«Հայոց Պետականութիւնը Միասնութեան Առանցք» ֊ Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովի Յայտարարութիւնը

20-24 Հոկտեմբեր 2016-ին
Երեւան – Ստեփանակերտ

varchapet-lragroghner-2_103016
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին նուիրուած «Հայոց պետականութիւնը միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի աջակցութեամբ:

Համաժողովը Հանգամանօրէն Քննարկեց Հետեւեալ Խնդիրները.

– Համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման կառուցակարգերը եւ լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները` ճգնաժամային պայմաններուն մէջ:

– Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ սփիւռքեան կառոյցներու համագործակցութեան ուղիները:

– Սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինութեան գործին մէջ:

– Պատկերասփիւռի, ձայնասփիւռի եւ ելեկտրոնային մամուլի համագործակցութեան հեռանկարները:

– Հայկական սփիւռքի գործակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին մէջ:

– Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան համակարգին հետ առնչուող խնդիրներու լուսաբանումը լրատուամիջոցներուն մէջ:

Լրագրողներու համաժողովը հաստատեց, որ համաժողովներու հետեւողական քննարկումները, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան խնդիրներուն շուրջ համահայկական լրատուամիջոցներու համախմբումը յանգեցուցին գործնական արդիւնքներու. Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին դրսեւորելով միասնական հզօր ուժ եւ պատասխանատու վարքագիծ` հայկական լրատուամիջոցները, մօտ 10 ժամ կաթուածահար ընելով հակառակորդի լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը, աշխարհին մատուցեցին արցախեան իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ճշմարիտ տեղեկատուութիւն:

Համաժողովը Առաջնային Նկատեց`

1.- Աշխատանքները նպատակաուղղել Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու միջազգային վարկի բարձրացման, Հայաստանի եւ հայութեան մասին համաշխարհային տեղեկատուական տարածքին մէջ դրական կարծիքի ու կերպարի ձեւաւորման ուղղութեամբ: Այդ նպատակով համագործակցիլ բազմազգ ընթերցողներ ունեցող երկիրներու օտարալեզու լրատուամիջոցներու լրագրողներու հետ եւ կարելիին չափ յաճախակի դարձնել անոնց այցելութիւնները Հայաստան:

2.- Հայ լրագրական մարդուժի ցանցային կարելիութիւններու լիարժէք օգտագործման եւ լրագրական մասնագիտական ներուժի համախմբուած աշխատաոճի որդեգրման եւ զարգացման, պետական եւ համազգային տեղեկատուական մարդուժի լիարժէք օգտագործման միջոցով արդի տեղեկատուական ահռելի հոսքը նպատակաուղղել ի նպաստ հայուն եւ Հայաստանին:

3.- Հայկական լրատուամիջոցները իրենց առաքելութեան մէջ այսուհետեւ եւս էական տեղ պէտք է յատկացնեն տարբեր ձեւերով հայոց հարուստ եւ հնամենի պատմութեան ու մշակոյթի պահպանման եւ հանրահռչակման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան, յատկապէս հայոց լեզուի անաղարտ պահպանման համար նոր միջոցներ որդեգրելուն:

4.- Շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման նպաստող տեղեկատուութեան, Հայ դատի, ղարաբաղեան տագնապի հետ կապուած զարգացումներու լուսաբանումը, վերլուծել եւ համակարգել լրատուամիջոցներուն մէջ առկայ փաստական նիւթերը:

Համաժողովի Մասնակիցները Որոշեցին`

– Համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» խորագիրով շարժում` ամբողջ աշխարհի հայութիւնը յանձնառու դարձնելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օգնելու, ներդրումները խթանելու, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային կեանքը աւելի զարգացնելու առումով:

– Քարոզել, ներկայացնել եւ հետեւողականօրէն բարձրաձայնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:

– Միջոցներ գտնել օտարալեզու մամուլի ներկայացուցիչները գործուղելու Ղարաբաղ` ճշմարտութիւնը աշխարհին ներկայացնելու համար:

– Նպատակաուղղուած աշխատանքներ տանիլ հայաստանակեդրոն սփիւռքի մասնագիտական կազմակերպման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայրենիքի հզօրացման համար, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի ջանքերը մէկտեղելու համար:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ

Տպել Տպել