Մասնակցութիւն Քրտամէտ Կուսակցութեան Ի Նպաստ Ցոյցին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ երիտասարդներ եւ ուսանողներ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18ին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին, որ կազմակերպուած էր շրջանի շարք մը քրտական կազմակերպութիւններու կողմէ, դատապարտելու համար Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահները՝ Սալահետտին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եուքսեքտաղը, ինչպէս նաեւ՝ կուսակցութեան 10 այլ երեսփոխաններու եւ տեղական մարմիններու տասնեակներով պաշտօնատարներու ձերբակալութիւնները։fotorcreated

Բողոքի ցոյցը համահովանաւորողներուն շարքին կային Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութիւնը եւ Հայ ուսանողական համահայկական միութիւնը։

Նշենք նաեւ, որ նշեալ երեք կազմակերպութիւնները, համագործակցելով շրջանի քրտական, եզիտի եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութեան հետ՝ Թուրքիոյ մէջ բռնատիրական քայլերու սաստկացումին դէմ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած են եւ այդ նպատակով ստորագրահաւաքի մը սկսած, իսկ Նոյեմբեր 13ին, ՀԵԴի ներկայացուցիչները մասնակցեցան ձայնասփիւռի թիւ 90.7 կայանէն Միջին Արեւելքին նուիրուած յայտագիրի մը, ուր քննարկուեցաւ Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլութեան մտահոգիչ աճը։

asbarez.com

Տպել Տպել