Թրքական Ծաւալապաշտական Նկրտումներու Բացայայտում

unnamed-1Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի համակիր թրքական պարբերական մը Թուրքիոյ քարտէս մը հրապարակած է, որ կը ներառէ դրացի երկիրներէ բաժիններ, որոնց շարքին Հալէպն ու Մուսուլը։

«Էմարէթ 24» կայքէջը հրապարակած է «Դիրիլիշ պոստասի» կոչուող պարբերականի առաջին էջի նկարը, որ կը պարփակէ յիշեալ քարտէսը ու ցոյց կու տայ շարք մը շրջաններ՝ ինչպէս իրաքեան Էրպիլ, Քերքուք, Մուսուլ, սուրիական Հալէպ, Էտլէպ, Հասաքէ եւ հիւսիսային Սուրիոյ այլ շրջաններ, ինչպէս նաեւ Պուլկարիայէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն ու Յունաստանէն բաժիններ կցուած Թուրքիոյ, վկայակոչելով 1920 թուականին ընդունուած օսմանեան «Ազգային ուխտ»ը (Միլլի միսաք), ըստ որուն այդ հողերը Թուրքիոյ կը պատկանին։
«Ով մեզ համար գծեց այս սահմանները» խորագրուած այս հրապարակումը մեծ արձագանգ գտած է մամուլի եւ քաղաքական գործիչներու շրջանակներէն ներս, որոնք դատապարտած են օսմանեան կայսրութեան փառքը վերականգնելու Թուրքիոյ նախագահի փորձը։

Սահմանային այս փաստաթուղթին յղում կատարած է Էրտողան Մուսուլի ազատագրութեան գործողութեան առաջին օրը. «Պատմականօրէն Մուսուլը մերն է, թոյլ տուէք կարդալ Միլլի միսաքը (Ազգային ուխտը), որպէսզի հասկնաք թէ ինչ նշանակութիւն ունի այս քաղաքը մեզ համար»։ Այս յայտարարութիւնն ան կատարած է Պոլսոյ մէջ գումարուած միջազգային իրաւունքի համագումարի մը առջեւ եւ խոստացած է միանալ Մուսուլի գործողութեան, աւելցնելով որ իրաքեան քաղաքի ապագային շուրջ որեւէ բանակցութիւն կʼառնչուի թրքական ազգային անվտանգութեան։

Էրտողան աւելցուցած է. «Կʼըսեն որ Թուրքիա պէտք չէ Մուսուլի միջամտէ. ինչպէ՞ս չմիջամտենք։ 350 քլմ սահման ունինք Իրաքի հետ ու մեր երկիրը վտանգուած է այդ սահմանէն»։

Հրապարակուած քարտէսը, թէեւ մանրամասնութիւններ ցոյց չի տար, բայց հայերուս անմիջականօրէն շահագրգռող բաժնով յստակօրէն Թուրքիոյ կցած ցոյց կու տայ Նախիջեւանի մեծագոյն մասը, ու՝ եթէ հաւատանք գունաւորման ճշգրտութեան, Հայաստանի Հանրապետութենէն հողաշերտով մը, իսկ Վրաստանէն՝ յստակօրէն Պաթումի նաւահանգիստն իր շրջակայքով։

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»

Տպել Տպել