Դաշնակցական Նուիրեալ Գործիչ Արա Տէմիրճեանի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

fotorcreatedՇաբաթ, 19 նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակցական նուիրեալ գործիչ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ գործավար Արա Տէմիրճեանի Ազգային թաղումը:

Նախքան Մայր տաճար հասնիլը, յուղարկաւորութեան թափօրը ուղղուեցաւ «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները եւ կեդրոնին մէջ գործող կառոյցներու անձնակազմերը իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին բազմավաստակ ընկերոջ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ազգային յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազանը անդրադարձաւ Արա Տէմիրճեանի ազգային, հանրային գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային ազնիւ առաքինութիւններուն` ներկայացնելով նաեւ իր կեանքի զանազան հանգրուաններուն հանգուցեալին ծաւալած հանրային-հասարակական գործունէութիւնը: Ապա, այս առիթով կարդաց վեհափառ հայրապետին խօսքը: Վեհափառը իր խօսքին մէջ վկայեց, որ Արա Տէմիրճեան իր կեանքի ամբողջ ընթացքին շարունակեց մնալ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու գործող անհատ մը: Ան անդրադարձաւ հանգուցեալին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան իր պատկանած կուսակցութեան գործունէութեան ու առաքելութեան տարբեր մարզերուն մէջ: Ապա նշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ Արա Տէմիրճեանի առնչակցութիւնը եւ 2008-էն ի վեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամակցութեամբ անոր ունեցած դերակատարութիւնը ժողովական աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս կաթողիկոսութեան զանազան ծրագիրներու իրականացման հոլովոյթին մէջ: Ապա վեհափառ հայրապետը հանգուցեալը յետ մահու պարգեւատրեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով:

Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ նուիրեալ ընկերոջ թաղման կարգը: Արարողութենէն ետք ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքին կողմէ դամբանական խօսք արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ընկեր Արայի կուսակցական գործունէութեան զանազան հանգրուաններուն` շեշտը դնելով անոր ունեցած մեծ ներդրումին` կուսակցութեան մէջ երիտասարդական կառոյցի ստեղծման եւ ազգային պահանջատիրական երթին մէջ իր բերած կարեւոր դերակատարութեան վրայ: Պչաքճեան հաստատեց, որ ընկ. Արա իբրեւ Բիւրոյի գործավար, իր գործունէութեան ընթացքին ցուցաբերեց ժողովներու ատենագրութեանց պատրաստութեան բծախնդիր մօտեցում, որոշումներու ճշգրիտ բանաձեւում եւ փոխանցում, ինչպէս նաեւ ժողովական կեանքի մասնակցութեան բարձր ունակութիւն: Ան գործեց տասնմէկ իրերայաջորդ բիւրոներու ժամանակաշրջանին եւ դարձաւ նաեւ անգիր տեղեկատուութեանց կարեւոր աղբիւր: Ան շեշտեց, որ մեծ եղած է ընկ. Արայի դերը սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ եւ եզրափակեց հաստատելով, որ դաշնակցական նուիրեալ գործը պիտի շարունակուի իր ջամբած դաստիարակութեան ճամբով հասակ առած սերունդներու անձնուէր ու յանձնառու աշխատանքով:

Արա Տէմիրճեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին մէջ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել