Արցախի Նախագահը Ընդունեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին

sahakyan-pakradouni-600x394

Շաբաթավերջին, Արցախ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սահակեան լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի սահմանային վիճակին եւ ազրպէյճանական նկրտումներուն` շեշտելով Արցախի ժողովուրդին ամուր կեցուածքին եւ աննկուն կամքին վրայ:

Արցախի նախագահը վեր առաւ Լիբանանի հայութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքները խաղաղութեան թէ պատերազմի օրերուն ու յատկապէս ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակաշրջանին:

Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ, որուն հետ քննարկեց Արցախի հետ Լիբանանի հայութեան յաւելեալ յարաբերութիւններ մշակելու անհրաժեշտութիւնը:

«ԱԶԴԱԿ», 1 Նոյեմբեր 2016

Տպել Տպել