Էութեամբ ու նկարագրով Դաշնակցական

aradtaghum2

Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ նուիրեալ ընկ. Արա Տէմիրճեանի թաղման կարգը: Արարողութենէն ետք Հ.Յ. Դաշնակցութեան ընտանիքին կողմէ դամբանական հետեւեալ խօսքը արտասանեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան:

Սիրելի սգակիր ընկերներ, հարազատներ եւ բարեկամներ,

Դժուար է խօսիլ Դաշնակցական ընկերոջ մը մասին որու յիսնամեակի վրայ երկարող կուսակցական կեանքի ընթացքին թէեւ ծանօթացած են շատեր, սակայն քիչերը մօտէն ճանչցած են զինք ու առնչուած իր գործունէութեան անգիր էջերուն ու այդ քիչերն արդէն դժբախտաբար այսօր չկան:

Ընկեր Արա Տէմիրճեանի Դաշնակցութեան շարքեր մուտքի թուականը մօտաւորապէս կը համընկնի Հ.Յ.Դ. Քսաներորդ Ընդհանուր Ժողովին, ուր կը շեշտուէր շարքերու գաղափարական դաստիարակութեան, երիտասարդութեան քաղաքականացման ու յեղափոխականացման հրամայականը եւ հիմը կը դրուէր Երիտասարդական այն շարժումին, որ պիտի առաջնորդէր Հայ Դատի քարոզչական ու ցուցական պայքարը:

aradtaghum3Էութեամբ ու նկարագրով Դաշնակցական, ընկեր Արան հազիւ շարքերը անցած արդէն կը ստանձնէր պատասխանատու դերակատարութիւն Երիտասարդական շարժումի կազմաւորման մէջ: Գաղափարական ենթահողի վրայ, մեր յեղափոխական աւանդներու փոխանցման ծանր պարտականութիւնը ունէր ան, բան մը, որ իր գործակից ընկերներու՝ Գէւորք Առաքէլեանի ու Սերժ Թովմասեանի հետ լաւապէս կազմակերպեց: Ան բեմի մարդ չէր ու դաստիարակչական իր մեթոտը կը տարբերէր այլոց որդեգրած դասախօսական շարքերէն: Լուսարձակներէ հեռու ու գրեթէ անխօս, գլխագիր Գործի հանդէպ իր ցուցաբերած խստապահանջութիւնը, խորհրդապահութիւնը, կարգապահութիւնը, վարակիչ դարձուցած էր: Չէր հանդուրժեր մակերեսայինը, ցուցադրականը, երեւութականը ու մանաւանդ հանգամանքներու օգտագործումը:

Նորահաս սերունդին փոխանցեց կուսակցական մեծ թէ փոքր Գործի հանդէպ համոզումն ու հրապոյրը. առանձնաշնորհեալ էր ան որ կը կանչուէր ընկեր Արայի կողմէ ու յատուկ գործ կը ստանձնէր, կարծես Կարսէն Դէպի Երկիր գործուղուած ըլլար: Ու այսպէս, լուռ ու հետեւողական իրերայաջորդ բազմաթիւ սերունդներու ներշնչեց գաղափարական մարտիկի տիպարը: Աւելի ուշ այդ սերունդներն էին, որոնք ստանձնեցին Հայ Դատի ցուցական պայքարի պատասխանատւութիւնն ու Լիբանանի հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան գործը:

Իր անշեղ խորհրդապահութիւնն ու անխախտ հաւատքը կուսակցական մարմիններու ու ժողովներու որոշումներուն հանդէպ նկատուած էր արդէն ու կուսակցական շարքերէն ներս հազիւ քանի մը տարիներ բոլորած, կը հրաւիրուէր ստանձնելու կուսակցութեան Գերագոյն մարմնի՝ ՀՅԴ Բիւրոյի գործավարութեան պատասխանատու պաշտօնը, զոր հմտութեամբ վարեց 11 իրերայաջորդ Բիւրոներու օրով: Վերջին 50 տարիներու ընթացքին մասնակցեցաւ Դաշնակցութեան բոլոր Ընդհանուր Ժողովներուն, Բիւրոյի լիագումարներուն, Շրջանային ժողովներու թէ տարբեր նիւթերով կազմակերպուած Խորհրդաժողովներուն, մանրակրկիտ ու ճշգրիտ կերպով արձանգրութիւն պահեց ու տեղեկագրեց: Կազմակերպուած ու դիւրամատչելի ձեւով դասաւորեց ու կոկեց արխիւները, հետեւեցաւ մարմիններու գործունէութեան ու թղթակցութեան: Բծախնդրօրէն ու հարազատ կերպով փոխանցեց որոշումներն ու շրջաբերականները մարմիններուն թէ՛ ընկերներուն:

Գործավար էր բառին ամբողջական իմաստով, Դաշնակցութեան վերջին յիսնամեակի դէմքերու, դէպքերու, որոշումներու, մէկ խօսքով անգիր թէ գրաւոր պատմութեան համայնագիտարանն էր: Ծանօթ էր շրջաններու միջեւ առկայ մտայնութիւններու ու սովորութիւններու բնական տարբերութիւններուն ու իրեն յատուկ ճկունութեամբ, ըստ այնմ կը վարուէր իւրաքանչիւրին հետ:
Մարմնի մնայուն անդամն էր ու յաճախ, օգտուելով իր փորձառութիւնէն ու անաչառ դատողութիւնէն, մարմնի ընկերներ իր խորհրդատւութեան կարիքը զգալով կը դիմէին իրեն, իսկ ժողովներու ընթացքին, հազուադէպ պարագաներու իր արտայայտած տեսակէտը, անպայմանօրէն նկատի կ՚առնուէր:

Լաւապէս ըմբռնած էր կազմակերպութեան մէջ իր դերն ու պատասխանատւութիւնը ու հակառակ այդ հանգամանքին, երբեք չկորսնցուց իր համեստութիւնը, մնաց նոյն ընկեր Արան: Անշուշտ ունէր իր անձնական նախասիրութիւններն ու տեսակէտները, սակայն, ո՛չ մէկ պարագայի չհակադրեց զանոնք ընտրուած մարմիններուն ու ընդունուած որոշումներուն դէմ: Ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ կուսակցական կեանքին ու յաճախակի բացակայութիւններէն ու տեղափոխութիւններէն բնականաբար տուժեց ընտանեկան կեանքը:

Խոժոր դիմագծի տակ թաքնուած առաքինի ընկերը, մարտիկի մը յանդգնութեամբ դիմագրաւեց զինք հարուածած հիւանդութեան տառապանքը ու ամենածանր վայրկեաններուն անգամ չկորսնցուց իր արժանապատւութիւնը: Ափսոս որ կանուխ բաժնուեցաւ մեզմէ հետը տանելով վերջին յիսնամեակի մեր անգիր պատմութեան արժէքաւոր վկայութիւններ ու գնաց միանալու նուիրեալ ընկերներու այն փաղանքին որոնք իրենց անառարկելի դրոշմը ձգեցին հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն էջերուն մէջ:

Սիրելի ընկեր Արա, ապրեցար մեր ժողովուրդի յաղթանակներով, տագնապեցար անոր դժուարութիւններով, վստահ եղիր որ պատրաստած սերունդներդ, նոյն հաւատքով ու վճռականութեամբ կը շարունակեն պայքարը:

Տպել Տպել