Հայ Դատը Հայութեան Առաջնահերթութիւնները Կը Քննէ Ներկայացուցիչներու Տան Խօսնակին Հետ

Փօլ Ռայընի եւ Ռաֆֆի Համբարեան

Փօլ Ռայընի եւ Ռաֆֆի Համբարեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս հանդիպում մը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Փօլ Ռայընի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանի միջեւ. ընթացքին քննուած են ամերիկահայութեան համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր, յատկապէս՝ երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ։

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական մեծամասնութիւնը Նոյեմբեր 15ին, յաջորդ երկու տարուան համար խօսնակ վերընտրած է Ռայընը։

Հանդիպման ընթացքին, Ռաֆֆի Համբարեան պատրաստակամութիւն յայտնած է մօտէն գործակցելու Ռայընի եւ հանրապետական մեծամասնութեան, ինչպէս նաեւ՝ դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավարներ Նենսի Փելոսիի եւ Սթենի Հոյըրի հետ, Յունուար 2017ին ճամբայ մեկնող 115րդ Քոնկրեսին մէջ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն լաւագոյն լուծումներ ապահովելու համար։

Համբարեան շեշտած է, թէ Հայ Դատը Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան եւ իր հանրապետական բարեկամներուն հետ գործակցաբար, իր մտահոգութիւնները եւ նախապատուութիւնները պիտի հասցնէ նորակազմ կառավարութեան՝ առաձնացնելով հետեւեալները.

– Վերջ տալ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման գծով ամերիկեան մեղսակցութեան.

– Ամերիկեան նեցուկ ապահովել Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան.

– Ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի ընդունի քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկըլի առաջադրութիւնները, որոնք են՝ արձակազէններու եւ ծանր զէնքերու հեռացում սահմանէն, ԵԱՀԿի յաւելեալ դէտերու տեղադրում եւ կրակոցներու սկզբնաղբիւրը բացայայտող սարքաւորումներու տեղադրում.

– Արցախի տնտեսական օժանդակութեանց ապահովում, նեցուկ կանգնելու համար շրջանի վերակառուցման եւ ականազերծման ջանքերուն.

– Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տուրքերու նոր համաձայնագիրի ստորագրութիւն, կրկնակի տուրքերէ խուսափելու նպատակով.

– «Հազարմեակի Մարտահրաւէրներ»ու ծիրէն ներս Հայաստանի հետ նոր համաձայնութեան գոյացում, նպաստելու համար Հայաստանի գիտութեան, ճարտարարուեստի, կրթութեան եւ ուսողութեան (STEM) մարզերուն.

– Հիմնականօրէն վերատեսութեան ենթարկել Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները՝ սահմանափակելով զէնքերու վաճառքը եւ փոխելով ՆԱԹՕի հիւլէական զէնքերու վայրերը.

– Սուրիայէն եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներէ Հայաստան ժամանած հայերուն եւ այլ գաղթականներուն կարիքները հոգալու նպատակով օժանդակութեանց տրամադրում Հայաստանին.

– Երաշխիքներու ապահովում, որ սուրիահայութիւնը Սուրիոյ մէջ կարիքաւորներուն տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւններէն իր արդար բաժինը ստանայ։

Յիշեցնենք, թէ Ռայըն 2010ին, այդ օրերու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիին դիմած էր՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով նեցուկ կանգնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւին, սակայն Փելոսի մերժած էր քուէարկութեան դնել բանաձեւը։

asbarez.com

17/11/2016

Տպել Տպել