«ԱՄՆի Յաջորդ Նախագահը Պարտադրաբար Պիտի Ժառանգէ Միջին Արեւելքի Թէժ Ճակատները»

«ԱՐԵՒԵԼՔ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ՝ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԱԽԿԻՆ ԱՆԴԱՄ, ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳՈՐԾԻՉ ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Կարօ Արմենեան

Կարօ Արմենեան

«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ ԱՄՆի մէջ՝ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ, մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ հայկական համայնքէն ներս:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Պէտք է շեշտեմ, որ ԱՄՆի նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը այս տարի աննախադէպօրէն բեւեռացուած է եւ ջղաձիգ: Սկզբունքով, ընտրապայքարը տեղի կ՛ունենայ Դեմոկրատ (Հիլարի Քլինթըն) եւ Հանրապետական (Տանըլտ Թրամփ) կուսակցութիւններուն միջեւ, բայց այս կէտին վրայ գործընթացը մեծապէս անձնականացուած է: Պայքարը աւելի շատ տեղի կ՛ունենայ անհատական ստորոգելիներու հողին վրայ եւ յաճախ՝ տհաճ դրսեւորումներով: Հետեւաբար մթնոլորտը թէժ է ու միաժամանակ՝ ժխտական: Մեծ թիւով ընտրողներ դրուած են դժուարին որոշումի մը առջեւ երկու անցանկալի թեկնածուներուն միջեւ ընտրութիւն կատարելու՝ քաջ գիտնալով նաեւ, որ ձեռնպահութեան պարագային նպաստաւորուող թեկնածուն Հիլարին պիտի ըլլայ:

«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Փաստացի՝ երկու թեկնածուներուն առումով, ԱՄՆ կանգնած է վատի ու վատթարագոյնի միջեւ:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Ընտրողներու մեծ զանգուածի մը համար այսօր այդպիսին է որոշումը: Մեծ վերապահութիւններու առջեւ կը գտնուի ընտրական դաշտը: Ի վերջոյ, սակայն, կեանքը ցոյց պիտի տայ, թէ իսկապէս ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ յաջորդ նախագահի քաղաքական վիճակացոյցը:

Խօսելով հայ համայնքի տրամադրութեան մասին, պէտք է ըսել, որ լուրջ անորոշութիւններու առջեւ կը գտնուի նաեւ ամերիկահայ ընտրողը: Անշուշտ թեկնածուներէն ամէն մէկն ունի իր հայ համակիրներու ոլորտը, եւ սակայն համայնքի ընդհանուր մակարդակով առայժմ մեծ տեղաշարժ գոյութիւն չունի ո՛չ Հիլարիի եւ ոչ Թրամփի նկատմամբ: Պատճառը պարզ է: Ամերիկահայ համայնքը աւելի շատ կ՛առաջնորդուի ազգային քաղաքական ակնկալութիւններով, իսկ այս ընտրութիւնները շատ հեռու են քաղաքական օրակարգի խնդիրներ դնելէ: Նախագահական թեկնածուները առայժմ զբաղուած են ընտրազանգուածի մասսայական շերտեր շահագրգռելու մարտավարութիւններով: Այս առումով, պէտք է ըսել, որ համայնքէն ներս մթնոլորտը առայժմ ընդհանրապէս սպասողական է:

«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Իսկ համայնքը կազմակերպուած կը հետեւի՞ ընտրարշաւին, ունի՞ ընդհանուր կողմնորոշում, թէ հայկական կառոյցները ազատ ձգած են հայ ընտրողները:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Նախագահական ընտրութիւններու բնագաւառին մէջ, համայնքի առաջատար կառոյցը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն է (Armenian National Committee of America կամ ANCA)՝ իր Ուաշինկթընի գրասենեակով եւ համաամերիկեան լայնատարած կազմակերպութեամբ եւ օժանդակ միաւորներով: Ուաշինկթընի մէջ կը գործէ նաեւ Արմինիըն Էսեմպլիի գրասենեակը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքային դաշտը կ՛ընդգրկէ Ամերիկայի պետական կառուցակարգի ամբողջութիւնը՝ իր դաշնային, նահանգային ու տեղական ոլորտներով: Պէտք է յստակեցնել, որ ԱՄՆի նախագահական ընտրութիւնները միայն նախագահական չեն:

Միաժամանակ պիտի ընտրուի ԱՄՆի Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատը՝ իր 435 անդամներով: Պիտի ընտրուի ԱՄՆի Ծերակոյտի (Սենատ) անդամներուն մէկ երրորդը (34 աթոռ): Պիտի ընտրուին 12 նահանգի կառավարիչներ, բազմաթիւ քաղաքապետներ, նահանգային խորհրդարաններու պատգամաւորներ, տեղական աւագանիի անդամներ: Եւ բնականաբար այս ընտրական բարդ գործընթացի բոլոր օղակները սերտօրէն առնչուած են իրարու եւ բոլորը միաժամանակ՝ նախագահական ընտրապայքարի հաշուարկներուն:

Այս առումով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմնորոշումը կը տարածուի ընտրական ծաւալուն փաթեթի մը վրայ: Գրասենեակներու եւ տեղական յանձնախումբերու լայն ցանցի մը միջոցով, յանձնախումբը քննարկման տակ կը պահէ իր շահագրգռութեան ծիրին մէջ գտնուող թեկնածուներու ընդարձակ ցուցակներ եւ կը հրապարակէ զօրակցութեան երկկուսակցական (bi-partisan) ցանկեր ամերիկահայ համայնքի նկատառման համար: Այս հրապարակումները արդէն տեղի ունեցած են եւ տեղադրուած են յանձնախումբի կայքէջին վրայ:

Որպէս ընդհանուր սկզբունք, եւ զուտ ընտրական հողին վրայ, յանձնախումբը չի կողմնորոշուիր ի նպաստ Դեմոկրատ կամ Հանրապետական կուսակցութիւններէն որեւէ մէկուն, բայց մօտէն կը յարաբերի միաժամանակ երկուքին հետ՝ զիրենք իրազեկ ընելով իր տեսակէտներուն եւ մտահոգութիւններուն: Յանձնախումբի սեւեռակէտը անհատ թեկնածուներն են եւ անոնց «հայկական» վիճակացոյցը: Յանձանխումբի քաղաքականութիւնն է ԱՄՆի երկու կուսակցութիւնները (պետական մեքենայի բոլոր մակարդակներու իրենց թեկնածուներով) դրականօրէն տրամադրել Հայաստանի, Արցախի, æաւախքի, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի եւ առհասարակ հայութիւնը շահագրգռող բոլոր առաջնահերթութիւններուն կապակցութեամբ: (Այս հարցազրոյցին յաջորդող օրերուն, Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց իր որոշումը՝ նախագահական ընտրութիւններու ոչ մէկ թեկնածուի զօրակցիլ:-Խմբ.)

«ԱՐԵԵԼՔ».- Ի՞նչ կը կարծէք, ո՞վ պիտի ըլլայ ԱՄՆ յաջորդ նախագահը:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Վերջին օրերու հարցախոյզներու պատկերը ենթադրել կու տայ, որ առայժմ ժողովրդական քուէի (popular vote) համեմատական առաւելութիւնը կը պատկանի Քլինթընին: Բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ այս նախատեսութեան մէջ: Ճիշդ է, որ ժողովրդական քուէն կարեւոր ցուցանիշ մըն է, բայց ԱՄՆի նախագահական ընտրութեանց մէջ ընտրական գործընթացի որոշիչ գործօնը չէ: Որդի Պուշ եւ Կոռ նախագահական մրցոյթի պարագային (2000 թուին), ժողովրդական քուէի առաւելութիւնը կը պատկանէր Կոռին, բայց ընտրուողը Պուշը եղաւ:

Պատճառը հետեւեալն է: ԱՄՆի նախագահը կ՛ընտրուի Ընտրական կաճառի մը կողմէ: Նահանգներէն իւրաքանչիւրը կը ստանայ Ընտրական կաճառի «աթոռ»ներու թիւ մը, որ հաւասար է ԱՄՆի Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ իր զբաղեցուցած պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին: Կաճառի «աթոռ»ներուն ընդհանուր թիւն է 538, որ կը բաղկանայ Ներկայացուցիչներու պալատի 435 եւ Ծերակոյտի 100 աթոռներու թիւերէն եւ ոչ-խորհրդրանական տարածք նկատուող մայրաքաղաք Ուաշինկթընին յատկացուած երեք «աթոռ»ներէն: Նախագահական թեկնածուները կը պայքարին իւրաքանչիւր նահանգի ժողովրդական քուէին համար: Անոնք կը պայքարին ամէն մէկ նահանգի ժողովրդական քուէի մեծամասնութիւնը ստանալու առաջադրութեամբ, քանի որ այդ յաղթանակով անոնք ինքնաբերաբար կը տիրանան այդ նահանգի կաճառային քուէներու ամբողջութեանը: Օրինակ, Քալիֆորնիա նահանգի կաճառային քուէներու ընդհանուր թիւն է 55: Այն թեկնածուն, որ Քալիֆորնիոյ մէջ կը ստանայ նահանգի ժողովրդական քուէի մեծամասնութիւնը (թէկուզ մէկ քուէի առաւելութեամբ), ինքնաբերաբար կը տիրանայ նահանգի 55 կաճառային քուէներուն:

Այս բարդ համակարգը նկատի առնելով, նոյնիսկ այս յառաջացած կէտին վրայ, դժուար է ճիշդ նախատեսութիւն ունենալ ընտրութիւններու արդիւնքին մասին: Աւելցնել նաեւ այն իրողութիւնը, որ այս ընտրութիւնները ընտրազանգուածի մեծ տեղաշարժեր առաջ բերած են ԱՄՆի հասարակական բեմին վրայ: Ընտրական մաթեմատիկայի մեծ անյայտներ կը գործեն այսօր թէ՛ հանրապետական, թէ՛ դեմոկրատ եւ թէ «անկախ» ընտրողներու դաշտերէն ներս: Տանըլտ Թրամփ իր անգուշակելի ելոյթներով նոր վերիվայրումներ կը ստեղծէ ամէն օր ընտրազանգուածի շերտերէն ներս, իսկ Քլինթըն ամէն օր ենթակայ է նորանոր բացայայտումներու վտանգին: Բեմը շատ անկայուն է, եւ այդ բեմին վրայ Քլինթըն վերջին երկու շաբաթուան ընթացքին յաջողած է յստակ առաւելութիւն ստեղծել:

Ընտրական հաշուարկները այսօր ցոյց կու տան, որ «վճռորոշ» (battleground states) նկատուող 11 նահանգներէն 9ին մէջ Քլինթըն թեթեւակի առաւելութիւն ձեռք բերած է Թրամփին վրայ. բան մը, որ դեռեւս ենթակայ է աննախատեսելի վերիվայրումներու յաջորդ օրերու ընթացքին:

«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Կ՛ըսեն, թէ Տոնալտ Թրամփին լուրջ չեն ընդունիր նոյնիսկ հանրապետականները, կը զգացո՞ւի այդ տրամադրութիւնը, եւ առհասարակ, ի՞նչ տրամադրութիւններ կան անոր շուրջ:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Յատկանշական երեւոյթը այն է, որ Թրամփ, որ չէր պատկաներ հանրապետականներու ղեկավար establishment-ին, դուրսէն գալով յաջողեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան ներքին խաղադաշտէն դուրս քշել նախագահական թեկնածութեան բոլոր յաւակնորդները եւ դաշտը գրաւել: Ան յաջողեցաւ «գրաւման» ենթարկել հանրապետական բերդը՝ «դուրս»էն «ներս» բերելով քուէարկողներու զանգուած մը, որ քաղաքական դաշտէն ցարդ դուրս կը մնար: Ասոնք մարդիկ էին, որոնք օտարուած կը զգային քաղաքականութեան ասպարէզներէն: Մարդիկ, որոնք հիասթափուած ու զզուած էին քաղաքական դաշտի մեքենայութիւններէն եւ զոհ դարձած՝ անոր խաղերուն: Կը զգային անզօր եւ Թրամփին մէջ գտան իրենց փրկիչն ու ախոյեանը: Այս «ներխուժման» որպէս հետեւանք՝ «պարտուած» հանրապետական ղեկավար խաւը բնականաբար հակադրուած է այսօր Թրամփին, որ կը յաւակնի առաջորդը ըլլալու նոր «Հանրապետականութեան»: Յառաջիկայ ընտրութիւններն ու ապագան ցոյց պիտի տան, թէ որքա՞ն հաստատ քաղաքական խարիսխ մը պիտի ըլլայ Թրամփի այս նոր ընտրազանգուածը:

Ի դէպ, նոյն երեւոյթը գոյութիւն ունէր նաեւ դեմոկրատներու դաշտէն ներս՝ Պըրնի Սանտըրզի գրոհով: Եւ սակայն դեմոկրատներու establishment-ը կրցաւ ի վերջոյ կացութեան տէր կանգնիլ եւ Սանտըրզի շարժումը միացնել աւանդական զանգուածին: Եւ այս բանին մէջ կարեւոր գործօն մըն էր Թրամփի ներկայացուցած քաղաքական սպառնալիքը, որուն դիմաց միացան բոլորը:

«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Ինչպիսի՞ն կ՛ըլլայ ԱՄՆ քաղաքականութիւնը՝ Հիլարի Քլինթընի ընտրուելէն ետք կ՛ըսուի, թէ ան ռազմատենչ ոգի ունի եւ արդէն քայլեր կը ձեռնարկէ պատերազմները թէժացնելու առումով, այդպէ՞ս է:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Ընդհանուր գիծերով, Քլինթընի քաղաքականութիւնը ըլլալու է շարունակութիւնը նախագահ Օպամայի (եւ նախագահ Պիլ Քլինթընի) քաղաքականութեան: Հիլարի Քլինթըն, առաջին տիկնոջ իր դիրքերէն, սերտ գործակիցն ու խորհրդականն էր իր ամուսնոյն՝ վերջինիս նախագահութեան ութը տարիներուն ընթացքին: Ան նաեւ կը զբաղեցնէր պետքարտուղարի բանալի դիրքը Օպամայի իշխանութեան օրով: Հետեւաբար Հիլարի դարբիններէն մէկն է այն քաղաքականութեան, որ վերջին շրջանի դեմոկրատ նախագահները հետապնդեցին երկրէն ներս եւ դուրս:

«Ռազմատեն»չ բառը բոլորովին ճիշդ չէ Հիլարիի արտաքին քաղաքական վարքագիծը բնորոշելու տեսակէտէն: Ինք կը պատկանի այն նոյն ուղղութեան, ըստ որուն ԱՄՆ պէտք է խուսափի իր զինեալ ուժերով մասնակցելու Միջին Արեւելքի պատերազմական գործողութիւններուն: Այդ չի նշանակեր ձեռնպահ մնալ տարածաշրջանի իրադարձութիւններու հարթակին վրայ: Յամենայն դէպս պէտք է ըսել, որ ԱՄՆ պիտի գործէ մեծապետական իր դիրքերէն, եւ Հիլարի Քլինթըն, որպէս նախագահ, պիտի առաջնորդուի այդ մեծապետական շահերով, ի հարկին դիմելով զինեալ գործողութիւններու ռազմավարութեան:

ԱՄՆի յաջորդ նախագահը պարտադրաբար պիտի ժառանգէ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի թէժ ռազմաճակատները: Անհաւանական չեն նորանոր բռնկումներ Արաբական (կամ Պարսից) Ծովածոցի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջաններուն մէջ: Նոր կացութիւններ կրնան դիւրաւ ստեղծուիլ նաեւ Կովկասի մէջ: Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները շատ հեռու են հակակշռի տակ ըլլալէ, եւ երկու գերտէրութիւնները կրնան դիւրաւ դիմել քայլերու, որոնք կը տանին աննախատեսելի հետեւանքներու: Եւ վերջապէս Չինաստանի մեծապետական յաւակնութիւնները նոր առճակատումներու դուռ կրնան բանալ: Այս կնճռոտ խաղաբեմին վրայ, Քլինթըն կամ Թրամփ պիտի գործեն գերտէրութեան առաջնորդի բնազդներով եւ «ռազմատեն»չութեան չափորոշիչով անոնք կրնան ի վերջոյ չզանազանուիլ իրարմէ:

«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Մասնաւորապէս, ինչպիսի՞ վիճակ կը տիրէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընտրութիւններէն ետք, ԱՄՆ քաղաքականութեան առումով:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Այս հարցին պատասխանը մեծ չափով կախուած է տարածաշրջանի խմորումներէն: Յատկապէս Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսաստանի ռազմավարական ծրագիրներէն: Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Ծովածոցի երկիրներու դիմագրաւելիք սպառնալիքներէն: Իրաքի դէմ հայր եւ որդի Պուշերուն կողմէ մղուած երկու պատերազմներուն որպէս հետեւանք՝ Իրաքի բեմը ինկաւ Իրանի տիրապետող ազդեցութեան տակ: Ստեղծուեցաւ Իրան-Իրաք-Սուրիա (եւ մասամբ՝ Լիբանան) շիիզմի ազդեցութեան գօտին Թուրքիան բաժնելով Արաբական թերակղզիի սիւննիական խարիսխէն եւ վտանգելով Թուրքիոյ շահերը Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի գօտիին մէջ: Սուրիոյ ապակայունացումը ուղիղ հետեւանքն է այս բարդ կացութեան: Այս կացութեան մէջ շահագրգիռ եւ դերակատար կողմեր են Թուրքիան, Իրանը, Սէուտական Արաբիան (իր լծակից՝ Քաթարով) եւ Իսրայէլը: Այս խաղադաշտին վրայ, բնականաբար, կը գործեն նաեւ ԱՄՆ, Եւրոպա եւ Ռուսաստան՝ միջազգայնացնելով հակամարտութիւնները եւ նոյնիսկ ներքաշելով Չինաստանի շահերը: Եւ այս պատկերին մէջ կը յայտնուի քրտական խնդիրը դեռ շատ խնդրայարոյց իր զարգացումներով:

Այս առումով, տարածաշրջանի վերակայունացման հեռանկարները դեռ շատ պղտոր են, հետեւաբար ԱՄՆի, ինչպէս Ռուսաստանի միջամտութիւնը, տարածաշրջանի կեանքէն ներս՝ անխուսափելի՛ է:

«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Կ՛արտասանէ՞ արդեօք Ապրիլի 24ին նորընտիր նախագահը՝ ցեղասպանութիւն բառը, ի՞նչ են սպասելիքներն ու ակնկալիքները:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ.- Այդ մէկը կախուած է այդ օրուան միջազգային իրադրութենէն: Յամենայն դէպս մենք պիտի առնենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ այդ որոշումը կարելի դարձնելու համար:

asbarez.com

04/11/2016

Տպել Տպել