«Ազդակ»-ի Առաջին Կուսակցական Խմբագիրը Իր Մնայուն Տեղը Ունեցաւ Խմբագրատան Մէջ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Նախ կ՛ուզեմ ողջունել բոլորիդ ներկայութիւնը այստեղ եւ յատկապէս յիշել իրաքահայութեան առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը, Իրաքահայութեան Ազգային վարչութեան

փոխատենապետ Սարգիս Չոլաքեանը, եւ վարչութեան անդամներ Կարապետ Գալուստեանը եւ Սարգիս Գոթունեանը, ինչպէս նաեւ Աւագ սրբազանին օգնականը Վահէ Աւետիսեան, որոնք յատկապէս այստեղ են ներկայ գտնուելու «Ազդակ»-ի առաջին կուսակցական խմբագիր Լեւոն Գարմէնի անունով խմբագրասենեակի բացման թէեւ անպաշտօն, բայց մտերիմ այս հանդիպումին: Խմբագրասենեակին անուանակոչումը կը զուգադիպի իրաքահայ մտաւորականին մահուան յիսնամեակին եւ ծննդեան հարիւրամեակին:

Այս մտածումը իբրեւ նախնական խօսակցութիւն մենք ունեցանք Երեւանի մէջ, իրաքահայ համայնքի պատասխանատուներէն Պարոյր Յակոբեանի եւ հետագային Մելքոն Մելքոնեանի հետ:

Մտածումը այն էր, որ Լեւոն Գարմէն, որ նաեւ մեզմէ շատ շատերու համար անծանօթ անուն էր, պէտք է ծանօթացուէր «Ազդակ»-ի ճամբով ընթերցողներուն, հանրութեան: Այս առիթով մեր խմբագրութիւնը «Ազդակ»-ի արխիւներէն հանեց Լեւոն Գարմէնի պաշտօնավարութեան կարճ ժամանակամիջոցին գրուած յօդուածները, խմբագրականները, թիւով ութ հատ, ուր անդրադարձանք քաղաքական մտածողութեան, լուրջ վերլուծական մտքի եւ գաղափարախօսական ամուր հենքի վրայ կառուցուած մտածումներու հրապարակագրութեան հետաքրքրական ոճին: Փաստօրէն, ան յաջողած է համատեղել թէ՛ բանաստեղծը եւ թէ քաղաքական հրապարակախօսը: Անկէ ետք անոր մահուան լուրը, բազմաթիւ գրութիւնները, իր մասին դամբանականներն ու վկայութիւնները կարդալով անդրադարձանք, որ մեծ կորուստ եղած է իր մահը մամուլին, սփիւռքահայ կեանքին եւ կուսակցութեան համար:

Եւ որովհետեւ Լեւոն Գարմէն նաեւ շատ աշխուժ կերպով մասնակցած է իրաքահայութեան մամուլին, «Գոյամարտ» շաբաթաթերթին, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի խմբագրապետութեան օրերուն, թերթը դադրած է 1954-ին քաղաքական պատճառներով եւ վերահրատարակուած 1958-ին՝ արտօնատէր Նիկողոս Ալեքսանդրեան, մեր խորհրդակցութիւնները իրաքահայ մեր ընկերներուն հետ յանգեցան «Գոյամարտ»-ի հաւաքածոն թուայնացնելու անհրաժեշտութեան: Որոշ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք Պաղտատի մեր ազգայիննները յաջողեցան 8 նոյեմբեր 1948-էն ի վեր լոյս տեսած «Գոյամարտ»-ի ամբողջական հաւաքածոն բնագրային վիճակով հասցնել «Ազդակ»: Այսօր ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, որ «Գոյամարտ»-ի հաւաքածոյի թուայնացման աշխատանքը աւարտած կարելի է համարել. «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ կեդրոն»-ին մէջ այսօր կը թուայնացուին ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի այլ նաեւ հայ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու հաւաքածոներ: Շուտով «Գոյամարտ»-ի ելեկտրոնային հաւաքածոն կ՛ուղարկուի Հայաստանի Հանրապետութեան թէ սփիւռքի կարեւորագոյն գրադարաններ եւ ուսումնասիրողը կարելիութիւն կ՛ունենայ իրաքահայութեան կարեւոր ժամանակահատուածի պատմութիւնը ուսումնասիրելու:

«Ազդակ»-ն ու իրաքահայութեան պատասխանատու մարմիններ այս համագործակցութեամբ երկու կարեւոր գործառոյթ իրականացուցած կ՛ըլլան: Նախ` «Ազդակ»-ի առաջին կուսակցական խմբագիրը կը ծանօթացուի եւ իր մնայուն տեղը կ՛ունենայ «Ազդակ»-ի յարկին տակ. երկրորդ` իրաքահայ մամուլի կարեւոր ներկայացուցիչը ` «Գոյամարտ»-ը կը փրկուի փճացումէ եւ հասանելի կը դառնայ ուսումնասիրողներուն համար:

Մեր համագործակցութիւնը այստեղ չ՛աւարտիր: Մենք համաձայնած ենք արդէն, որ իրաքահայութեան գործունէութեան լուրերը հերթական կանոնաւորութեամբ իբրեւ թղթակցութիւն պիտի ուղարկուին «Ազդակ»-ին եւ «Ազդակ»-ի ճամբով նաեւ հասնին հազարաւոր ընթերցողներու:

Շնորհակալութիւն սրբազան հայր, շնորհակալութիւն Իրաքի հայոց թեմի ժողովականներ եւ բոլորիդ, որոնք ներկայ եղաք եւ քաջալերեցիք մեզ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Անցեալի Տխուր Պատմութիւն Մը` Լեւոն Գարմէնի. Ծննդեան 100-Ամեակին Եւ Մահուան 50-Ամեակին Առիթով

1966-ը եղաւ տխուր ու ցաւալի զուգադիպութիւններու տարի մը, թէեւ տարին սկսած էր ուրախ տրամադրութիւններով լի, նոր յոյսերու ու ծրագիրներու իրականացման խանդավառութեամբ մը:

Հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն, սքանչելի գիւղագիր, Համաստեղի ծննդեան 70 եւ գրական գործունէութեան 50-ամեակն էր 1966-ը: Տարին հռչակուած է յոբելենական տարի: Յոբելենական հանդիսութիւնները պատշաճ ձեւով կազմակերպելու համար կազմուեցան մասնաւոր յանձնախումբեր ի սփիւռս աշխարհի բոլոր կեդրոններուն մէջ: Բոլորին շարքին Պաղտատի մէջ ալ նման յանձնախումբ մը կազմուեցաւ Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան կողմէ, ղեկավարութեամբ Լեւոն Գարմէնի: Օրուան առիթով բանախօսներ նշանակուեցան Լեւոն Գարմէն եւ յայտնի գրագէտ, բանաստեղծ Եդուարդ Պոյաճեան, որ Պէյրութէն հրաւիրուեցաւ հանդիսութեան աւելի հեղինակութիւն տալու նպատակով:

ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 27 մարտ 1966-ին «Երիտասարդաց»-ի սրահին մէջ, մեծ յաջողութիւն արձանագրելով: Պաղտատը եղաւ առաջինը յոբելենական տօնակատարութիւն կազմակերպողը ի սփիւռս աշխարհի:

Պատմական այս տեղեկութիւնները կը տրուին պարզապէս յիշելու շատ տխուր ճակատագրական անցուդարձեր, որոնք տեղի ունեցան նոյն 1966 թուականին, եւ որոնք ձեւով մը առնչութիւն ունին յոբելեանին հետ:

Ինչպէս ըսինք, Պաղտատի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 27 մարտ, 1966-ին: Ճիշդ նոյն ամիսը Համաստեղի կողակիցը` Սրբուհի Համաստեղ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան հոգին կ՛աւանդէ 11 մարտ 1966-ին` Պաղտատի հանդիսութենէն երկու շաբաթ առաջ:

Հանդիսութենէն քանի մը ամիս ետք Լեւոն Գարմէն կը հրաւիրուի Լիբանան` ստանձնելու «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը: Հազիւ ամիս մը գործի սկսելէն 25 օգոստոս, 1966-ին մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին յանկարծամահ կ՛ըլլայ` ապշեցնելով շուրջինները:

Հանդիսութեան երկրորդ բանախօսը` Եդուարդ Պոյաճեան, նոր վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած էր երբ Պաղտատ եկաւ: Տաղանդաւոր բանաստեղծը իր մահկանացուն կը կնքէ Պէյրութի մէջ, 17 հոկտեմբեր 1966-ին:

Իսկ մեր յոբելեարը` Համաստեղ, որը Լոս Անճելըսի յոբելենական հանդիսութեան հրաւիրուած էր, հանդիսասրահին բեմին վրայ կաթուածահար կ՛իյնայ 26 նոյեմբեր 1966-ին:

1966-ը Համաստեղի գրական գործունէութեան 50-ամեակն էր, նոյնպէս Լեւոն Գարմէնի եւ Եդուարդ Պոյաճեանի ծննդեան 50-ամեակը, սակայն բոլորը այդ տարին իրենց մահկանացուները կնքեցին:

Մէկ տարուան մէջ սփիւռքահայ գրականութիւնը կը կորսնցնէ իր տաղանդաւոր երեք մեծերը:

Յարգանք անոնց յիշատակին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել