Դաշնակցական Ուսանողներ Եւ Երիտասարդներ Կը Մասնակցին Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Զօրակցութեան Նուիրուած Ցոյցին

apo_112016Երէկ` կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ին, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն եւ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն խումբ մը մասնակցեցաւ Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան զօրակցութեան ցոյցի մը:

Ցոյցը կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ գործող քրտական «Նեւրուզ» ընկերային-մշակութային կազմակերպութեան կողմէ:

Ցոյցին մասնակցեցան քրտական տարբեր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններ: Էրտողանի բռնատիրական վարչակարգին դէմ կազմակերպուած ցոյցը սկիզբ առաւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պշարա Խուրի հրապարակէն: Ապա քայլարշաւով մը ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Պէյրութի ՄԱԿ-ի կեդրոն:

ՄԱԿ-ի կեդրոնին դիմաց ցոյցին կազմակերպիչները խօսք առնելով պահանջեցին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անարդարօրէն ձերբակալուած երեսփոխաններու ազատ արձակումը, Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու վերահաստատումը:

Նշենք, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կուսակցութեան երեսփոխաններէն է նաեւ հայ ազգի զաւակ Կարօ Փայլան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել