Գրքունակ Լուծումներ Փնտռելու Վտանգը

fotorcreated
Երկու դրուագ: Առաջին. համալսարանի առաջին տարիս էր, երբ օր մը քաղաքական գիտութիւններու դասախօս դոկտ. Շաւարշ Թորիկեան դասարանին մէջ, սապէս տողատակի ու իրեն յատուկ սրամտութեամբ մեզի դիտել տուաւ, թէ ինչ որ կը սորվինք հոս, դասագիրքերէն, պարզապէս սկզբունքներ են: Ան միաժամանակ աւելցուց, որ քաղաքականութեան բո՛ւն դպրոցներէն մէկը Լիբանանն է՝ իր ներքին քաղաքական դրուածքով ու կեանքով: Ուսանողներս քիչ մը շուարած իրարու երես նայեցանք, աչքերու՝ «հապա ժամավաճա՞ռ կ՛ըլլանք այս դասարանին մէջ» արտայայտութեամբ: Կարճ ատեն մը ետք, երբ երկրի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ, հո՛ն անդրադարձանք մեր դասախօսին իրաւացիութեան:

Երկրորդ. Լիբանանի նախկին վարչապետներէն Ռաֆիք Հարիրի օր մը ըսած է. «Եթէ մէկը ձեզի ըսէ, թէ ինք Լիբանանի խնդիրները լաւ հասկցած է, կը նշանակէ, որ իրեն լաւ չեն բացատրած…»։

Հիմա ցատկենք Նոյեմբեր 2016. Fast forward կարգով, դէպի ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններ: Բազմաթիւ հարցախոյզներ ցոյց կու տային Հ. Քլինթընի առաւելութիւնը: Բայց ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ յաղթեց… առաւելութիւն չունեցողը: Շատեր ասիկա բացատրեցին ամերիկեան նախագահական ընտրակարգի բարդութեամբ (ընտրողական կաճառ, Electoral College): Սակայն բուն հարցը այս չէր: Բուն հարցը այն էր, որ գրեթէ ամբողջ մամուլը (տպագիր, սփռուող եւ ելեկտրոնիք) ամիսներէ ի վեր տիկ. Հիլըրիին քարոզչութեան լծուած էր. եւ այս քարոզչութեան մաս կը կազմէին նաեւ նոյն այս լրատու միջոցներո՛ւն կողմէ պատրաստուած, կազմակերպուած եւ հրապարակուած հարցախոյզները: Այսինքն, անդադար կրկնելով, որ տիկ. Հիլըրի այսքան կէտով «առաւելութիւն ունի», իրականութեան մէջ ըրածնին քարոզչութիւն էր՝ միւս կողմինները հոգեբանօրէն ընկճելու նպատակով: Բայց չէ՞ որ մեր քաղաքական գիտութեանց դասախօսը մեզի սորվեցուցած էր հարցախոյզներու կարեւորութիւնը՝ եթէ ուզէինք քաղաքական իրավիճակներ աւելի լաւ հասկնալ. հիմա ի՞նչ պատահեցաւ: Ինք ճիշդ էր անշուշտ. բայց այս պարագային… հարցախոյզներն էին, որոնք կեղծուած էին:

Մարդ կեղծուած թուղթերով սեղան կը նստի՞ պլոթ (կամ… փոքեր) խաղալու: Միջին քաղաքացի մը, աշխարհի ո՛ր անկիւնը որ ըլլայ, ո՛ր երկրին հպատակը ըլլայ, կը տարուի մտածելու, թէ «կ՛ըլլա՞յ մը, Ամերիկայի մէ՞ջ ալ»: Կարծէք ամերիկեան մամուլը անաչառութեան, պարկեշտութեան ու արդարամտութեան դպրոց ու հնոց է…

Վաչէ Բրուտեան

Վաչէ Բրուտեան

Հիմա, ենթադրաբար դասերնիս «լաւ սորված», կը նայինք հայաստանեան իրականութեան: Վարչապետը անդադար կը կրկնէ մենաշնորհներու դէմ պայքարելու իր մտադրութիւնը, միաժամանակ աւելցնելով, որ ով ուզէ եւ որքան, կրնայ ներածել: Վերջերս ալ պետական եկամուտներու կոմիտէի ղեկավար Վարդան Յարութիւնեան յայտարարեց, թէ 1-2 մեքենայ վառելանիւթ եւ պանան ներածողներ եղած են (առանց խնդիր ունենալու): Շատ բարի: Բայց իրականութիւնը այն է, որ 25 տարիէ ի վեր մենաշնորհներու «բարիքները» վայելած մէկը, որ հիմա այլեւս տէր է հսկայական միջոցներու, իր ձեռքը ունի հսկայական զէնք մը, որ կը կոչուի Գնողական ուժ: Այսինքն, ինք կրնայ տուեալ ապրանքէ մը 50 թոն ներածել, թոնը 100 տոլարի (ըսենք). բայց սովորական գործարար մը ի վիճակի չէ այդ քանակութեամբ ներածելու, կրնայ միայն 15 թոն բերել այդ նոյն ապրանքէն: Բայց այս պարագային իր ներածածին մէկ թոնը բնականաբար 100 տոլար չէ, այլ՝ շատ աւելին: Է, ի՞նչ հասկցանք վարչապետին յայտարարած հակամենաշնորհային վարքագիծէն, եթէ իրական կեանքին մէջ կարելի պիտի չըլլայ զայն գործադրել:

Անպայման կոյր քննադատութիւն պէտք չէ փնտռել մեր ըսածին մէջ, այլ այն, որ իրավիճակը բարդ է, եւ դասագրքային մօտեցումները կրնան անպայման լուծումի չյանգիլ: Տնտեսագիտութիւնը ամէն բանէ առաջ թիւ եւ հաշիւ է, առարկայական ու չոր հաշուարկ է: Բայց նաեւ կը պարունակէ ենթակայական տարրեր, ինչպէս՝ հոգեբանական իրավիճակ, վստահութեան ու վստահելիութեան հարց եւ այլն: Նոյնիսկ տնտեսագիտութեան դասականներէն Փօլ Սամուելսըն տեղ մը կ՛ըսէ, թէ «երբեմն ալ բախտ պէտք է ունենալ…»: Այնպէս որ, քննարկումի կարկինը ըստ այնմ պէտք է բանալ:

Գիտենք, որ վերջին տարիներուն, Հայաստանի ենթակառոյցին մէջ կարեւոր բարելաւում մը սկսած է արձանագրուելու. այդ ալ հարաւէն հիւսիս, իրանեանէն մինչեւ վրացական սահման երկարող նոր մայրուղիի կառուցումն է: Անվիճելի է այս ծրագիրին կարեւորութիւնը մեր երկրին համար: Սփիւռքաբնակ ընթերցողը երբ այցելէ Հայաստան, աչքէն պիտի չվրիպի այս շինարարական ծրագիրը, մանաւանդ երբ զբօսաշրջային այցով ուզէ Արարատեան դաշտավայրէն անցնիլ:

Հիմա, տնտեսագէտ Վիլեն Խաչատրեան «Թերթ» կայքին իր տուած հարցազրոյցին մէջ կը խօսի այդ ճամբու կարգ մը հատուածները վճարովի դարձնելու մասին (յատկապէս կամուրջներ, փապուղիներ եւ այլն), այն պարագային, երբ սեփական մարզի դրամագլուխ դրուի տուեալ հատուածին համար: Ան կ՛աւելցնէ, թէ այս մասնայատուկ հարցը կը գտնուի քննարկման փուլի մէջ:

Յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, վճարովի մայրուղիներու (Արեւելեան Ամերիկայի նահանգներ), կամուրջներու («Ճորճ Ուաշինկթըն» կամուրջը, Նիւ Եորք), փապուղիներու («Սամնըր» եւ «Քալահան»ը, Պոսթըն) երեւոյթը շատ ընդհանրացած է: Շահու մնայուն աղբիւր է զանոնք կառուցած կողմին համար, պետութիւն կամ սեփական ընկերութիւն: Մանաւանդ վայրագ դրամատիրութեան յաղթարշաւի այս օրերուն, ամբողջ աշխարհի մէջ սկսած է լայնօրէն տարածում գտնելու պետապատկան սեփականութիւնը վաճառելու երեւոյթը: Ամերիկայի մէջ հանրային դպրոցներուն դէմ վերջին տասնամեակին շղթայազերծուած արշաւը կը միտի սեփականաշնորհել դպրոցները (ու զանոնք շահի աղբիւրի վերածել. թէեւ այդ մասին չի խօսուիր…): Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, Ռամլէթ Պայտա կոչուած հանրային գեղատեսիլ ծովափը սեփականաշնորհելու բացայայտ ծրագիր կայ (ի դէպ՝ մանկութեանս ու պատանեկութեանս օրերուն որքա՜ն վայելած եմ Միջերկրականի այդ աւազուտ ծովափը…): Ամէն տեղ հանրայինը սեփականաշնորհելով քանի մը հոգիի համար շահու աղբիւրի վերածելու ընթացք մը կայ: Ամերիկացի տնտեսագէտներ Ռիչըրտ Ուոլֆ եւ Մայքըլ Հատսըն այս երեւոյթներուն մասին ընդարձակ կերպով խօսած են ու կը խօսին ալ՝ շատ արդարացի դիտարկումներով, ի շահ հանրայինին ու աշխատաւորութեան:

Հետեւաբար, Վիլեն Խաչատրեանի ըսածը ի՞նչ ծիրի մէջ պէտք է տեսնել, յաւելեալ շահի գաղափարախօսութեա՞ն, թէ գործնականութեան: Քննելի հարց է: Ո՛չ զուտ գրքունակ ձեւը պատասխան ունի, ո՛չ ալ իշխանամէտ-ընդդիմադիր հարթութենէ մեկնած մեթոտաբանութիւնը:

Թէ՛ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յայտարարած վարքագիծը եւ թէ (օրինակի համար) Վիլեն Խաչատրեանի միտքերը պէտք է քննել ամէնէն առարկայական մօտեցումներով: Այս քննարկումները կատարողները մեծապէս օգտակար կրնան ըլլալ հարցերու լուծումին, եթէ մէկդի դնեն իշխանութեան նկատմամբ իրենց համակրանքները կամ հակակրանքները:

Եկէք մէկ բանի շուրջ համաձայնինք. Հայաստան լուծումներու կարիքը ունեցող երկիր է եւ ոչ թէ գրքային կամ զգացական փորձարկումներու դաշտ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել