Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Հարիրիէն Կը Պահանջէ Յարգել Ազգային Ուխտը

mps-arthur-nazarian-agop-pakradounian_110616ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ըսաւ.

«Ա.- Հայկական երեսփոխանական պլոքը կ՛ողջունէ վարչապետ Հարիրիի կողմէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու նախաձեռնութիւնը, ընդգծելով, որ այդ կառավարութեան պէտք է մաս կազմեն լիբանանեան բոլոր կողմերը:

Բ.- Վարչապետէն պահանջեցինք կազմել 32 նախարարէ բաղկացող կառավարութիւն մը, որուն մէջ հայ առաքելական համայնքը ներկայացուի երկու նախարարներով, որոնք կը ճշդուին հայկական կուսակցութիւններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ անոր մաս կազմէ այլ նախարար մը, որ ներկայացնէ փոքրամասնութիւնները:

Գ.- Հանդիպումին ընթացքին շեշտեցինք Ազգային ուխտին կարեւորութիւնը: Այդ ուխտին հիմքը քաղաքական գործակցութիւնն ու հաւասարութիւնն է: Հետեւաբար այս դիտանկիւնէն մեկնելով, վարչապետէն պահանջեցինք վերջ տալ ուժային նախարարութիւններու գոյութեան քաղաքական հերետիկոսութեան: Ուժային նախարարութիւն հասկացողութիւնը հակասահմանադրական է, որովհետեւ բոլոր նախարարութիւնները ուժային են: Մեծ կամ փոքր նախարարութիւններ չկան, ինչպէս որ մեծ, կարեւոր կամ նուազ կարեւոր համայնքներ չկան:

Կ՛ուզեմ նաեւ յիշեցնել, որ վերջին կառավարութեան կազմութեան, այսինքն` վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան կազմութեան ընթացքին գրեթէ համախոհութիւն գոյացած էր, որ յաջորդ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին նախարարութիւններու հերթափոխութիւն կատարուի, զանց առնելով նախարարութիւններուն համայնքային դիմագիծը:

Մեկնելով այս իրականութենէն` կը հաստատենք, որ բոլոր համայնքները կրնան պատասխանատուութիւն ստանձնել, որքան ալ մեծ ըլլայ նախարարութիւնը, կամ որքան ալ այդ նախարարութիւնը կարեւոր նկատուի:

Ի վերջոյ մաղթեցինք, որ վարչապետ Հարիրի արագացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Արագացնելը չի նշանակեր աճապարել, այլ տրամաբանական ժամանակի մէջ կազմել կառավարութիւնը, որպէսզի անիկա սկսի երկրին վերականգնումի աշխատանքին, ինչպէս նաեւ արդար եւ բոլոր լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական օրէնքի մշակման հոլովոյթին»:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ հայ համայնքին ստանձնելիք մասնաբաժինը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յատկացուած բաժինի՞ն մաս պիտի կազմէ, երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ հայ համայնքը ոչ մէկ անգամ ներկայացուած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բաժինով:

«Մենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին դաշնակից քաղաքական անկախ գոյացութիւն մըն ենք: Եթէ կառավարութիւնը 14 նախարարներէ կը բաղկանայ, մեր իրաւունքն է ունենալ մէկ նախարար, իսկ եթէ նախարարաց խորհուրդին մէջ նախարարներուն թիւը քսան եւ աւելի է, ապա մենք կը պահանջենք երկու նախարար: Իսկ 24 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան պարագային մենք կը պահանջենք մէկ հայ առաքելական եւ մէկ հայ կաթողիկէ նախարարներ` նկատի ունենալով, որ հայ կաթողիկէ համայնքը փոքրամասնութիւններուն մէջ մեծագոյն համայնքը կը նկատուի», եզրափակեց ան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել