ թէ աջակցութիւն կար: Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարօ ինք կը գլխաւորէր այս մարմինը: Հռոմի եւ Պերլինի մէջ ՀՀ դեսպանատուները, իրենց կարգին, դեսպաններ Միքայէլ Վարանդեանի եւ Լիպարիտ Նազարեանցի գլխաւորութեամբ, ամէն ձեւի աջակցութիւն կը ցուցաբերէին այս գործողութեան:

Պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին, որ Դաշնակցութեան այս որոշումը միայն վրէժի եւ թուրք պետական ոճրագործները պատժելու գաղափարին վրայ չէր հիմնուած:

Այդ որոշումը ունէր նաեւ ուրի՛շ ներքին տրամաբանութիւն մը: Այդ ալ հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու, այդ իրաւունքները հետապնդելու գաղափարն էր:

Զարմանալի ալ չէր, որ ճիշդ այն օրերուն, երբ Սողոմոն Թեհլիրեան Պերլինի մէջ գետին կը փռէր Թալէաթը, անդին, Հայաստանի մէջ, հայ ժողովուրդը ապստամբութեան դրօշը բարձրացուցած էր խորհրդային բռնատիրութեան դէմ:

Մէկ կողմէ Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեան Դաշնակցութեան կամքը, անոր որոշումը կը գործադէր, միւս կողմէ Հայաստանի մէջ, հայ ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ Դաշնակցութեան մարտական եւ քաղաքական ղեկավարութեան, ազատութեան եւ անկախութեան համար օրհասական պայքար կը մղէր բոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ:

Աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու տեղի ունեցող այս երկու զարգացումները անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ հայ ժողովուրդի իղձերն են, որոնք հիմքը կը կազմեն Դաշնակցութեան որոշումներուն:

Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ կը կազմակերպուէր Խանասորի արշաւանքը, Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ կը գրաւուէր Օսմանեան դրամատունը, Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ կը կազմակերպուէր հայկական ինքնապաշտպանութիւնը 1905ի հայ-թաթարական կռիւներուն ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ կը կազմակերպուէր Պաքուի հայութեան պաշտպանութիւնը 1918ին եւ վերջապէս, Դաշնակցութեան որոշումով էր, որ ամբողջ Արեւմտահայաստանի մէջ, հայութիւնը զինեալ պայքարի կը դիմէր, ազատագրուելու համար օսմանեան լուծէն:

Այս որոշումներուն հիմքը կը կազմէ մեր հայրենիք Հայաստանը ազատ ու անկախ տեսնելու՝ հայ ժողովուրդի արդար եւ բնական ձգտումը:

Բոլոր ժողովուրդներուն նման, մենք եւս ունինք իրաւունքը մեր սեփական հայրենիքը անկախ տեսնելու: Մենք եւս ունինք իրաւունքը մեր անկախ երկրին մէջ բարգաւաճելու:

Հայ ժողովուրդը չի կրնար հանդուրժել անարդարութիւն: Մենք չենք կրնար հանդուրժել, որ մեր ժողովուրդը իրաւազրկուի: Դաշնակցութիւնը կը մնայ տէրը մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն: Ա՛յս է այն գաղափարական սկզբունքը, որուն համար Դաշնակցութիւնը կը կայացնէ իր որոշումները:

Գաղափարական այս սկզբունքին վրայ անխախտ մնալու շնորհիւ էր, որ մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ ազատագրել Արցախը: Հայրենիքի հողը անձեռնմխելի նկատելու այս խոր հաւատքին շնորհիւ էր, որ հայկական բանակը յաջողեցաւ խորտակել ամէնէն արդիական զէնքերով զինուած ատրպէյճանական բանակը, անցնող Ապրիլի առաջին օրերուն:

Այս հաւատքը, ազատագրուած հայրենիքի սահմանները անձեռնմխելի պահելու հաւատքը, ոչ մէկ տկարութիւն կը ճանչնայ: Մեզի այս դասը անգամ մը եւս տուին մեր բանակի երիտասարդ զինուորներն ու սպաները, որոնք երբեմն կռուեցան, բառացիօրէն՝ մինչեւ վերջին փամփուշտը, իրենց յանձնուած խրամատները անառիկ պահելու համար: Ռոպերթ Աբաջեան, Քեարամ Սլոյեան, կապիտան Ուրֆանեան եւ աւելի քան հարիւրեակ մը երիտասարդ զինուորներ ու սպաներ: Անոնց նահատակութիւնը մեզի կսկիծ կը պատճառէ եւ միաժամանակ հպարտութիւն կը ներշնչէ:

Հպարտութիւն, որովհետեւ անոնք քալեցին այն նոյն ճամբէն, ուրկէ իրենցմէ առաջ անցած էին հայ ժողովուրդի բոլոր անուանի եւ խոնարհ ու անանուն նահատակները:

Հպարտութիւն նաեւ անոր համար, որ հայրենիքը պաշտպանելու, անոր սահմանները անխորտակելի պահելու սկզբունքը կը մնայ անխախտ: Բայց հպարտութիւն մանաւանդ անոր համար, որ այս մարտունակ ոգիին շնորհիւ է, որ մեր ժողովուրդը պիտի կարենայ ի վերջոյ տէրը դառնալ իր արդարագոյն եւ ամբողջական իրաւունքներուն:

Այսօր, այն վայրէն, ուր կը հանգչի հայ ժողովուրդի արդարութեան ձգտումի խորհրդանիշներէն Սողոմոն Թեհլիրեան, իբրեւ Դաշնակցութեան համեստ զինուոր, կոչ կ՛ուղղեմ ձեր բոլորին, որ ձեր զաւակներն ու թոռները դաստիարակէք հպարտութեան ու զոհաբերութեան այս ոգիով, գաղափարական այդ նոյն սկզբունքով, որպէսզի մեր ժողովուրդը հասնի իր իտէալին, որպէսզի կարենանք հաւաքաբար իրականացնել Հայաստանը միացեալ տեսնելու մեր ժողովուրդի արդարագոյն ձգտումը:

Փառք մեր հին ու նոր բոլոր նահատակներուն, փառք հայ ժողովուրդի բոլոր հերոսներուն:

Խօսուած Թեհլիրեանի Շիրիմին առջեւ 24 Սեպտեմբեր 2016ին, Ֆրեզնօ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել