Երբ կը միանան Դաշնակցութեան

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

fotorcreatedԿիրակի օր, Արարատի մարզի Քաղցրաշէնի մէջ 14 երիտասարդներ եւս միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը։ Խրախուսիչ իրականութեան վերածուած է հայրենի երիտասարդներու Դաշնակցական դառնալու պատրաստակամութիւնը։ Հայրենիքի տարածքին, Երեւանէն Շիրակ, Լոռիէն Արագածոտն, Արարատէն Կոտայք, Սիւնիքէն Արցախ, անոնք կու գան քանակական ու որակական նոր աւիւն ներդնելու մեր ժողովուրդի ամենէն ազգային, արդարամէտ ու խիզախ քաղաքական կազմակերպութեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Անոնք կու գան իրենց բոլոր ուժերով ծառայելու հայրենիքին ու հայ դատին։

Բնական է, տակաւին գոյութիւն ունին հակադաշնակցական տրամադրութեամբ եւ թերամիտ տրամաբանութեամբ առաջնորդուող մարդիկ, որոնք անկարող են գնահատելու Դաշնակցութեան շարքերը միանալու հայ մարդուն նախաձեռնութիւնը։ Անոնց մօտ կը բացակայի դաշնակցական մարդը ըմբռնելու կարողութիւնը եւ կամեցողութիւնը։ Անոնք մինչեւ իսկ ծիծաղելի կը դառնան, երբ դաշնակցական մարդը կը համարեն «հլու, հնազանդ եւ կամակատար»։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Դաշնակցականի մասին նման վերագրումներ ո՛չ միայն խոտոր կը համեմատին Դաշնակցութեան գաղափարական ու կազմակերպական սկզբունքներուն, այլեւ կը նենգափոխեն դաշնակցականի խիզախութեան, յանդգնութեան, արիութեան, համարձակութեան եւ պարկեշտութեան նկարագրային յատկութիւնները: Ափսո՛ս, թերամիտը անկարող է կամ չի կամենար ծանօթանալ դաշնակցականի իսկական կերպարին:

Դաշնակցական մարդուն ծանօթացումը կը սկսի պարզ հարցումով մը՝ Ո՞Վ Է ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԸ: Այս հարցումին պատասխանը բազմիցս եւ սպառիչ կերպով տուած են դաշնակցական գործիչներ ու մտաւորականներ: Բաւ է թերթատել Նիկոլ Աղբալեանի «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Մասին» (1930) գործը, ինչպէս նաեւ՝ Հրաչ Տասնապետեանի «Ո՞վ է Դաշնակցականը» (1975) խորագիրով սքանչելի գրքոյկը:

«ՀՅԴ Կազմակերպական Կանոններ»ու առաջին յօդուածը պարզ ու մեկին կը բնութագրէ դաշնակցական ըլլալու ստորոգելիները: Այսպէս՝ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ կրնայ ըլլալ բարոյական նկարագիրի տէր եւ 18 տարեկանէն վեր ամէն անհատ՝ առանց սեռի խտրութեան, որ կ՛ընդունի կուսակցութեան Ծրագիրն ու գործելակերպը, կ՛ենթարկուի անոր կանոններուն ու որոշումներուն եւ ամէն ջանք կը թափէ իրականացնելու զանոնք»: Այս յօդուածի տրամադրութեան մէջ խտացուած են դաշնակցականի կազմակերպական, գաղափարական ու բարոյական մարդու թէ՛ յատկութիւնները եւ թէ պայմանները:

Յօդուածը Դաշնակցութենէն ներս ընդունուելու հարց չի դներ, այլ կը տրամադրէ կարենալ անդամ ըլլալու խնդիր: Ընդունուիլը վարչական տնօրինման հարց է. անդամ ըլլալ կարենալը պարտաւորութեան ու պայմանաւորութեան խնդիր է: Արդ, անդամ ըլլալու համար, ենթական պէտք է ստանձնէ երեք պարտաւորութիւններ. Առաջին՝ ան պէտք է ընդունի ՀՅԴ Ծրագիրն ու Դաշնակցութեան գործելակերպը: Երկրորդ՝ ան պէտք է ենթարկուի ՀՅԴ Կանոնագիրին եւ որոշումներուն: Երրորդ՝ ան պէտք է ամէն ճիգ թափէ՝ Դաշնակցական գործելակերպով հետապնդելու եւ իրականացնելու Դաշնակցութեան Ծրագիրը, Կանոնագիրը եւ որոշումները: (ՀՅԴ Կազմակերպական Կանոններ, Յօդուած 1):

Նորագիրը այս պարտաւորութիւններուն ստանձնումն ու իր պայմանաւորութիւնը կ՛երաշխաւորէ հանդիսաւոր ուխտով, ուր երդուելով իր պատուոյն ու հայրենիքին վրայ՝ ան կը խոստանայ հաւատարիմ մնալ Դաշնակցութեան Ծրագիրին, Կանոնագիրին ու որոշումներուն, եւ իր բոլոր ուժերով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ կեանքին գնով, ծառայել «Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»: (Հ.Յ.Դ. Կազմակերպական Կանոններ, Յօդուած 3):

Վերոյիշեալ պայմաններու հիմամբ անդամակցելով Դաշնակցութեան՝ դաշնակցականը կը միանայ իրեն համամիտ ու գործակից շարքայիններու: Այս միացումը տեւական բնոյթ ունի, այնքան ատեն, որ դաշնակցականը կը մնայ հաւատարիմ ու հետամուտ իր կանոնագրային պարտաւորութիւններուն: Այս միացումը նաեւ գործնական հանգամանք ունի՝ հիմնուած դաշնակցականներու միջեւ փոխադարձ կապի եւ հետապնդելի նպատակներու վրայ: Փոխադարձ կապը կը նախորոշուի ՀՅԴ Կանոնագիրով, իսկ հետապնդելի նպատակները կը մեկնին ՀՅԴ Ծրագիրէն: Իր կանոնագրային կապով, գաղափարական համամտութեամբ եւ դաշնակցական գործելակերպով, դաշնակցականը կը դառնայ ՀՅԴ կազմակերպութեան համահաւասար անդամ:

ՀՅԴ կազմակերպութենէն ներս դաշնակցականը մտածելու, արտայայտուելու եւ գործելու կաշկանդումներու ենթակայ չէ: Ընդհակառակը՝ կազմակերպութենէն ներս միտքեր առաջադրելու, աշխատանքի նախաձեռնելու, սխալը շտկելու եւ լաւը աւելի լաւ ընելու մօտեցումը դաշնակցականին թէ՛ իրաւունքն է եւ թէ պարտաւորութիւնը: Դաշնակցականին խօսքն ու գործը լսելի ու տեսանելի են մինչեւ կուսակցութեան գերագոյն ժողովը՝ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը:

Դաշնակցականը իր խումբին կամ կոմիտէութեան ընդմէջէն, իր դիրքորոշումն ու գործը կրնայ հասցնել մինչեւ Շրջանային ժողով եւ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողով: Ժողովներէն ներս դաշնակցականը ազատ է ու անկաշկանդ: Ոչ ոք եւ ոչինչ կարող է արգելք հանդիսանալ դաշնակցականի միտքի ու խղճի ազատութեան: Մանաւա՛նդ որոշում կայացնող ժողովներուն, կը դադրին մարմիններու իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը: Փոխարէնը՝ հոն իշխող եւ հեղինակութիւն կը դառնայ ի՛նք՝ դաշնակցականը, որ որոշում եւ վճիռ կ՛արձակէ ըստ իր հայեցողութեան, կը դատէ ու կը քուէարկէ ըստ իր խիղճին: Երբ ժողովը վճռած ու աւարտած է, նոյն դաշնակցականը կ՛իւրացնէ ժողովին որոշումներն ու վճիռները, ապա ամէն ջանք կը թափէ անոնց իրականացման համար:

Իր մտածումներուն եւ աշխատանքին մէջ դաշնակցականը գիտակցաբար կ՛առաջնորդուի 1892ի ՀՅԴ Անդրանիկ Ծրագիրին մէջ Սիմոն Զաւարեանի բանաձեւած այն սկզբունքով, թէ՝ դաշնակցական «գործում չի կարող լինել իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր, այլ՝ միմիայն բաւարարութեան եւ բարոյական պարտաւորութեան խնդիր»:

Դաշնակցականը նաեւ կը գիտակցի, որ դաշնակցական մնալն ու գործելը շարունակական գործընթաց է, ուր ան կը ձգտի կատարելագործելու իր դաշնակցականութիւնը՝ միշտ քիչ մը աւելի «դաշնակցականանալով»: Ինչպէս Հրաչ Տասնապետեան ջինջ կերպով բացատրած է այս գործընթացը՝ «Եւ արժանի ըլլալու համար լրիւ ու իրա՛ւ դաշնակցական մարդու դժուար կոչումին՝ Դաշնակցութեա՛ն համար, անոր հետապնդած նպատակներուն համար, որոնց հաւա՛տքը ունինք, ամէն օր քիչ մը աւելի՛ ՊԻՏԻ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԱՆԱ՛ՆՔ», (Հրաչ Տասնապետեան, «Ո՞վ է Դաշնակցականը», էջ 57):

Տպել Տպել