Հայ դատի խոշոր միջոցառում Լոս Անջելեսում

fotorcreated

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին, «Ուեսթին Պոնավենչըր» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը, ուր աւելի քան հազար Հայ Դատի համակիրներ, ներառեալ 80է աւելի տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի պաշտօնատարներ, համայնքային ղեկավարներ, «Օսքար» մրցանակի արժանացած բեմադրիչ Թերի Ճորճ ու «Խոստումը» ֆիլմը արտադրողներէն մաս մը միասնաբար տօնեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի իրագործումները եւ մեծարեցին քոնկրեսական Պրետ Շըրմընը, Քալիֆորնիոյ հանրային ուսուցման վերահսկիչ Թամ Թորլաքսընը, հանգուցեալ Վարուժան Գունտաքճեանը, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանը, մարզիչ Սթիւ Քըրն ու Քըր ընտանիքը, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Ճեմ Օզտեմիրն ու Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ)։

Նաեւ, տեղի ունեցաւ յատուկ ներկայացում մը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող «Խոստումը» ֆիլմին, եւ ցուցադրուեցաւ յատկապէս ձեռնարկին համար պատրաստուած տեսանիւթ մը, որուն մէջ կան հատուածներ ֆիլմէն, ինչպէս նաեւ՝ ֆիլմի արտադրութեան աշխատանքներէն:

«Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին յաջորդած այս տարուան ընթացքին շատեր մտահոգ էին, որ Հայ Դատին նկատմամբ խանդավառութիւնը կրնայ նուազիլ, սակայն այս ձեռնարկին յաջողութիւնը եկաւ հակառակը փաստելու», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

Ձեռնարկը սկսաւ ազգային քայլերգներու կատարումով՝ Փայլա Գէորգեանի երգեցողութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Ա-լեքս Պէրպէրեանի։

Օրհնութեան աղօթքը մատուցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որմէ ետք, ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Լինա Դաւիթեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցած էին այս երեկոն։

Ապա պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան 19 նահանգներէն ներս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին անցեալ տարեշրջանի իրագործումները, որմէ ետք կազմակերպութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Նորա Յովսէփեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիւրերուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ յատկապէս անոր ատենապետին՝ Լինա Դաւիթեանին։ Ան նաեւ մատնանշեց, թէ ձեռնարկին ներկայ են Նոյեմբերի ընտրութեանց մասնակցող մեծ թիւով թեկնածուներ, որոնք կը վայելեն Հայ Դատի զօրակցութիւնը՝ բացատրելով նման զօրակցութիւն մը ապահովելու պայմանները։

Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները

Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները

Ապա ան ներկայացուց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին անցեալ տարեշրջանի գլխաւոր իրագործումները, ներառեալ՝ Քոլորատոյի մէջ շրջանային կեդրոնի բացում, հեռաւոր շրջաններ այցելութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է նոր մասնաճիւղեր հաստատել, օրինակ՝ Այտըհոյի Թուին Ֆոլզ քաղաքին մէջ, քուէարկողներ արձանագրելու «Հայ Վոթս» արշաւի ընդարձակում, տարբեր շրջաններու մէջ «Հայ Դատը ջատագովելու օրեր»ու կազմակերպում։

Յովսէփեան նաեւ ներկայացուց Հայ Դատի առաջնահերթութիւնները եւ ապագայ ծրագիրները՝ կոչ ընելով ներկաներուն, որ Հայ Դատի յանձնախումբի հովանիին տակ աւելիով աշխուժացնեն Հայկական Հարցին ի նպաստ գործունէութիւնը։

Յովսէփեանի զգայացունց ելոյթէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ՝ իրաւաբան Աշոտ Մուրատեան եւ Պերճ Կարապետեան, կազմակերպութեան «Տարուան Անձնաւորութիւնը» մրցանակը շնորհեցին Քալիֆորնիոյ հանրային ուսուցման վերահսկիչ Թամ Թորլաքսընին, նկատի ունենալով յատկապէս այն իրողութիւնը, որ մեծարեալը եղած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը նահանգային վարժարաններուն մէջ դասաւանդելու գաղափարին ջատագովներէն մէկը:

Թորլաքսըն, որ մեծ պատիւ մը համարեց զինք այս մրցանակին արժանի գտնելու Հայ Դատին որոշումը, իր կարգին դրուատեց նշեալ աշխատանքին յաջողութիւնը ապահովելու համար Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքը՝ յուսալով, որ Քալիֆորնիոյ օրինակը կը կրկնուի մնացեալ 49 նահանգներուն մէջ եւս։

Այնուհետեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեան, կազմակերպութեան «Ազատութեան» մրցանակը շնորհեց Գերմանիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ թուրք պատգամաւոր Ճեմ Օզտեմիրին եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Պունտեսթակին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացման համար: Նշենք, որ Օզտեմիր բանաձեւի համահեղինակներէն էր:

Օզտեմիր, որ չէր կրցած անձամբ ներկայ գտնուիլ, տեսանիւթի մը միջոցաւ շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակին համար, միաժամանակ խոստանալով շարունակել փոքրամասնութեանց իրաւունքները պաշտպանել։

Ճեմ Օզտեմիր, որ 1994ին հանդիսացած էր Գերմանիոյ խորհրդարանի առաջին թուրք երեսփոխանը, եւ 2004էն 2009ի միջեւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ եղած է, ցաւ յայտնեց, որ Անգարայի իշխանութիւնները կը շարունակեն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արշաւը՝ փորձելով ձախողութեան մատնել վերջին քանի մը տարիներուն Թուրքիոյ մէջ սկսած Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ շարժումները։ Ան նաեւ արտայայտուեցաւ Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ մեղսակցութեան մասին, որուն անդրադարձ կար նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած բանաձեւին մէջ։

Սագօ Պէրպէրեան կը ներկայացնէ Վարուժան Գունտաքճեանը

Սագօ Պէրպէրեան կը ներկայացնէ Վարուժան Գունտաքճեանը

Ներկաները բացայայտօրէն խանդավառած Օզտեմիրի ելոյթէն ետք, բեմ բարձրացաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սագօ Պէրպէրեան՝ յայտարարելով, թէ կազմակերպութեան այս տարուան «Ժառանգութեան» մրցանակը յետ մահու կը շնորհուի Հայ Դատի կարեւորագոյն ջատագովներէն՝ բարերար եւ համայնքային ղեկավար, հանգուցեալ Վարուժան Գունտաքճեանին։

Մրցանակը իրենց հօրը փոխարէն ստանձնեցին Վարուժան Գունտաքճեանի զաւակները՝ Լալիկ եւ Սեւակ Գունտաքճեանները: Լալիկ շեշտեց, թէ համեստ պայմաններու տակ հասակ նետած Վարուժանը, բարերարներու օգնութեամբ կր-ցած էր դպրոց յաճախել եւ ՀՄԸՄի սկաուտ ըլլալ, ինչի հետեւանքով՝ «ազնուութիւնն ու անձնուրաց նուիրաբերումը եղած էին հօրս կրօնքը»։ Իր կարգին, Սեւակ շեշտեց այն իրողութիւնը, որ իր հայրը մի՛շտ շրջապատուած եղած էր իրմէ երիտասարդ բարեկամներով, որովհետեւ ան միշտ սրտբաց էր ու պատրաստ ընդունելու նոր գաղափարներ։

Կարճ դադարէ մը ետք, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան երգիչ Մարիա Քոզեթ եւ կիթառահար Օրփել Բաբայեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ՝ իրաւաբան Ռաֆֆի Գասապեան եւ Ճոզէֆ Քասքանեան, կազմակերպութեան «Մարդասիրութեան» մրցանակը յանձնեցին Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ պասքեթպոլի մարզիկ եւ մարզիչ Սթիւ Քըրին եւ Քըր ընտանիքին: Նշենք, որ Սթիւ Քըրի մեծ հայրը եւ մեծ մայրը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերու օժանդակութիւն ցուցաբերած են՝ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան միջոցաւ, Մարաշի եւ Լիբանանի մէջ։ Սթիւի մեծ հայրը՝ Սթենլի Քըր, նաեւ հրատարակած է իր յուշերուն նուիրուած «Մարաշի Առիւծները» հատորը:

Համացանցային կապով ներկաներուն միանալով՝ Սթիւ Քըր յայտնեց, թէ շատ մեծ պատիւ կը զգայ իր մեծ հօրը եւ մեծ մօրը տարած մարդասիրական աշխատանքին համար։ «Նաեւ հպարտ եմ, որ անունս կապուած է հայոց պատմութեան», ըսաւ ան։ Մրցանակը ստանձնած Սթիւ Քըրի մայրը՝ Էնն, մանրամասնութիւններ փոխանցեց Էլսա եւ Սթենլի Քըրերու մարդասիրական գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոնց զաւակին՝ Մալքըմ Քըրի (Սթիւ Քըրի հայրը) եւ անոր առնչութեան մասին Լիբանանի հայութեան հետ, 1980ականներուն, երբ Մալքըմ դարձած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի տնօրէնը։

Ապա, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձ-նախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեան, կազմակերպութեան «Արդարութեան æատագով» մրցանակը յանձնեցին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ շարունակաբար հայութեան նեցուկ կանգնող քոնկրեսական Պրետ Շըրմընին։

Շըրմըն աշխատանք տարած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ եւ ջատագոված է Հայաստանին, Արցախին եւ æաւախքին աջակցելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ նպաստած է Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց բարելաւման։

Շըրմըն, որ բարձրաստիճան անդամ մըն է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, իր ելոյթին մէջ շեշտեց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում ապահովելու կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, թէ երբ ինք Հայաստանին, Արցախին կամ æաւախքին օժանդակութիւն տրամադրել կ՛առաջարկէ, ու այլ քոնկրեսականներ իրեն հարց կու տան, թէ գումարը ուրկէ՞ պիտի ապահովուի, ինք կ՛առաջարկէ կրճատել Ատրպէյճանին տրամադրուող նպաստները։

«Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչ Թերի Ճորճի ելոյթէն պահ մը

«Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչ Թերի Ճորճի ելոյթէն պահ մը

Այնուհետեւ, բեմ բարձրացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան, ընկերակցութեամբ շրջանի Հայ Դատի անձնակազմի անդամներ Թերեզա Երիմեանի, իրաւաբան Հայկ Պաղտասարեանի եւ իրաւաբան Սիմոն Մաղաքեանի, ինչպէս նաեւ՝ անձնակազմի նախկին անդամներ Աննա Առաքելեանի եւ Տաթեւ Օհանեանի, մեծարելու համար Հայ Դատի Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրի ու «Հայ Վոթս» ծրագիրի մասնակիցները՝ Մանուշակ Աղազարեան, Մելանի Օհանեան, Նաթալի Բակումեան, Լեւոն Գէորգեան, Լեւոն Տօնապետեան, Ալիսա Տէրմէնճեան, Վազգէն Բարսեղեան, Միշել Ղազարեան եւ Նայիրի Փարթամեան։

«Մեր մեծագոյն հարստութիւնը» որակուած երիտասարդ կամաւորներուն մեծարումէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Անահիտ Օշական եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Մայքըլ Մահտեսեան, ընկերակցութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Էնթընի Ռենտոնի՝ կազմակերպութեան «Տարուան Օ-րէնսդիրը» մրցանակը յանձնեցին Քալիֆորնիոյ նահանգային խոր-հրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանին, նկատի ունենալով Սաքրամենթոյի մէջ անոր հայանպաստ գործունէութիւնը։ Ան նահանգային խորհրդարանին մէջ առաջնորդող դեր ստանձնած է Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբաւորման կազմութեան, դէպի Հայաստան եւ Արցախ կատարուած Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի պատուիրակութեան այցին, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը նահանգային վարժարաններուն մէջ ընդարձակելու աշխատանքին եւ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ներդրումները ետ քաշելու ջանքերուն մէջ, իսկ վերջերս, անոր ջանքերով նաեւ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խոր-հրդարանի 2016-2017 տարեշրջանի ամավարկէն մէկ միլիոն տոլար ապահովուցաւ Կլենտէյլի մէջ կառուցուող Ամերիկահայութեան թանգարանին համար։

Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք այս պատիւին համար, Նազարեան նախ յիշեցուց, որ Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կանգնած է իր ընտրապայքարներուն, ապա դրուատեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած կարեւոր աշխատանքը։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ քաղաքական գործունէութեան հանդէպ իր սէրը սկսած է ՖԵԴի անդամակցութեան տարիներէն, երբ սորված է համայնքը կազմակերպելու հարկաւոր միջոցները։ Այդ պատճառով, ան կոչ ըրաւ շարունակելու երիտասարդութեան եւ ՀԵԴին նպաստելու ջանքերը։

Այս յոյժ տպաւորիչ ձեռնարկը աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան առնչուող «Խոստումը» ֆիլմին նուիրուած բաժինով։ Ֆիլմէն հատուածի մը ցուցադրութենէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սթիւ Արթինեան բեմ հրաւիրեց ֆիլմի արտադրիչներէն՝ Էրիք Էսրայէլեանն ու բեմադրիչ Թերի Ճորճը, որոնք դրուատեցին յատկապէս հանգուցեալ Գըրգ Գըրգորեանի նուիրումը այս ֆիլմի արտադրութեան: Նշենք, որ հանգուցեալ բարերարին հիմնած «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» ընկերութեան առաջին իրագործումը կը հանդիսանայ սոյն շարժապատկերը:

Աւելի ուշ, բեմ հրաւիրուեցան նաեւ ֆիլմի արտադրութեան մէջ ներդրում ունեցած Մայք Մետըվոյ, Էնճըլա Սարաֆեան, Սերժ Թանգեան եւ Քեւըն Մաթոսեան։

«ԱՍՊԱՐԷԶ»


Լոս Անջելեսում 1000 հյուրերի մասնակցությամբ տեղի է ունեցել Հայ դատի ամենամյա գալա ճաշկերույթը, որին ներկա են եղել ԱՄՆ հայտնի քաղաքական, հասարակական ու մշակութային դեմքեր։

a1plus.am

Տպել Տպել